Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակէն պաշտօնատարներ զգուշացուցած են, թէ իր ուժը վերականգնելու հետզհետէ աճող Հըզպալլայի փորձերը կրնան Իսրայէլը մղել իր գործողութիւնները ընդլայնելու:
Օրաթերթը պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը Հըզպալլայի կողմէ, մասնաւորաբար Լիթանի գետին հիւսիսը, եւ ոչ սահմանին մօտ, իր ուժերը վերականգնելու փորձեր կը նկատէ:
«Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը վերջին շաբաթներուն զգուշացուց, թէ Հըզպալլան ժրաջան կերպով կ՛աշխատի իր զինուորական կարողութիւններն ու դիրքը վերականգնելու», նշեց իսրայէլեան օրաթերթը:
Իսրայէլեան ապահովական աղբիւր մը «Հաարեց»-ին յայտնած է. «Գոյութիւն ունի այն հաւանականութիւնը, թէ Հըզպալլան ինքզինք կը վերապատրաստէ ներքին նպատակներու համար»` աւելցնելով. «Իսրայէլեան բանակը սկիզբէն քայլերու պիտի ձեռնարկէ որեւէ սպառնալիքի դէմ` անկախ թշնամիի դրդապատճառներէն»:
«Հաարեց» նաեւ կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը կը նշէ. «Լիբանանեան բանակը կը խուսափի Հըզպալլայի անդամներու հետ ճակատումէն»:


