Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Ռուսիոյ դիմակայման համար Չինաստանի օգնութիւնը կ՛ուզէ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, Սպիտակ տան ղեկավարը կը նախատեսէ յառաջիկայ շաբաթավերջին Մալեզիոյ մէջ ԱՍԻԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին հանդիպում ունենալ իր պրազիլցի գործընկեր Լուիս Ինիասիոյ Լոլա Տա Սիլվայի հետ:
Թրամփ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնած է. «Կը կարծեմ հանդիպում պիտի ունենանք, այո»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պատրա՞ստ է Պրազիլի դէմ հաստատած իր մաքսատուրքերը նուազեցնելու, Թրամփ նշած է. «Յարմար պայմաններու լոյսին տակ»:


