Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւններու Հարցին` Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը, Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ, Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»

November 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ Իսլամական ձայնասփիւռներու եւ պատկերասփիւռի կայաններու միութենէն պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին զարմանք յայտնեց «Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան նկատմամբ ոմանց դիրքորոշումին համար»` նշելով, որ անոնք նոյնիսկ «Դիմադրութիւն» բառին նշումը կը մերժեն:

«Երկրագունդին վրայ կա՞յ երկիր մը, որ իր պատմութենէն էջ մը ջնջած է», հարց տուաւ ան:

«Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս իր վերջին այցելութեան ընթացքին քննարկեց երկու հարցեր. առաջինը` Սուրիայէն զէնքի հոսքի շարունակման վերաբերեալ իսրայէլեան պնդումի հարցը, իսկ երկրորդը` բանակցութիւններու հարցը»:

«Այն, որ Սուրիայէն եկող զէնքին վերաբերեալ Իսրայէլ կը պնդէ, բացարձակ սուտ է: Ամերիկան, որ իր արբանեակներուն ճամբով երկնքին կը վերահսկէ, եւ ուրիշներ, ատիկա գիտեն», շեշտեց խորհրդարանի նախագահը:

«Գոյութիւն ունի «Մեքանիզմ» կոչուող գործիքակազմ մը, որ ժողով կը գումարէ եւ պէտք է կանոնաւոր կերպով ժողով գումարէ, եւ կարելի է քաղաքային կամ զինուորական մասնագէտներու դիմել, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, ինչպէս տեղի ունեցաւ Կապոյտ գիծի կամ ծովային սահմանի սահմանագծման ընթացքին», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` խորհրդարանի նախագահը յայտնեց. «Բոլորին փոխանցեցինք, որ եթէ լուծումի գաղափարներ կան, մենք եւս գաղափարներ ունինք, եւ պատրաստ ենք զանոնք քննարկելու: Սակայն հարցումը հետեւեալն է` անոնք լուծում կ՛ուզե՞ն»:

«Այս օրէնքը ուժի մէջ է, եւ ընտրական օրէնքները այդ հիմամբ եւ իրենց ժամկէտին կը գործադրուին, այլապէս քաղաքական ճակատամարտ տեղի պիտի ունենայ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցին` Պըրրի յայտարարեց. «Ես վստահ եմ, որ լիբանանցիները բնականոնացման «ոչ» կ՛ըսեն»` վերյիշեցնելով այն, ինչ որ մեծ իրաւագէտ Ապտալլա Լահուտը կ՛ըսէր. «Միակ համայնքը, որ Իսրայէլի հետ բնականոնացման եւ խաղաղութեան մէջ շահ չունի, մարոնի համայնքն է, ուր մնաց միւս համայնքներն ու Լիբանանը»:

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Երեսփոխան Մաթարը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Բանակցութեան Ընտրանքը, Որուն Կոչ Ուղղեցի, Լիբանանեան Միասնական Ընտրանք Է, Սակայն Իսրայէլ Տակաւին Իր Դիրքորոշումը Չճշդեց»

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.