Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Իհապ Մաթարը:
Մաթար ներկայացուց հիւսիսային Լիբանանի նահանգին մէջ, մասնաւորաբար Թրիփոլի քաղաքին մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ բարգաւաճումի վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները:
Երեսփոխանը նախարարին ներկայացուց Թրիփոլիի ողիմպիական մարզադաշտի իրավիճակը ու զայն վերականգնելու ու վերստին կեանքի կոչելու կարելիութիւնները:
Ան այս առնչութեամբ ներկայացուց առաջարկներ, որոնց համամիտ էր նախարարը, որ խոստացաւ մօտ օրէն այդ ուղղութեամբ քայլեր կատարել:
Պայրագտարեան Տեղեկատուական Եւ Արհեստական
Բանականութեան Ու Ճարտարագիտութեան
Ոլորտներու Համալսարանական Ուսանողներ Ընդունեց
Պայրագտարեան ընդունեց տեղեկատուութեան, արհեստական բանականութեան ու ճարտարագիտութեան ոլորտի համալսարանական ուսանողներու պատուիրակութիւն մը, որ ընդառաջած էր Լիբանանի բոլոր համալսարաններուն այս հանդիպումին համար իր յղած հրաւէրին:
Նախարարը ողջունեց երիտասարդները «իրենց նախարարութեան մէջ» եւ անոնց կոչ ուղղեց անոր աշխատանքին ու ձեռնարկներուն մասնակից դառնալու: Ան զանոնք դրաւ մթնոլորտին մէջ նախարարութեան ծրագիրներուն, մասնաւորաբար «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» փառատօնին, մարմնակրթութեան ազգային ռազմավարութեան մեկնարկին, երիտասարդութեան ազգային ռազմավարութեան եւ այլ ծրագիրներուն:
Պայրագտարեան ներկայացուց երիտասարդութեան յատուկ ելեկտրոնային հարթակի ծրագիրը, որ մշակեց «Այ.Տի.Էս.» ընկերութիւնը ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ֆինանսաւորումով եւ սարքաւորումով, եւ անոր մեկնարկէն առաջ անոնց տեսակէտը հարցուց` «նկատի ունենալով, որ ասիկա իրենց հարթակն է»:
Նախարարը լսեց երիտասարդներուն գաղափարներն ու նկատողութիւնները, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ առնչութեամբ անոնց բոլոր առաջարկները նկատի ունենալու:
Երիտասարդները այս հանդիպումին նկատմամբ իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին` նկատի ունենալով, որ առաջին անգամն է, որ նախարար մը իրենց կը դիմէ եւ զիրենք կ՛ընդունի, որպէսզի խօսին իրենց մտահոգութիւններուն եւ ձգտումներուն մասին:
Անոնցմէ շատեր փափաք յայտնեցին իրենց մասնագիտութեան ոլորտին մէջ նախարարութեան թիկունք կանգնելու, ուստի նախարար Պայրագտարեան անոնց առաջարկեց հարթակի մեկնարկին յաջորդող «յաւելուած մը» ստեղծել եւ հարցուց, եթէ անոնք կը փափաքին այդ առաքելութիւնը կատարել: Շարք մը ուսանողներ խանդավառութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեցին այդ աշխատանքը կատարելու` նշելով, որ իրենց դերը պիտի ըլլայ «նախարարութեան հետ իրենց պատկերացումին համաձայն»:
Նախարարը ուսանողներուն խօսեցաւ կամաւոր աշխատանքի կարեւորութեան մասին եւ ըսաւ, որ այսպիսի առաջին քայլ մը հայրենիքի ծառայութեան մէջ իրենց անհատականութեան կառուցման կը ծառայէ:
Նախարարը երիտասարդներուն ըսաւ, որ այս հանդիպումը առաջինն է, եւ անոր պիտի յաջորդեն այլ հանդիպումներ, որովհետեւ նոյնպիսի հրաւէրներ պիտի յղէ մարմնակրթութեան, տնտեսութեան, վարչագիտութեան եւ այլ մասնագիտութիւններու ուսանողներուն` խորհրդակցելու եւ միասնաբար Լիբանանի ծառայութեան համար աշխատելու համար:


