Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախընտրական Կանխահաս Կիրքեր

Հոկտեմբեր 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող քաղաքական ուժերը, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն որդեգրած են, Ազգային ժողովի ընթացիկ ընտրութեան ժամկէտէն ինը ամիսներ առաջ, ընտրական օրակարգի տրամաբանութիւնը: Ժամկէտէն առաջ իշխանութիւնը փոխելու յաջորդական փորձերու ձախողումէն ետք, ընդդիմադիրները համոզուած են, որ յունիս 2026-ի ընտրութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ վերջապէս ձերբազատուելու ազգային բոլոր սրբութիւնները առանց աճուրդի վաճառող իշխանութիւններէն: Իշխանութիւնը, որ Ազգային ժողովին մէջ ունի աւելի քան երկու-երրորդի մեծամասնութիւն, կը փորձէ առաւելագոյն չափով օգտուիլ իր դիրքէն ու ամրապնդուիլ իշխանութեան մէջ: Մէկ կողմէ օգոստոս 8-ի հայ-ազերիական յուշագիրով նուաճուած փխրուն խաղաղութիւնը դրօշակ դարձնելով, իսկ միւս կողմէ` բիրտ կերպով հակադարձելով ընդդիմութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Թրամփի վկայութեամբ որդեգրուած յուշագիրը ո՛չ համաձայնագիր է, ո՛չ ալ մանաւանդ դաշինք: Յուշագիրը տրամադրութիւններու արձանագրում է, որ ցանկացած պահին կրնայ չեղարկուիլ: Միացեալ Նահանգներու նախագահին իբրեւ վկայ ստորագրութիւնը անոր չի շնորհեր ի հարկին միջամտելու իրաւասութիւն: Ինչպէս յուշագիրի ստորագրումէն առաջ ու մանաւանդ անկէ ետք, «խաղաղութիւնը» խնդրական դարձնող որեւէ հարց չեն քննարկեր ու չեն արծարծեր Հայաստանի իշխանութիւնները. գերիները մոռցուած են, Արցախի գաղթականները հրաւիրուած են հաստատուելու Հայաստանի մէջ, Հայաստանի գերիշխան տարածքէն կարեւոր բաժիններ գրաւուած կը մնան, Արցախի պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը կը փճացուի, Հայոց ցեղասպանութեան փաստը մոռացութեան կը տրուի: Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ըստ իշխանութիւններուն, գոհացած է կնքուած խաղաղութեամբ, պահանջ չունի, առնելիք չունի, հաւանաբար տակաւին տալիք ունի:

Տալիքը կը վերաբերի առաւելաբար ապագայի նախատեսութիւններուն: Կանխելու համար պահանջատիրական օրինական որեւէ քայլ նոյնիսկ հեռաւոր ապագային, Նիկոլ Փաշինեան կ՛ուզէ փոխել Հայաստանի սահմանադրութիւնը, անոր մէջէն հեռացնելով «իրական Հայաստան» կոչուած իրողութեան որեւէ փոփոխութեան նշոյլ: Ներկայ պայմաններուն մէջ կասկածելով հանրաքուէով յաջողութեան հասնելու կարելիութենէն, Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն միջոցով կ՛ուզէ վերարտադրուիլ իբրեւ վարչապետ, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ապահովել կայուն մեծամասնութիւն եւ յաղթանակին ստեղծած ոգեւորութեան մթնոլորտին մէջ` փոխել սահմանադրութիւնը: Կը նշանակէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի հաշուարկով, մինչեւ մէկ տարի ո՛չ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի, ո՛չ ճանապարհները պիտի բացուին, ո՛չ ալ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պիտի հաստատուին: Թուրք-ազերիական հաստատ պահանջ է: Իշխանութեան վերարտադրութիւնը ուրեմն էական նշանակութիւն ունի, իր նպատակները, բոլոր նպատակները իրագործելու համար: Այդ նպատակի իրագործման ճամբուն վրայէն պէտք է վերանան բոլոր խոչընդոտները. եկեղեցի, կուսակցութիւն, հասարակական կազմակերպութիւն, ազդեցիկ անձնաւորութիւն եւ այլն: Եթէ կարելի չէ վերացնել, պէտք է վարկաբեկել, արժեզրկել, կասկածելի դարձնել հանրութեան աչքին: Ներկայ որեւէ թերացումի նկատառման առիթով կը յիշեցուին նախորդներուն նմանատիպ սխալները, որոնք յաճախ ուռճացուած են եւ առանձնացուած իրենց ամբողջականութենէն: Անցեալին կատարուած արարքները, որոնք իրենց ժամանակի պայմաններով կը բացատրուին, կրնան ճիշդ կամ սխալ ըլլալ, սակայն չեն կրնար ներկայի սխալներուն իբրեւ արդարացում ծառայել:

Նախընտրական կանխահաս գործառոյթները կ՛առաջնորդեն օրէնքներու խախտումին ու իշխանութեան դաւանած բարեվարքութեան կանոններու անտեսումին: Ստեղծուած միջավայրը արդէն բարացուցական է եւ կոչուած է աւելի ճնշիչ դառնալու յաջորդ ամիսներուն:

Նկատի ունենալով, որ հայ-ազրպէյճանական յուշագիրը ենթակայ չէ Ազգային ժողովին կողմէ վաւերացման, Ազգային ժողովը, անցեալ շաբթուան քառօրեայ նիստերէն ետք արտակարգ նիստ մը գումարեց եւ ընդունեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ յայտարարութիւնը: Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները չմասնակցեցան արտակարգ նիստին:

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կամ նսեմացումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ մը: Նման օրինագիծ որդեգրուած է կարգ մը օտար երկիրներու կողմէ, օրինակ` Ֆրանսայի կողմէ: Ազգային ժողովի պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը, այսինքն` ՔՊ-ականները քաջաբար մերժեցին նախագիծը, անգամ մը եւս ցոյց տալով, որ պատրաստ չեն որդեգրելու որեւէ օրէնք, որ կրնայ նեղացնել Թուրքիան եւ անոր կցորդ Ազրպէյճանը:

 

 

Նախորդը

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Հինգերորդ Տարելիցի Նշում

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Գրիգոր Չոլաքեան` Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Մեր Սուրբ Թարգմանիչները (Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…

Հոկտեմբեր 11, 2025
Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու
Անդրադարձ

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?