Ռուսիոյ նախագահի պատուիրակ Քիրիլ Տմիթրիեւ Միացեալ Նահանգներ հասնելէն ետք «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ ժողովը պիտի գումարուի:
«Ուքրանիոյ տագնապին դիւանագիտական լուծում մը պիտի ըլլայ», նշեց ան:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը ժամանակաւորապէս վերցուցած է Տմիթրիեւի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու արտօնագիր տալ արտօնելու համար:
Արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ Տմիթրիեւ Միացեալ Նահանգներ կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ռուսիոյ դէմ նոր խիստ պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարելէն ետք, մինչ ամերիկեան կողմի հիասթափութիւնը կ՛աճի Քրեմլինի` Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալ մերժելուն պատճառով:
Քրեմլին երէկ հաղորդեց, թէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունի փոխադարձ հասկացողութիւն մը, թէ «աւելի լաւ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումը չյետաձգել»:
«Փութինի եւ Թրամփի միջեւ ժողովի ջնջման մասին խօսիլը սխալ է, սակայն անոր պատրաստութիւնը անհրաժեշտ է», նշեց Քրեմլին:


