Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (3 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 3, 2025
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՅԱՐՈՒԹ ՏԱԼՏԱԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 5 հոկտեմբեր 2025-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆի (ծնեալ` ԿԱՐՊՈՒՇԵԱՆ) մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 5 հոկտեմբեր 2025-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՀՐԱՉ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 5 հոկտեմբեր 2025-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————–

2025-2026 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ`
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ «ԼՈՅՍՈՎ` ԼՈՅՍԻՆ» ՆՇԱՆԱԲԱՆԻՆ

Լիբանանի դիմագրաւած բազմատեսակ տագնապներուն դիմաց, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները կը շարունակեն առաջնորդուիլ «Լոյսով` լոյսին» նշանաբանով, նորահաս սերունդին փոխանցելով գեղարուեստական մասնագիտական կրթութիւն եւ ազգային շունչ` տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի դարաւոր մշակութային ժառանգութեան եւ ապահովելու միութեան շարունակականութիւնը:

Դպրոցներու գործունէութեանց նոր թափ եւ որակ տալու համար, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը յառաջացուց Կրթական խորհուրդ մը, որուն պարտականութիւնն է հսկել կրթական ծրագիրի իրականացման, դասաւանդման եղանակներուն եւ մանկավարժական-մեթոտաբանական գործընթացին: Խորհուրդի անդամներն են արուեստագէտ Արմէն Ճէնտէրէճեան, Դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան եւ կրթական համակարգող Ռալֆ Քէօշկէրեան: Կրթական խորհուրդը հերթական հանդիպումներ պիտի ունենայ բաժնի վարիչներուն եւ ուսուցիչներուն հետ` համակարգելու կրթական աշխատանքները: Խորհուրդը նաեւ կրթական պատասխանատուն է «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին:

Յայտնենք, որ դպրոցները մասնագիտացած ուսուցչական կազմով կ՛իրականացնեն ժամանակակից ուսումնական ծրագիրներ, որոնք կ՛ուսուցանուին դասարանային բաժանումով` անհատական թէ խմբային դասաւանդման դրութեամբ: Յատուկ կը շեշտադրուի աշակերտներու ստեղծագործական ունակութիւններուն եւ տաղանդին զարգացումը:

Աշակերտները դասարանային աշխատանքներու եւ հանդէսներու կողքին, ելոյթներ ու ներկայացումներ կ՛ունենան հայկական եւ լիբանանեան կառոյցներու կազմակերպած ձեռնարկներուն ու փառատօներուն` ձեռք բերելով բեմական փորձառութիւն ու միջավայրի ծանօթացում: Գեղարուեստի դպրոցները մնայուն քաջալեր են, որ աշակերտները մասնակցին մրցոյթներու, որոնց ընթացքին արձանագրած են պատուաբեր արդիւնքներ: Նաեւ կը կազմակերպուին աշակերտներուն վարպետական դասընթացքները` մօտէն ծանօթանալու վաստակաւոր արուեստագէտներու եւ օգտուելու անոնց մասնագիտական գիտելիքներէն ու փորձառութիւններէն:

Անցնող տարիներուն իրականացուած եւ մինչեւ օրս շարունակուող կարեւոր իրագործումներ կը մնան Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի «Կոմիտաս»-ի անուան պետական երաժշտանոցի եւ Երեւանի կերպարուեստի ակադեմիայի հետ համաձայնութիւններն ու ստորագրուած յուշագիրները, որոնց ճամբով Համազգայինի վկայականը ունի Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի գեղարուեստական կառոյցներուն կողմէ ճանաչում, ինչ որ ապագայի ուսման նոր հորիզոններ բանալու ուղի մըն է:

Համազգայինը շահութաբեր միութիւն չէ, սակայն գեղարուեստական-մշակութային մեծածաւալ աշխատանքի յաջողութիւնը կ՛ենթադրէ նիւթական պարտաւորութիւններ, որոնց ապահովման համար միութիւնը կը դիմէ ծնողներուն` սերտուած ու մատչելի կրթաթոշակներով մասնակից դառնալու ծախսերուն: Նիւթական պատճառներով գեղարուեստական կրթութենէն աշակերտները չզրկելու նպատակով, այս տարեշրջանին եւս Համազգայինը որոշած է շարունակել «Սաներու ֆոնտ» ծրագիրը` նիւթական դժուարութիւններ ունեցող ծնողներու կրթանպաստ յատկացնելով:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու գեղարուեստական-կրթական պատասխանատուներն են`

– «Գայեանէ» պարի եւ պալէի դպրոցներ
Պարուսոյցներ` Կարէն Մակինեան եւ Ժաքլին Սարխոշեան

– «Արեգ» թատերական դպրոց
Բաժինի վարիչ` Սիլվա Սողոմոնեան

– «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբ
Խմբավար` Շողիկ Թորոսեան

– «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոց
Բաժինի վարիչ` Թալին Մոսիկեան

– Քանդակագործութիւն
Դասատու` Մարալ Տէր Պօղոսեան

– «Կարօտ» հայերէնի դպրոց
Դասատու` Հուրի Քոչունեան-Ղազարեան

Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել մեր երկու կեդրոններու քարտուղարութիւններուն.-

– «Լեւոն Շանթ» կեդրոն, Պուրճ Համուտ, հեռ. թիւ 01-265899
–  «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոն, Մըզհեր, հեռ. թիւ 04-715491:

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները սիրողականէն դէպի մասնագիտացում առաջնորդող հայաշունչ կառոյցներ են, ուր աշակերտները կը կազմաւորուին Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Բարսեղ Կանաչեանի, Գասպար Իփէկեանի եւ բոլոր նուիրեալ հայ արուեստագէտներուն շունչով:

Բարի եւ արդիւնաւէտ վերամուտ մեր բոլոր աշակերտներուն եւ ծնողներուն:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

————————————–

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ
ՀԱՒԱՔԱԳՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

Լիբանանի Համազգայինի արխիւները մէկտեղելու, թուայնացնելու եւ պահպանման արդիական միջոցները գործածելու նպատակադրումներով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարոզչական բաժանմունքը սկսած է արխիւներու հաւաքագրման աշխատանքներուն:

Առ այդ, բոլոր այն անհատները, որոնք Համազգայինի հետ առնչուած լուսանկարներ կամ տեսերիզներ ունին, թուայնացած, ժապաւէնի կամ տպուած տարբերակներով, թող բարեհաճին կապուիլ 71-231371 թիւին, որպէսզի պէտք եղած դասաւորումները կատարուին: Կրկնօրինակները ապահովելէ ետք, արխիւները պիտի վերադարձուին տրամադրող ենթականերուն:

Այս շրջագիծին մէջ կը յայտնենք, որ բաժանմունքը սկսած է Համազգայինի արխիւներու վերադասաւորման աշխատանքներուն: Աւելցնենք, որ Համազգայինը շուտով պիտի ունենայ «Եութիուպ»-ի կայան, ուր պիտի տեղադրուին տեսերիզները: Նշեալ լուսանկարները եւ տեսերիզները շուտով ու հերթական դրութեամբ նաեւ պիտի տեղադրուին ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ:

Անցեալի գործունէութիւնը հաւաքագրելը արխիւային հասկացողութենէն անդին եւս կը միտի համապատասխան տարածում կատարելով ոգեւորիչ օրինակ հանդիսանալ նոր սերունդի անդամներուն` շարունակելու հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման ազգային գործը:

Վստահ ենք, որ համազգայնականներն ու Համազգայինի բարեկամները պիտի ընդառաջեն մեր խնդրանքին եւ գործնապէս իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս էական ու միութեան պատմութիւնը պահպանող աշխատանքի յաջողութեան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

————————————–

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 105-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 11 հոկտեմբեր 2025-ին:

Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն եւ կամ շրջող հանգանակիչներուն:

ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

————————————–

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ»

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2025-2026

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը պիտի բոլորէ 13-րդ կրթական տարեշրջանը:

  • Դասաւանդութիւնները պիտի կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, «Խորէն Ա.» կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
  • Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողներուն առիթ պիտի ընծայուի առցանց հետեւելու դասընթացքներուն:
  • Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի` շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
  • Ուսումը անվճար:\
  • Վերամուտ` երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2025, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ

– 1 Լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. պաքալորէայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:

  • Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001, տնօրէնութիւն` պրն. Ահարոն Շխրտըմեան 03-713897:

«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ» ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (2 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 2, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (1 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 1, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (30 Սեպտեմբեր 2025)

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?