Վերջերս «Սքայ սփորթց Իթալիա»-ի հետ հետաքրքրական հարցազրոյց ունեցաւ հայկական ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն փայլուն աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան, որ ինչպէս միշտ շատ հանգիստ ձեւով լուսաբանեց ամէն ինչ:
Պատասխանելով իր ապագային մասին հարցումի մը, ան ըսաւ. «Ես իմ աշխատանքիս մէջ կը ներդնեմ կիրք, սիրտ եւ ամբողջ ուժս: Եւ շատ հպարտ եմ իմ ասպարէզովս: Միայն հիմա է, որ լիովին կը գիտակցիմ, թէ ինչի հասած եմ: Եւ ամէն ինչ կ՛ընեմ լաւ ֆիզիքական պահելու եւ պահպանելու համար: Տարեշրջանի աւարտին մօտ կ՛որոշեմ, թէ պիտի շարունակե՞մ թէ՞ ոչ»: Մխիթարեան պատմած է, որ 2019-ին իր գործավար Մինօ Ռայոլային հետ ի՛նչ պատահած է լքելէ ետք Անգլիան:
«Այդ ժամանակ Ա. Սէ. Միլան կեդրոնացած էր Շախթար Տոնեցքի մարզիկ Թայսընի վրայ, եւ ես մտավախութիւն ունէի, որ ես կը դառնամ անոնց երկրորդ թիրախը: Այդ պատճառով ես ընտրեցի Ռոման` փնտռելով այն երջանկութիւնը, որուն մասին միշտ երազած էր: 5 օր ետք Արսենալ-Թոթենհամ մրցումէն ժամեր առաջ, Ռայոլա հեռաձայնեց ինծի` ըսելով, որ մրցումէն ետք պէտք է Իտալիա ճամբորդեմ` պայմանագիր ստորագրելու: Ռոմայի մէջ համակիրներուն սէրն ու աջակցութիւնը աննկարագրելի էին: Ես այնտեղ վերագտայ ֆութպոլ խաղալու հաճոյքը, ես ինծի աւելի իտալացի զգացի», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կազմուի ֆութպոլի իտէալ գերաստղը` ունենալով ամէն տեսակ յատկանիշ, ան բացատրեց. «Կատարեալ ֆութպոլիստը պէտք է ունենայ Ալֆոնսօ Տէյվիսի արագութիւնը, Լիոնել Մեսսիի սքանչելի տեսողութիւնը, Զինետին Զիտանի փոխանցումներու ճշգրտութիւնը, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ֆիզիքական պատրաստութիւնը եւ անոր անզուգական հարուածը, ինչպէս նաեւ երկար փոխանցումներու վարպետ Տէյվիտ Պեքհամի կարողութիւնը: Գնդակ խլելու համար կատարեալ կ՛ըլլար Քլոտ Մաքելելէն, իսկ վարպետութեան բարձրագոյն դրսեւորման համար ան պէտք էր նմանէր Քաքային: Անոր ղեկավարման յատկանիշները պէտք է ըլլան անզիջելի` առաջնորդ Ճոնի Թերիի մակարդակին վրայ», աւելցուց ան: