Ըստ լրագրող Փասքուալէ Կուարոյի, Ինթեր Միլան յաջորդ ամրան պիտի սկսի երիտասարդ մարզիկներ ձեռք ձգել:
Ըստ Կուարոյի աղբիւրներուն, ակումբը մտադիր է սկսիլ պաշտպանողական գիծով, ուր յետսապահներ Ֆրանչեսքօ Աչերպի, Մաթէօ Տարմեան եւ Շթեֆան Տէ Վրայ արդէն իսկ յաջորդաբար 37, 35 եւ 33 տարեկան են, եւ իրենց պայմանագրութիւնները կը հասնին իրենց աւարտին:
Ինթեր այս տարեշրջանին 6 հանգրուաններէ ետք 12 կէտ ունի եւ կը գրաւէ «սերի Ա.»-ի 4-րդ դիրքը:
Քրիսթիան Գիվու կը գլխաւորէ խումբը` այս ամրան փոխարինելով իտալացի Սիմոնէ Ինցակին, որ փոխադրուեցաւ Հիլալ: