Վերջերս համաշխարհային քուէարկութիւն մը տեղի ունեցաւ` ընտրելու «Պալոն տ՛օր» շահած պատմութեան լաւագոյն մարզիկը:
2008-ի տիտղոսակիր Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ընտրուեցաւ լաւագոյն տարեշրջան ունեցած մարզիկը:
Վերջնական արդիւնքներով 2008-ին Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկ Ռոնալտոն առաջին դիրքը գրաւած է, իսկ Բ. դիրքը գրաւած է 2012-ի տարեշրջանի Լիոնել Մեսսին:
2008-ին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ բոլորած էր իր ամէնէն փայլուն տարեշրջաններէն մէկը: Ան 42 կոլ նշանակած էր` մեծապէս նպաստելով անգլիական խումբին «Փրեմիեր լիկ»-ի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսները ձեռք ձգելուն: Այդ փայլուն մրցումներուն արդիւնքներուն հիմամբ Ռոնալտօ նուաճած էր Եւրոպայի Ոսկիէ կօշիկը եւ առաջին անգամ ըլլալով Ոսկիէ գնդակը («Պալոն տ՛օր»), վերջնականապէս իր անունը արձանագրելով համաշխարհային ֆութպոլի գագաթին վրայ 23 տարեկանին:
Քուէարկութեան ընթացքին Ռոնալտոյի գլխաւոր մրցակիցը Լիոնել Մեսսին էր իր 2012 անմոռանալի ցուցանիշերով: Արժանթինցի յառաջապահը ամբողջ 12 ամիսներուն ընթացքին 91 կոլ նշանակած էր` սահմանելով համաշխարհային մրցանիշ:
Սակայն հակառակ այդ բացառիկ արդիւնքին, համակիրները նախապատուութիւն տուին 2008-ին «Պալոն տ՛օր»-ին տիրացած Ռոնալտոյին:
Ոսկիէ գնդակներու լաւագոյն մարզիկի ընտրութիւնը հանրային քուէարկութեան նախաձեռնութիւն է եւ չի հանդիսանար պաշտօնական մրցանակ:


