Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Նուհ Եըլմազ պիտի դառնայ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ «Էն. Թի. Վի.»-ի պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը:
Եըլմազ պիտի դառնայ վերջին 13 տարուան ընթացքին Թուրքիոյ առաջին դեսպանը:
2012 թուականի մարտին Դամասկոսի մէջ թրքական դեսպանատունը փակուեցաւ, եւ անոր գործունէութիւնը վերսկսաւ միայն անցեալ տարուան դեկտեմբերին, երբ Սուրիոյ մէջ վարչակարգը փոխուեցաւ:
Օրին Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար նշանակուած էր Պուրհան Քէօրօղլու:


