Կանա դարձաւ 5-րդ ափրիկեան երկիրը, որ ապահովեց իր տոմսը 2026-ի Մոնտիալին:
2010-ին քառորդ աւարտական հասած Կանա միացաւ Ալճերիոյ, Եգիպտոսին, Մարոքին եւ Թունուզին` մասնակցելու յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք Մոնտիալին, զոր պիտի հիւրընկալեն Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Մեքսիքա:
Կանա կարիքը ունէր մէկ կէտի` Քոմորուի դէմ մրցումին, յաջորդաբար 5-րդ անգամ ըլլալով հասնելու Մոնտիալին:
Մրցումը վերջ գտաւ 1-0 արդիւնքով, երբ Թոթենհամի յառաջապահ Մոհամետ Քուտուս նշանակեց մրցումին միակ կոլը 47-րդ վայրկեանին: Կանա յաղթանակի ալ կարիք չունէր, մանաւանդ որ Բ. դիրքը գրաւող Մատակասկար 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Մալիէն:
Նշենք, որ Ափրիկէի 9 խմբակներու առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը ուղղակիօրէն կը մասնակցին Մոնտիալին, մինչ 4 լաւագոյն Բ. դիրքը գրաւող խումբեր պիտի խաղան փոքր մրցաշարք մը, որմէ ետք յաղթականները պիտի հասնին Մոնտիալին: