20 տարեկան Մայք Գէորգեան, որ մաս կը կազմէ Հայաստանի երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) ազգային խումբին, Գերմանիոյ Ունթերհախինկ ակումբին հետ իր առաջին կոլը նշանակեց:
Միջնապահ Գէորգեան Պաւարիա շրջանի ախոյեանութեան մրցումներուն կրցաւ նշանակել իր առաջին կոլը Ութերհախինկի հետ, որ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, 13 հանգրուաններէ ետք:
Գէորգեանի ակումբը 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Հանքոֆեն ակումբը եւ կը պայքարի բարձրանալ Գերմանիոյ «Գ. Պունտըսլիկա»:
Մայք Գէորգեանի առաջին կոլն էր այս 13 մրցումներ կատարելէ ետք: