Մարզական ուսոմնասիրութիւններու միջազգային կեդրոնը` «Սի. Այ. Ի. Էս.», վերջերս ներկայացուցած էր աշխարհի ամէնէն արժէքաւոր կազմերը ունեցող ակումբները` իր փորձառու մասնագէտներով:
Կը պարզուի, թէ Չելսի, որ ամրան նուաճեց ակումբներու Մոնտիալը, ունի ամէնէն սուղ կազմը: Անոնց մարզիկներուն արժէքը կը գնահատուի 1,314 միլիառ եւրոյով:
Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Ռէալ Մատրիտ, որուն մարզիկներուն արժէքը մօտ 1,045 միլիառ եւրօ է:
Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Մանչեսթըր Սիթին, որուն մարզիկները 1,015 միլիառ եւրոյով կը գնահատուին:
Առաջին 10 դիրքերը կը գրաւեն Արսենալ (4-րդ)` 1,003 միլիառ եւրօ, Փարիզ Սեն Ժերմեն` 873 միլիառ եւրօ, Լիվըրփուլ` 861 միլիառ եւրօ, Պարսելոնա` 811 միլիառ եւրօ, Թոթենհամ` 731 միլիառ եւրօ, Պայերն Միւնիխ` 634 միլիառ եւրօ եւ Ինթեր Միլան` 586 միլիառ եւրօ: