Հողակտոր, Հայրենիք, Patria, Fatherland…
Պատմութեան գիրքերը կ՛ըսեն, որ Արարատ լերան շուրջ կար ազգ մը` իր Հայաստան-Armenia կոչուած հայրենիքով: Գիտունները եւ կապոյտ մոլորակի մեծ ու պզտիկ ղեկավարները, եթէ իրենց գովաբանած արդարութեան արեւի լոյսով փնտռէին ՀԱՅ կոչուած ազգը եւ անոր ՀԱՅԱՍՏԱՆ կոչուած հայրենիքը, այսօր ի՞նչ պիտի գտնէին եւ ի՞նչ ընէին:
Դեռ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ անորոշութիւն դարձած անուան տակ եղող համաշխարհայնացած մարդիկ, մեծեր եւ նուազ մեծեր, եթէ իրենք ալ փնտռէին այդ ԱԶԳ-ը, ըսէին, թէ ո՞ւր է ան, թերեւս իրատեսական հաշուեկշիռներ կ՛ընէին, կ՛ընէինք, կը գիտնայինք, թէ ո՞ւր ենք, ո՞ւր պէտք է երթալ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: ՀԱՅ եզրով բնորոշուած մարդիկ եւ հաւաքականութիւններ ի՞նչ են: Անոնք ԱԶԳ ըլլալու համար ընդունուած եւ սահմանուած ստրոգելիները ունի՞ն: Իրենց «պատմութեան» ներկայ հանգրուանին ո՞ր ստորոգելիներով անոնք իրենք զիրենք կը ճանչնան, հեռուի կամ մօտի ուրիշներ զիրենք ո՞ր ստորոգելիներով կը ճանչնան եւ կ՛ընդունին:
Այդ ստորգելիները հայրենատիրութիւն եւ իրա՛ւ շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն են: Այսինքն` լեզու, մշակոյթ, հայրենիք-տարածք:
Հայը ի՛նք պէտք է գիտնայ եւ որոշէ, թէ ի՞նչ է հայրենիքը եւ ո՞ւր է իր հայրենիքը, ի՞նչ ունի եւ ի՞նչ պահած է զինք ուրիշներէ տարբերող եւ ազգին ուրոյն դիմագիծ ստեղծող հոգեմտաւոր ժառանգութենէն, եւ փորձէ հասկնալ, թէ ինք իրապէս ի՞նչ է ընդունուած ազգ ըմբռնումին յարաբերաբար:
Հայրենիքը հռոմէացիին patria-ն է, ֆրանսացիին patrie-ն, անկլօ-սաքսոն ժողովուրդներու fatherland-ը: Հասկնալ` նախահայրերու հող, ուր շարունակութիւն ըլլալու ընթացքը կը կենսագործուի եւ կ՛իմաստաւորուի: Ո՞ւր է ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԻՆ ԱՅԴ ՀՈՂԸ` patria-fatherland-ը:
Միշտ կը յիշեմ պայծառ դէմք Ռաֆայէլ Իշխանեանը, որ ներկայի Հայաստանի տարածքի համար կ՛ըսէր` ՀՈՂԱԿՏՈՐ: Կը մտածեմ` Ո՞Ր ՏԱՐԱԾՔԻ: Պատասխանը մէկ է. ան հողակտորն է հայու PATRIA-ի, FATHERLAND-ի, հայու ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի: Հարցում. հողակտորը կը փոխարինէ՞ «ամբողջ»-ը, որուն տեղը եւ սահմանները պէտք է գիտնալ` հաստատելու համար, որ ան վերացական արտայայտութիւն մը չէ: Ան ժողովուրդի մը հայրենիքը ըլլալէ կը դադրի՞, եթէ հոն եկած են օտարներ եւ ներխուժողներ: Եթէ հոն եկած են ներխուժողներ, մի՞թէ նախահայրերու յետնորդները անոնց հայրենիքի օտարման մեղսակի՞ց պիտի ըլլան, վատութեամբ հրաժարի՞ն:
Բառերը չչարչարենք: Պետութիւն, կառավարութիւն, քաղաքականութիւն եւ կուսակցութիւն բազմաձեւ խաղերուն մէջ ջուր ճողփացնելէ առաջ պէտք է ճշդել եւ գիտնալ, որ հայրենիքը մոլորակի վրայ քանի մը հեկտար հողատարածք չէ, որուն սեփանակատէր կ՛ըլլայ անհատը: Ամերիկաներու, Ասիոյ կամ Ափրիկէի մէջ հեկտարներու տէր ըլլալ` չի նշանակեր հայրենիք ունենալ: Հեկտարները հայրենիք կ՛ըլլան նախահայրերու աննիւթականացած ներկայութեամբ եւ շնչառութեամբ, վայրեր` որոնք կը վկայեն անոնց կեանքի, աշխատանքի եւ աշխարհը ընկալելու եղանակի մասին, որ ՀԵՏՔ է` հողին եւ քարին վրայ, բառերու, խօսքի, ստեղծագործութիններու մէջ, զորս կը կոչենք արհեստներ, արուեստներ, ընդհանուր բնութագրումով` մշակոյթ:
Այդ ՀԵՏՔ-ը մարդը տէր կը դարձնէ հողին, որ դառնայ հայրենիք, որ մոլորակին վրայ կ՛ունենայ անուն եւ հասցէ, անոր բնակիչները կը գոյանան որպէս ազգ: Ներկայի հողակտոր-Հայաստանը հայրենիք է, բայց, ինչպէս կ՛ըսէ իմաստուն առածը, «Ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը»: Հայը, ուր որ ալ գտնուի` Կովկաս, Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ այլուր, կրնա՞յ կամաւոր կոյր ըլլալ եւ չնայիլ ԾԱՌԻ ԵՏԻՆ ԹԱՔՆՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔ-ին ուղղութեամբ եւ հարց չտալ, թէ Ռաֆայէլ Իշխանեանի «հողակտոր»-ը ո՞ր ամբողջի մաս է»: Այդ ամբողջը հայու ՀԱՅՐԵՆԻ՞Ք է` PATRIA, FATHERLAND, թէ՞ ներկայի «ԻՐԱԿԱՆ»-ին չառնչուող հեքիաթ կամ առասպել:
Հայու հայրենիք են այն տարածքները, ուր նախահայրեր ապրած են, հողը դարձուցած` են պատմութիւն, սրբատեղի Խոր Վիրապ, եկեղեցիներ, ուր գրուած են, ծնած են առասպելներ, որոնք վկայութիւններ են: Վանը հայրենիք է, քանի որ հոն յուշարար է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին, Անին հայրենիք է, քանի որ հոն կան` հայ թագաւորներու կառուցած պարիսպները, հաւատացեալներու կառուցած մայր տաճարը, Հովիւի եկեղեցին, Կիլիկիան հայրենիք է, քանի որ հոն եղած են հայ թագաւորներ, իրենց միշտ տեւող կենդանի հետքը եւ դրոշմը ձգած են Ներսէս Շնորհալին եւ Թորոս Ռոսլինը:
Բացի աւերէ եւ կոտորածէ, ի՞նչ հետք ունին բռնագրաւողները, հայոց նախահայրերու Հայաստան աշխարհի նոր տէրերը: Աշխարհ, որ հայուն ԻՐԱՒ ՀԱՅՐԵԻՔն է, քանի որ հոն կը սաւառնին նախահայրերու ՀԵՏՔԸ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՂ ՄԻՏՔԸ: Բռնագրաւող նոր տէրերուն համար անոնք սոսկ պատերազմական աւար կամ հասուաթաբեր կալուածներ են, իրենց հայրենիքը չեն, սոսկ բնակավայր են: Ժամանակակից հայը այս սկզբունքով պէտք է ճանչնայ ի՛ր հայրենիքը, իրաւութեամբ ճշդէ անոր իրական տեղը եւ սահմանը` մերժելով անմիջականի հպատակող կրպակային քաղաքական ըմբռնում եւ ճապկում:
Անմիջականի խառնածինային ըմբռնումին ծնունդ է սփիւռք(ներ)ը, որ եթէ հայրենադարձութեամբ ժամանակաւոր չըլլայ, ժամանակաւոր պիտի ըլլայ ինքնութեան կորուստով, պիտի ըլլայ այլ երկինքներու տակ ապրողներով այլազան ժողովուրդներու թիւի լրացում` զանազան այլ եկուորներու շարքին: Այս իրողութիւնը պէտք է տեսնել եւ յանդգնիլ անմիջական մասնակիէն անդին նայիլ:
Խօսիլ Իրական Հայաստանի մասին եւ մոռնալ Իրաւ Հայաստանը` կրպակի հաշիւով առաջնորդուող քաղաքական խարխափում է, արմատներու եւ նախահայրերու ուրացում, աւելի ճիշդ` ինքնաուրացում:
ԱԶԳ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ պահելու միտող առաջնորդութիւնը իրատեսութեամբ պէտք է գործէ ԻՐԱՒ-ին համար` գիտակցելով, որ տրուած-ստացուած ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱՐՈՒՈՂ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը անվաղորդայն ըլլալու դատպարտուած ՀՈՂԱԿՏՈՐ է, մեր անմիջականի կորստական իրադարձութիւնները այդ դատապարտութեան ցուցանիշ են եւ հայ ազգը կը խզեն իր անցեալէն եւ ինքնութենէն: Այս պայմաններուն մէջ ինքնուրոյն ԱԶԳ ըլլալու յաւակնութիւն եւ իրարանցում` անտեղի պերճանք են, կամ` ինքնախաբէութիւն եւ կեղծիք:
Որպէս իրաւ ազգ` հայ ժողովուրդը պէտք է ըսէ եւ գիտնայ, թէ ո՞ւր է իր հայրենիքը` patria-fatherland-ը, ըստ այնմ ինքզինք սահմանէ եւ գործէ, աւելի ճիշդ` ապրի: Սփիւռք կոչուած պատմաքաղաքական անհեթեթութիւնը, հակառակ ազգային համարուած ինքնապաշտպանութեան եւ յուշամատեանական թափահարումներու, առանց անհայրենիք ըլլալով, պիտի չտեւէ որպէս ազգի հատուած, առանց իր patria-fatherland-ին տիրութեան գաղափարականին հանդէպ հաւատարմութեան` ժամանակ մըն ալ ան պիտի մնայ տարաշխարհիկ-exotique բոյսի կամ ծաղիկի պէս, թերեւս բազմանայ վարձու սենեակներու մէջ: Յետո՞յ…
Սովորութիւն չունինք մեր տեսիլք ունեցող մտաւորականները լսելու, անոնց պատգամները անհատական եւ հաւաքական կենսական օրակարգ դարձնելու: Յաճախ ինքզինքիս եւ ուրիշներու կը յիշեցնեմ եւ կը կրկնեմ Ի. դարու գրող Վիգէն Խեչումեանի, «Գիրք լինելութեան» մէջ ըսուած ահաւոր խօսքը` ուղղուած հայրենազուրկին եւ ինքզինք հայրենազրկողին, որոնք արմատ կորսնցնելու դատապարտուած գաղթականութիւն են: «Գիրք լինելիութեան»-ը կ՛ըսէ. «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Կացութիւն, որուն մեզ դատապարտած են «ցեղասպանութիւն-հայրենահանում»-ը, եւ այսօր այդ կը շարունակենք` մենք մեզ դատապարտելով «հայրենալքման»:
«Հողակտոր« Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը տօնուեցաւ, կրկին գրուեցաւ այդ մասին: Բայց ոչ ոք խօսեցաւ նախահայրերու հող հայրենիքի մասին, patria-fatherland-ի, որ հողակտոր-ը չէ միայն, որուն մոռացումը ազգը կը զրկէ նոյնիսկ երազէ, եւ ան կը հարթուի սպառողական քաղաքակրթութեան գլանին տակ, որուն դէմ կանգնելու հեռանկարային քաղաքականութիւն չունի ո՛չ հողակտորի եւ ո՛չ ալ պատմաքաղաքական զարտուղութիւն սփիւոքի հայութիւնը:
Եթէ միայն իրապէս անդրադառնայինք կացութեան, որոշէինք չհարթուիլ եւ ըլլալ տէր մեր patria-fatherland հայրենիքին, կ՛ըլլայինք ազգի անխարդախ շարունակութիւն, ethnic groups ընկեցիկի հեկտարներով կամ քաղաքական կեղծ իրականով չէինք փոխարիներ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ: Կրկնեմ` patria-fatherland-ը:
Հուսկ բանք. ռուսական առած մը կ’ըսէ. «Առանց հայրենիքի մարդը առանց երգի սոխակ է»: Ընդունելով սփիւռք կացութիւնը եւ հաշտուելով հայրենալքման հետ, պիտի ըլլանք անհայրենիք, կանոն պիտի դարձնենք լիբանանեան առածի այն միտքը, որ «Աքսորեալին համար հարստութիւնը հայրենիք է»: Այս առածը համահունչ է «լաւ ապրելու իրաւունք»-ի թելադրած ընտրանքներուն:
Ներսի եւ դուրսի հայեր, հաւասարապէս եւ միաժամանակ, անկեղծութեան հրաշք պահու մը պէտք է ըսեն, թէ ռուսական առածի սոխա՞կ են, կամ լիբանանցիի առածի «անհող եւ անհոգի հարստութիւն» հայրենիքի՞ն կը սպասարկեն: Եթէ այս ըսենք եւ ընդունինք, այլեւս պառակտուելու պատճառներ չենք ունենար:
Պէտք չէ հարցնել, թէ յետոյ ԱԶԳ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ո՞ւր կը մնան: Ի՞նչ կ՛ըլլանք… Մտածել եւ փորձել պատասխանել` առանց տերվիշներու պէս կլոր կլոր դառնալու:
1 հոկտեմբեր 2025,Փարիզ