Նետերլանտներու մէջ տեղի ունեցաւ «Եունիթի Եուրօ քափ» 2025-ի մրցաշարքը, ուր 18 խումբեր իրենց մասնակցութիւնը բերին` ներկայացնելով իրենց երկիրները, որոնց կարգին` Հայաստանը:
Մրցաշարքի օրէնքը այն է, որ իւրաքանչիւր հաւաքականէ մասնակցին 7 գաղթական մարզիկներ 4 տեղացի մարզիկներու հետ, եւ պէտք է մասնակիցներուն 11-էն առնուազն 3-ը իգական սեռին մաս կազմեն:
4-րդ անգամ ըլլալով կազմակերպուած այս մրցաշարքը յաջողութիւն կը գտնէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի եւ «Եու. Էն. Էչ. Սի. Սի.»-ի համագործակցութեամբ, ուր խմբային աշխատանքով մարդիկ կը քաջալերուին իրար միանալու` մօտեցնելով տարբեր մշակոյթներու պատկանող անհատներ` աշխատելու միասին:
Ֆինլանտա շահեցաւ աւարտական մրցումը` փենալթիներով պարտութեան մատնելէ ետք Հայաստանի հաւաքականը, արդիւնքը 0-0 աւարտելէ ետք:
Հայաստան իր բացման մրցումին ալ նոյն արդիւնքը արձանագրած էր Ֆինլանտայի դէմ (0-0), ապա 5-0 արդիւնքով յաղթած` Պելճիքային: Յունաստանի հետ ալ սպիտակ հաւասարութենէ մը ետք, հաւաքականը հասաւ նաք-աութի հանգրուան: Քառորդ աւարտականին 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք, Հայաստան 2-1 արդիւնքով յաղթեց հիւսիսային Իրլանտայի, Հայաստան 2-1 արդիւնքով յաղթեց Իրլանտայի հանրապետութեան` հասնելով աւարտական:
Աւարտական մրցումին Հայաստան 4-3 փենալթիներու արդիւնքով զիջեցաւ Ֆինլանտայէն: Մրցումը ղեկավարեց Նետերլանտներու միջազգային իրաւարար … Սերտար Կէօզիւպիւյուք: