Լաս Վեկաս Էյսըզ շահեցաւ «Էն.Պի.Էյ.»-ի աղջկանց տիտղոսը` աւարտականի ճակատումներուն պարտութեան մատնելով Ֆենիքս Մերքըրին 4-0 արդիւնքով:
Էյսըզ 89-86, 91-78, 90-88 եւ 97-86 արդիւնքով յաղթեց, ուր փայլեցաւ Էյ՛ճա Ուիլսըն:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի տղոց կամ աղջկանց պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ մարզիկ յաջողած էր Ուիլսընի նման տարեշրջան մը բոլորել:
Ան «Էմ. Վի.Փի.»-ն շահեցաւ, առաւելագոյն կէտեր նշանակելու տիտղոսը շահեցաւ, օգնեց իր խումբի ախոյեան դառնալու եւ աւարտական մրցումի «Էմ.Վի.Փի.» ընտրուեցաւ:
Անշուշտ այս բոլորը կրկնած էր այս տարի Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի մարզիկ Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտըրը: Մայքըլ Ճորտըն այս բոլորը կատարած էր 4 անգամ, մինչ Շաքիլ Օ՛նիլ եւ Քարիմ Ապտիւլ Ժապպար` մէկական անգամ:
Բայց Ուիլսըն այս բոլորին վրայ աւելցուց «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն պաշտպանող մարզիկի տիտղոսը: Ան միասնաբար Մինեսոթայի մարզիկ Ալանա Սմիթի հետ ընտրուելով մտաւ պատմութեան լայն դռներէն ներս:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի վերջին երեք տարիներուն, Ուիլսըն աղջկանց մրցանիշ իրագործեց կէտերու եւ ռիպաունտներու թիւերով: Ան 1.126 կէտ նշանակած էր 2023-ին, 1.149 կէտ` 2024-ին, իսկ 1.259 կէտ` այս տարի:
Հազար կէտերէ աւելի միայն 2 մարզիկներ ձեռք ձգած էին` Նիւ Եորքի մարզիկ Պրիանա Սթիւըրթ (1.103 կէտ, 2023-ին) եւ Ինտիանայի մարզիկ Քելսի Միկել (1,068 կէտ, այս տարեշրջանին):
Ուիլսըն 486 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր 2023-ին, 509 ռիպաունտ` 2024-ին, իսկ 527 ռիպաունտ` այս տարի: