Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Ռոմա – Ինթեր Միլան. Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Հոկտեմբեր 18, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շաբաթավերջին կը շարունակուին Եւրոպայի ֆութպոլի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններու մրցումները, ազգային խումբերու դադարէն ետք:

Հետաքրքրական մրցումներ կան շաբաթավերջին, ուր «Քլասիք» մրցումներ տեղի պիտի ունենան Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ:

«Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն «տաք» մրցակիցներ Լիվըրփուլ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ իրար դէմ պիտի մրցին, հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն Լիվըրփուլ աւելի լաւ մակարդակ ունի, քան Մանչեսթըր Եունայթըտ:

Լիվըրփուլի համար թերեւս ազգային խումբերու դադարը ճիշդ պահուն տեղի ունեցաւ, մանաւանդ որ խումբը պարտուած էր եւ վերջին երեք մրցումներուն (երկու մրցումներ «փրեմիեր լիկ»-ին, իսկ մրցում մըն ալ «Չեմփիընզ լիկ»-ին),  սակայն «կարմիրներ»-ը իրենց դաշտին վրայ անյաղթ կը մնան երկար ժամանակէ եւ միայն 2 անգամ պարտուած են վերջին 53 մրցումներուն:

Եունայթըտ շատ լաւ ձեւով չէր սկսած  տարեշրջանը, բայց վերջերս համեմատաբար աւելի լաւ ֆութպոլ կը խաղար եւ կրնար դժուար մրցակից ըլլալ Լիվըրփուլի դէմ: Լիվըրփուլ «կարմիր սատանաներ»-ուն դէմ եւ վերջին 14 ճակատումներուն միայն 1 մրցումի պարտութիւն կրած է, երբեք չպարտուելով իր դաշտին վրայ:

«Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան ընթացքին Մոհամետ Սալահի նման ոչ մէկ մարզիկ 13 կոլ եւ 19 էսիսթ կատարած է Եունայթըտի դէմ, ուր իր 13 կոլերէն 10-ն ան նշանակած է Բ. կիսախաղին:

Լիվըրփուլէն պիտի բացակայի պրազիլցի բերդապահ Ալիսոն, մինչ կեդրոնի պաշտպան Իպրահիմա Քոնաթէի վիճակը յստակ չէ, եթէ կրնայ խաղալ, թէ ոչ, մանաւանդ որ ան Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ չէր մասնակցած վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Նուսէյր Մազրաուի կրնայ վերադառնալ Եունայթըտի հետ:

Գերմանիոյ «Քլասիքօ»-ն պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Պայերն Միւնիխ` ընդունելով Տորթմունտը «Ալիանց Արենա» դաշտին մէջ:

Պայերն Միւնիխի տարեշրջանը շատ յաջող է` իր բոլոր 10 ելոյթներն ալ յաղթանակներով սկսելով: 1965-ին «Պունտըսլիկա»-ի միանալէն ետք, լաւագոյն ձեւով սկսած խումբն է Պայերն, որ պելճիքացի Վենսան Քոմփանիի հետ վերջին 7 մրցումներուն 3-է աւելի կոլ կը նշանակէ:

Տորթմունտ, որ Բ. դիրքը կը գրաւէ, յոյսով է, որ անակնկալ արդիւնքով վերադառնայ տուն` տարբերութիւնը 1 կէտի նուազեցնելով: Նիքօ Քովուչ շատ լաւ գիտէ Պայերն Միւնիխն ու անոր խաղաոճը, եւ Տորթմունտի հետ ան կրնայ լաւ ձեւով պաշտպանուիլ:

137 «Քլասիքօ»-ներուն թիւը մրցանիշ է Գերմանիոյ պատմութեան ընթացքին, եւ Պայերն միայն մէկ պարտութիւն կրած է վերջին 14 ճակատումներուն, հակառակ անոր որ վերջին 3 ճակատումներուն Պայերն չէ կրցած յաղթել Տորթմունտին:

Պայերն Միւնիխ այս տարեշրջանին միշտ նշանակած է առաջին կոլը եւ յաղթական մտած է հանդերձարան: Մրցակից Տորթմունտ իր կարգին «Պունտըսլիկայի իր վերջին 11 մրցումներուն 10-ին` յաղթական մտած է հանդերձարան, եւ Պայերնի դէմ վերջին երկու ճակատումներուն յաղթած է «Ալիանց Արենա»-ի մէջ:

Իտալիոյ մէջ, Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը` «Սերի Ա.»-ի սպասուած շաբթուան մրցումին:

2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆիորենթինայի դաշտին վրայ, Ռոմա իր լաւ տարեշրջանը (5 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն) կ՛ուզէ շարունակել Ճիան Փիերօ Կասփերինիի հետ եւ միայն կոլ-էվըրէյճով ետ կը մնայ առաջին դիրքը գրաւող Նափոլիէն:

«Սթատիօ Օլեմփիքօ»-ն անգամ մը եւս դարձած է Հռոմի ակումբի ամրոցը, ուր Ռոմա իր վերջին 15 մրցումներուն 12 յաղթանակ եւ միայն 1 պարտութիւն կրած է:

«Ներացուրի»-ները իրենց կարգին լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ վերջին մրցումին Պոնի փայլած էր կոլ մը եւ 3 էսիսթ ձեռք ձգելով, ուր Ինթեր 4-1 արդիւնքով յաղթած էր Քրեմոնիզէին: Պէտք է ըսել, որ Ինթեր իր դաշտէն դուրս 4 մրցումներն ալ յաղթած էր 2-0 արդիւնքով, եւ մեծ հարց մը չէ դաշտէն դուրս խաղալը:

Այս մրցումը «Սերի Ա.»-ի պատմութեան ամէնէն շատ կոլերու նշանակումով յատկանշուած ճակատումն է (532 կոլ): Վերջին 9 ճակատումներուն Ինթեր 7 անգամ յաղթած է:

Նախորդը

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Յաջորդը

Մարմնամարզութիւն. Վաղը Կը Սկսի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Քարաթէ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ

Հոկտեմբեր 18, 2025
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆայէլ Կոստանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?