Ալպանիոյ Տուրրես քաղաքին մէջ վերջ գտաւ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի 2025-ի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը:
Վերջին օրուան մրցումներուն, Հայաստանի 23 տարեկանէն վար տղոց խումբէն Գարիկ Կարապետեան եւ Աշոտ Մովսիսեան ոսկի մետալներ շահեցան, իսկ Մնացական Աբրահամեան արծաթ մետալ նուաճեց:
Ութ օրուան պայքարէ ետք, Հայաստանի հաւաքականը ընդհանուր մետալներու հաշուով շահեցաւ 7 ոսկի, 3 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ` գրաւելով ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը, իր ետին ձգելով Թուրքիան, որ 5 ոսկի, 8 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ շահեցաւ:
110 քկ կշիռի մրցումներուն, Գարիկ Կարապետեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան` արաշէի մրցումներուն բարձրացնելով 182 քկ եւ շահելով նախ փոքր ոսկի մետալ, ապա էփոլէ ժըթէի մրցումներուն ան շահեցաւ փոքր արծաթ մետալ 215 քկ բարձրացնելով` ոսկի մետալը զիջելով Պետրոս Պետրոսեանի (221 քկ), որ սակայն արաշէի արդիւնք չունենալով երկամարտի ընդհանուր հաշիւ չունեցաւ:
Գերծանր կշիռի մրցումներուն (110 քիլոկրամէն աւելի), Աշոտ Մովսիսեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան` շահելով արաշէի (168 քկ) փոքր պրոնզ եւ էփոլէ-ժըթէի (216 քկ) փոքր ոսկի մետալ, ինչպէս նաեւ երկամարտի հաշուով մեծ ոսկի մետալ մը, 1 քկ առաւելութիւն ունենալով ուքրանացի Պոկտան Խոզայի վրայ, որ մեծ արծաթով բաւականացաւ:
94 քկ կշիռի մրցումներուն, Մնացական Աբրահամեան արծաթէ մեծ մետալ շահեցաւ երկամարտի 2 քկ կշիռքով ետ մնալով ուքրանացի Մաքսիմ Տոմպրովսքիէն, որ 363 քկ հաշուով մեծ ոսկի մետալ շահեցաւ:


