Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Եգիպտոս Այցելեց

November 3, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Եգիպտական մեծ թանգարանի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուելու եւ Եգիպտոս-Լիբանան միացեալ բարձրագոյն յանձնախումբի 10-րդ նիստին նախագահելու համար Գահիրէ իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթիի հետ:

Ապտելաթի ողջունեց երկու երկիրներուն միջեւ վերջին ամիսներուն նախագահական եւ նախարարական մակարդակներու վրայ յարաբերութիւններու աշխուժութիւնը` նշելով, որ անհամբեր կը սպասէ համակարգումի եւ խորհրդակցութեան այս ձեւին շարունակման, եւ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացման համար աշխատելու:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատեց Եգիպտոսի հաստատ դիրքորոշումը` աջակցելու Լիբանանի գերիշխանութեան, ազգային ամբողջականութեան եւ լիբանանեան պետութեան իշխանութեան անոր բոլոր հողերուն վրայ տարածման, ինչպէս նաեւ աջակցելու անոր ազգային հաստատութիւններուն` անոնց կարելիութիւն տալով ամբողջովին ստանձնել երկրին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու իրենց պարտականութիւնները:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Եգիպտոս Լիբանանին կը զօրակցի իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն դիմակայման մէջ` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է ամբողջովին եւ ոչ ընտրովի կերպով գործադրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, եւ դադրեցնել լիբանանեան հողերուն դէմ իսրայէլեան յարձակումները:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Խալաֆ նշեց, որ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ շրջանային զարգացումներուն, նախ եւ առաջ Կազայի մէջ տիրող կացութեան:

Ապտելաթի Սալամին ներկայացուցած է շրջանային ու միջազգային կողմերուն հետ համակարգուած եգիպտական ջանքերը` հաստատելու համար Շարմ Շէյխի համաձայնութիւնը եւ ամբողջական կերպով գործադրելու անոր կէտերը` առ ի պատրաստութիւն Կազայի մէջ վերաշինութեան փուլի սկսման եւ կայունութեան ամրապնդման:

Այս ծիրին մէջ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը մատնանշած է Կազայի մէջ արաբական եւ միջազգային մասնակցութեամբ կանուխ վերականգնման, վերակառուցման եւ զարգացման համար Գահիրէի խորհրդաժողովի գումարման նախապատրաստական աշխատանքները:

Լիբանանի վարչապետարանը իր կարգին հաղորդեց, որ Սալամ-Ապտելաթի հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները, Կազայի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան զարգացումները, մասնաւորաբար Կազայի համաձայնութեան ու Շարմ Շէյխի վեհաժողովին յաջորդող փուլը եւ անոր ընկերակցող կայունութեան ամրապնդման համար շրջանային ու միջազգային ջանքերը:

Սալամ գնահատած է «Կազայի համաձայնութեան հաստատման եւ կայունութեան համար շրջանային ջանքերու հովանաւորման մէջ Եգիպտոսի առանցքային դերակատարութիւնը»` ընդգծելով. «Լիբանան կը ջանայ օգտուիլ շրջանային նոր մթնոլորտէն` ամրապնդելու համար թշնամական արարքներու դադրեցումը»:

«Ներկայ պայմանները առիթ են արաբական ու միջազգային գործակցութեան նոր փուլ մը մեկնարկելու` աջակցելու համար Լիբանանի մէջ կայունութեան», նշեց վարչապետը:

Եգիպտոս-Լիբանան բարձրագոյն յանձնախումբի ժողովի ընթացքին, Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլի յայտնեց, որ գոյութիւն ունին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ ցուցմունքներ` Լիբանանին ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրելու եւ վերաշինութեան բոլոր ծրագիրներուն աջակցելու:

Ժողովի ընթացքին ստորագրուեցան ուժանիւթի, տնտեսութեան, առեւտուրի, երկրագործութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու վերաբերող 15 համաձայնագիրներ, փոխհասկացողութիւններ եւ արձանագրութիւններ:

 

 

Նախորդը

Ըստ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն. Սահմանին Վրայ Կացութիւնը Փխրուն Է, Եւ Հրատապ Կարիքը Կայ Յաւելեալ Որեւէ Մագլցումէն Խուսափելու

Յաջորդը

Լիբանանը «Ձախողած Պետութիւն» Որակելով»` Պարրաք. «Լիբանան Պէտք Է Շտապէ Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնել»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.