Ուքրանացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ շաբաթ ռուս-ուքրանական պատերազմին վերջ տալու կարելիութիւններու շուրջ Ուաշինկթընի մէջ իրենց կատարած բանակցութիւններուն ընթացքին Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի վրայ ճնշում բանեցուցած է երկրին արեւելքը գտնուող Տոնպաս շրջանէն հրաժարելու:
Ուքրանացի պաշտօնատարը նշած է, թէ Թրամփի հետ բանակցութիւնները «լարուած էին եւ ոչ դիւրին»:
Ան աւելցուցած է, թէ պատերազմին վերջ տալու դիւանագիտական ջանքերը կը թուին «դատարկ շրջանակի մէջ շրջիլ»:
Յիշեցնենք, որ Զելենսքի 18 հոկտեմբերին Սպիտակ տան մէջ Թրամփի հետ իր ժողովէն ետք յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ լուրջ երկխօսութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ պատերազմին վերջ տալուն»:
«Քննարկեցինք հիմնական խնդիրները եւ դիրքերը ճակատամարտի դաշտին մէջ, մեր հեռահաս կարողութիւնները, օդային պաշտպանութիւնը եւ դիւանագիտական հորիզոնները», աւելցուց ան:
«Ռուսիան պէտք է վերջ տայ իր սկսած յարձակումին, ինչ որ դիտաւորեալ կերպով կ՛երկարաձգէ, եւ մենք Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճնշումին կը վստահինք», ըսաւ Զելենսքի:


