Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երեքշաբթի կէսօրին կատարեց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը, որուն հիման վրայ 24 խումբերը բաժնուեցան 3 խմբակներու:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մաս կազմեց Բ. խմբակին` իրեն հետ ունենալով Թրիփոլիի Իժթիմահին, Հարաքեթ Շապապը, Հորր Ամելին, Թաուֆիրը, Ահլի Սայտան, Ղատ Աֆտալը եւ Ժալիլ Քանան (Ռիաալա Թաուրա):
Ա. խմբակին մէջ պիտի ըլլան Անսար Հաուարա, Նահտա Այն Պաալ, Լիբանանեան բանակ, Աթլեթիքօ, Օլիմփիք Տմիթ, Շապապ Թրիփոլի Սալամ Սուր եւ Նահտա Պար Էլիաս:
Գ. խմբակին մաս պիտի կազմեն ՀՄՄ Մաուատա Թրիփոլի, Լիուաա Սայտա, Շապապ Մաժտել Այնճար, Հիլալ Հարեթ Նաամէ, Անսար Մաուատա, Շապապ Հումին Թահրա եւ Ուահտէ Սաատնայէլ:
Ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 12 դեկտեմբերին: Տակաւին յայտագիրը թուականներով եւ դաշտերով հրապարակուած չէ, բայց ՀՄԸՄ-ի առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Թաուֆիր, ապա Իժթիմահի, Ժալիլ Քանա, Հարաքեթ Շապապ, Ղատ Աֆտալ, Ահլի Սայտա եւ Հոր Ամելին:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան երթուդարձի դրութեամբ:


