Պարսելոնայի սպանացի յառաջապահ Լամին Եամալ կրնայ դառնալ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն «սուղ» խաղացողը:
Ըստ «Տեֆենսա Սանթրալ»-ի Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է 18 տարեկան ֆութպոլիստին համար վճարելու 230 միլիոն եւրօ: Եթէ փոխանցումը իրականանայ, ան կրնայ համաշխարհային նոր մրցանիշ իրագործել: Այժմու ամէնէն «սուղ» փոխանցումի արժէքը Նէյմարի տեղափոխումն էր Պարսելոնայէն Փարիզ Սեն Ժերմեն` 222 միլիոն Եւրոյի փոխարէն:
Ըստ աղբիւրին, Նասեր Խելայֆի (Փարիզի նախագահ) կը ցանկայ Եամալը բերել ակումբ եւ կը պայքարի ատոր համար:
Նախապէս Ժոան Լափորթա (Պարսելոնայի նախագահ) յայտնած էր, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն լրջօրէն հետաքրքրուած էր Եամալի փոխանցումով:
Հակառակ այս բոլորին, Եամալ այս ամրան երկարաձգած էր իր պայմանագիրը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2031 թուական:
Հարցը հոն է, որ Պարսելոնա քանի մը տարիէ նիւթական տագնապի մէջ կը գտնուի, եւ մեծ գումարը կրնայ հրապուրիչ ըլլալ: