Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Քոմերս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի «Եու. էն. Էֆ. 28» մարտական երեկոն, ուր հանդէս եկան քանի մը հայ մարզիկներ:
Մասնագիտական մարտիկ Ժորա Սահակեան (4-0) շարունակեց իր յաղթական շարքը` առաջին ռաունտին իսկ նաք-աութով պարտութեան մատնելով Պենճի Կոմեզը: Մենամարտը տեւեց 1 վայրկեան եւ 4 երկվայրկեան:
Ասիկա Ժորայի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի յաջորդական 8-րդ յաղթանակն էր, մինչ արհեստավարժ մրցումներու իր 4-րդ պաշտօնական մրցումին 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց:
«Եու. Էն. Էֆ.»-ի ամէնէն թեթեւ կշիռի ախոյեանութեան տիտղոսի մրցումին, Նարեկ Աւագեան նաք-աութով պարտութիւն կրեց Ճիաննի Վասքեզէն: Աւագեանի երկրորդ պարտութիւնն էր Վասքեզէն:
Ոչ արհեստավարժ մրցումներուն հայ մարտիկները յաջողութիւններ արձանագրեցին, Ռաֆայէլ Քթիկեան նաք-աութով պարտութեան մատնեց Մարք Ռիլզը, Կամօ Գրիգորեան կէտերու առաւելութեամբ յաղթեց Ալեքսանտր Ուետըլին եւ Անթոնի Վարդումեան կէտերու առաւելութեամբ` Սթիւըն Չավեսին:
Տարօն Բարսեղեան – Թրեսթըն Սոյըրզ մրցումը կիսատ մնաց, երբ Սոյըրզ չկարենալով շարունակել մրցումը, մինչ Ալպերթ Թադեւոսեան – Թոմի Արոն եւ Սերոբ Մինասեան – Փաթրիք Պեյքըր մրցումները յետաձգուեցան: