Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք «Մանամայի երկխօսութիւն» ֆորումի ծիրին մէջ յայտնեց. «Լիբանան պէտք է շտապէ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնել»:
«Իսրայէլ հարաւային Լիբանանը առօրեայ դրութեամբ կը ռմբակոծէ, որովհետեւ հարաւային Լիբանանի մէջ կան հազարաւոր հրթիռներ, որոնք տակաւին Իսրայէլին սպառնալիք են», պնդեց ամերիկացի պատուիրակը` աւելցնելով. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խնդիր պիտի չըլլայ, եթէ Հըզպալլան զինաթափուի»:
«Իսրայէլ կրնայ զարգացումներուն համաձայն Լիբանանի մէջ հակադարձել», աւելցուց ան:
«Անտրամաբանական է, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ երկխօսութիւն չըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսրայէլ պատրաստ է Լիբանանի հետ սահմանային համաձայնութեան հասնելու»:
«Լիբանանցիները պէտք է բանակցութիւններու գնացքը բարձրանան եւ իրենց սահմաններուն նկատմամբ նախանձախնդիր ըլլան», շեշտեց Պարրաք:
Պարրաք նաեւ յայտնեց. «Լիբանանի մէջ տարբեր մարզերն ու դրամատուները խնդիրներ կը դիմագրաւեն»:
Ան ըսաւ, որ Լիբանան հաստատօրէն իսկական առիթ մը ունի իր ընթացքը սրբագրելու` նշելով, որ բարեկարգչական քայլերը ուշացնելը պատճառ պիտի դառնայ, որ երկիրը շրջանին մէջ արագ փոփոխութիւններուն լոյսին տակ աւելի նահանջ արձանագրէ:
«Լիբանանցիները պէտք է գիտակցին, թէ աշխարհը արագօրէն կը զարգանայ, եւ ան, որ կ՛ուշանայ, ուրիշները իրեն կ՛անցնին», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:
«Լիբանան ձախողած պետութիւն մըն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան ղեկավարութիւնը դիմացկուն է, սակայն պէտք է Հըզպալլայի զէնքին հարցին մէջ աւելի արագ յառաջ ընթանայ», շեշտեց ամերիկացի պատուիրակը:
«Հըզպալլան լիբանանեան բանակին տրամադրուածէն շատ աւելի դրամ կը շահի», նշեց Պարրաք:
«Լիբանանեան բանակին ելեւմտական եւ մարդկային ներուժ կը պակսի, ինչ որ կ՛ազդէ սահմանները զսպելու եւ իր ազգային առաքելութիւնը գործադրելու կարողութեան վրայ», ըսաւ ան` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով շարունակելու լիբանանեան բանակին իր աջակցութիւնը, նկատի ունենալով, որ անիկա Լիբանանի պաշտպանութեան եւ կայունութեան գլխաւոր հիմնաքարն է:


