Երրորդ բերդապահ Ապտել Քարիմ Մեսպահի դաշտ ներկայացաւ 125-րդ վայրկեանին եւ զսպեց Ֆրանսայի 6-րդ փենալթին` օգնելով Մարոքի, որ հասնի երիտասարդներու Մոնտիալի աւարտականին:
Չիլիի մէջ տեղի ունեցող Մոնտիալի կիսաւարտականին Մարոք պատմութիւն կերտեց` դուրս ձգելէ ետք Ֆրանսան` հանելով աւարտական, առաջին անգամ ըլլալով:
Մարոք աւարտականին պիտի մրցի Արժանթինի դէմ, որ դուրս ձգեց Քոլոմպիան 1-0 արդիւնքով հասնելով 8-րդ աւարտականին:
Ֆրանսացի բերդապահ Լիսանտրու Օլմեթա 32-րդ վայրկեանին բաւական անբախտ վիճակի մէջ գտնուեցաւ, երբ Մարոքի հարուածած փենալթին դպաւ բերդի սիւնին, ապա դպնալէ ետք Օլմեթային մտաւ Ֆրանսայի բերդին մէջ:
Մարոք առաջին կիսախաղին շատ աւելի վտանգաւոր էր եւ առիթներ ստեղծեց, բայց արդիւնքը մնաց 1-0: Բ. կիսախաղին Ֆրանսա փոխադարձեց շնորհիւ Լուքաս Միշալի: Արդիւնքը մնաց անփոփոխ: 64-րդ վայրկեանին Մարոքի հիմնական բերդապահը վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ:
Ինչպէս նշեցինք, 125-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Մարոքի 3-րդ բերդապահը, որ աւելի ուշ հերոս դարձաւ:
Աւարտականին Արժանթին, որ իր բոլոր մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտեց, պիտի փորձէ իր 7-րդ տիտղոսը շահիլ, նոյնիսկ առանց Պայեր Լեւերքուզընի մարզիկ Քլաուտիօ Էչեվերիի եւ Ռէալ Մատրիտի մարզիկ Ֆրանքօ Մասթանթունոյի: