ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Թիլաք Պուխարիլ յայտնեց. «2024 նոյեմբերին թշնամական արարքներու դադրեցման փոխհասկացողութենէն ի վեր ՖԻՆԻՒԼ շուրջ 7000 օդային խախտումներ եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ սահմանի Կապոյտ գիծի հիւսիսը աւելի քան 2400 գործողութիւններ նկատեց»:
Պուխարիլ չինական «Սինհուա» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կացութիւնը փխրուն է, եւ հրատապ կարիքը կայ յաւելեալ որեւէ մագլցումէ խուսափելու»:
«Իսրայէլեան խախտումներու շարունակութիւնը կը սպառնայ ականահարել կայունութեան վերականգնման ուղղութեամբ կողմերուն արձանագրած յառաջընթացը», ըսաւ ան:
«Թշնամական արարքներու դադրեցման փոխհասկացողութենէն ի վեր Լիթանի գետին եւ Կապոյտ գիծին միջեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործողութիւններու շրջանին մէջ փխրուն կայունութիւն կը տիրէ», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը:
«ՖԻՆԻՒԼ-ը ամբողջովին պատրաստ է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի պահպանման մէջ բոլոր կողմերուն աջակցելու», ըսաւ Պուխարիլ:
«Լիբանանեան բանակը ՖԻՆԻՒԼ-ի աջակցութեամբ վերատեղակայուեցաւ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին մէջ աւելի քան 120 տեւական դիրքի վրայ», յայտնեց ան:
Ան նշեց, որ զէնք-զինամթերքի աւելի քան 350 պահեստանոցներ յայտնաբերուած են, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործողութեան շրջանին մէջ աւելի քան 280 չպայթած զինամթերք, եւ այդ բոլորը փոխանցուած են լիբանանեան բանակին:
«Մեր նստաշրջանը մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2026 պիտի շարունակուի, որմէ ետք առաքելութիւնը պիտի սկսի աստիճանական եւ կանոնաւոր հեռացման գործողութեան գործադրութեան` լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովութեան միակ պատասխանատուն դարձնելու նպատակով», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը:


