Այս շաբաթավերջին Եւրոպայի 5 լաւագոյն լիկաներուն մէջ մեծ թիւով հետաքրքրական մրցումներ կան:
Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան 9-րդ հանգրուանի մրցումները: Առաջին մրցումը ժամը 14:30-ին (այսօր) է, այս մրցումի ընթացքին Չելսի պիտի հիւրընկալէ «Փրեմիեր լիկ»-ի պատմական խումբերէն Մանչեսթըր Եունայթըտը, որ կը բոլորէ իր պատմութեան ամէնէն ձախող տարեշրջանը:
Չելսի բաւական փոփոխութիւն կրած խումբ է Չապի Ալոնսոյի հետ նոր ձեւի ֆութպոլ կը ցուցաբերէ, մինչ Եունայթըտ 16-րդ դիրքը կը գրաւէ միայն 2 կէտի առաւելութիւն ունենալով վերջին դիրքը գրաւող Սանտըրլենտի վրայ (5 կէտ):
Այսօր Ա. դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի պիտի հիւրընկալէ 3-րդ դիրքը գրաւող Պրայթընը: Սիթի անցեալ շաբաթավերջին կրած էր տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը Ասթոն Վիլայէն եւ այսօր անպայման պիտի փորձէ ինքզինք վերագտնել: Երկու խումբերը իրար դէմ մրցեցան Լիկայի բաժակի գծով երեք օր առաջ, երբ Սիթի փենալթիներով կրցած էր յաղթել Պրայթընին` մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով:
Վաղը, Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը: Արդիւնքներուն համեմատ, Լիվըրփուլ այժմ շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, քան Արսենալ, եւ իր վերջին 11 մրցումներէն 9-ին յաղթած է: Արսենալ անակնկալ -ձեւով դուրս մնացած էր 4-րդ դասակարգի Ֆլիթուուտ ակումբէն` Լիկայի բաժակին: 6 կէտեր կը բաժնեն երկու խումբերը իրարմէ, եւ Լիվըրփուլի համար յաղթանակը շատ կարեւոր է` մօտենալու յառաջատար խումբերուն:
Լիվըրփուլ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Արսենալ` 2-րդ, միայն կոլերու տարբերութեամբ ետ մնալով Սիթիէն:
Գերմանիոյ մէջ, «Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ հանգրուանին գծով այսօր ժամը 19:30-ին տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ «Տեր Քլասիքեր»-ը, Միւնիխի «Ալիանց Արենա»-ին մէջ:
Երկու խումբերն ալ 17-ական կէտեր ունին, Պայերն պիտի փորձէ իր «Պալոն տ՛օր»-ի տիտղոսակիր Հերի Քէյնի հետ առաւելութիւն ունենալով պարտութեան մատնել Տորթմունտը: Երկու խումբերն ալ «Պունտեսլիկա»-ի միակ անյաղթ խումբերն են:
Տորթմունտ միայն 4 կոլ ստացած է, լաւագոյն պաշտպանողական գիծը ունի, եւ պիտի փորձէ անակնկալի բերել Պայերնը, որ քանի մը օր առաջ Գերմանիոյ բաժակին գծով 6-1 արդիւնքով յաղթած էր Բ. դասակարգի 5-րդ դիրքը գրաւող Մակտեպուրկին: Տորթմունտ իր կարգին 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Վերտեր Պրեմընին:
Պայերն Միւնիխ վերջին անգամ 2024-ին պարտուած էր Տորթմունտէն «Ալիանց Արենա»-ի մէջ (0-2):
Պայերն Միւնիխէն պիտի բացակայի Լուիս Տիաս, մինչ Ժամալ Մուսխալայի եւ Մանուէլ Նոյըրի մասնակցութիւնները կասկածելի են: Տորթմունտէն պիտի բացակային Էմրէ Ճան, յոյն Ճիանիս Քոնսթանթելիաս եւ Խուսթին Լերմա:
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Միլանոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Տերպի Տելլա Մատոննինա»-ն, Ա. Սէ. Միլանի եւ Ինթեր Միլանի միջեւ, այսօր ժամը 21:45-ին:
Ա. Սէ. Միլան երկու օր առաջ անակնկալ պարտութիւն կրած էր Պոլոնիայի դէմ, 2-1 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, բայց Ինթեր Միլանի դէմ պիտի փորձէ մոռնալ (2-4 արդիւնքով պարտութիւնը) այդ մրցումը, մանաւանդ որ վերջին 8 ճակատումներուն Ինթեր չէ կրցած յաղթել: Վերջին անգամ Ինթեր Միլան 2023-2024 տարեշրջանին (2 անգամ) կրցած է յաղթել Ա. Սէ. Միլանին: Ինթերէն պիտի բացակային խմբապետ եւ կոլ-սքորըր Լաութարօ Մարթինես, Պեժամէն Փաւար Քըրթիս Ճոնզ եւ Լուիս Հենրիքէ, իսկ Ա. Սէ. Միլանէն պիտի բացակային Ալեքսիս Սալըմէյքըրս, Ռուպեն Լոֆթուս Չիք, Մարէօ Կապիա եւ Սամուէլ Չուքվուզէ, մինչ Թոմորի եւ Ռապիօ շատ հաւանաբար վերադառնան: Անգլիացի Ճոն Սթոնզ իր կարգին կրնայ վերադառնալ Ինթերի հետ 8 մրցումներէ բացակայելէ ետք:
Ինթեր 25 կէտերով առաջին դիրքը կը գրաւէ (Լացիօ Ռոմայի նման), մինչ Ա. Սէ. Միլան 5-րդ դիրքը կը գրաւէ 18 կէտերով:
Վաղը գիշեր Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Նափոլին: Երկու խումբերուն վիճակն ալ նախանձելի չէ, ուր Եուվէ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, իսկ Նափոլի` 7-րդ:


