Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Մատեան Ողբերգութեան Գրիչ` Սայեադ Նովայ» Գիրքի Նմանահանութեան Շնորհահանդէս Երեւանի Մէջ
Սեպտեմբեր 19-ին Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Մատեան Ողբերգութեան գրիչ` Սայեադ Նովա» գիրքի նմանահանութեան շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Քանատայի «Հորիզոն» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի եւ մշակութասէր հասարակութեան:
Իւրայատուկ այս հրատարակութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի բազում գանձերէն մէկն է, որ արձանագրուած է 10838 թիւին տակ եւ զայն իր ձեռագրով ընդօրինակած է 18-րդ դարու մեծ աշուղ Սայաթ Նովան, 1761 թուականին, Պարսկաստանի Գիլան նահանգի Էնզելի քաղաքին մէջ:
Սայաթ Նովայի փաստացի հայ ըլլալու կարեւորագոյն այս հրատարակութիւնը նախաձեռնած է «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը` համագործակցելով Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի հին ձեռագրերու ուսումնարանին հետ:
Հանդիսութեան բացումը յայտարարեց օրուան հաղորդավար` Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան»-ի անուան թատրոնի դերասան Սամուէլ Բաղինեանը, որ երեկոյի ընթացքին նաեւ ասմունքեց Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»-էն հատուած մը:
Տէրունական աղօթքով սրբազան հայրը կատարեց բացումը, որմէ ետք խօսք տրուեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան անդամ, երաժշտագէտ Դանիէլ Երաժիշտին, որ նշեց. «Որքան շատ հրատարակուին նման բացառիկ գործեր, այնքան կ՛ամրապնդուի Սայաթ Նովայի հայ ըլլալը. թէեւ ինք գրած է. «Սայաթ Նովէն ինքը հայ է, իր հաւատքին ամուր կանգնած», բայց, այնուամենայնիւ, այլ ազգեր դեռ կասկածի տակ կը դնեն Սայաթ Նովայի հայ ըլլալու փաստը, իսկ այս հրատարակութիւնը եւս մէկ ապացոյց է, որ Սայաթ Նովան մերն է: Այս հրատարակութիւնը սովորական ընդօրինակութիւն մը չէ, որովհետեւ Սայաթ Նովա ի՛նք կը վկայէ, որ Նարեկացիի ոգին կը թեւածէր իր սենեակին մէջ, երբ ան կ՛արտագրէր այս մատեանը, կարծես Նարեկացին կը բռնէր Նովայի ձեռքը եւ ինք կը գրէր:
Ժողովրդական արուեստագէտ, աշուղական երգի վարպետ դոկտոր Թովմաս Պօղոսեան նոյնպէս շեշտը դրաւ հրատարակութեան իւրայատկութեան վրայ` նշելով Սայաթ Նովայի կողմէ նմանահանուած գիրքի անհերքելի վկայութիւնը անոր հայ ըլլալու փաստին մասին եւ` Աստուծոյ նախախնամութեան, որ ուժ ու համարձակութիւն տուած է, ոգի ներշնչած է Սայաթ Նովան, որպէսզի ընդօրինակէ Մեծն Նարեկացիի մատեանը:
«Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր- նախագահ Նարեկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի աշխատակազմին, յատկապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Քանատայի Ազգային առաջնորդարանին եւ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս կեանքի կոչուեցաւ այս գիրքը հրատարակելու գաղափարը. 2016 թուականին օփերայի երգիչ Պօղոս Եղիազարը կը յայտնէ այս ձեռագրի գոյութեան մասին, «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը պարտք կը համարէ զայն հրապարակել եւ հանրայնացնել: Աշխատակազմը կեանքի կը կոչուի` համագործակցելով Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին հետ:
Տարիներու աշխատանքէն ետք գործը կը կասեցուի նիւթական պատճառներով: Նարեկ Յարութիւնեանը ծրագիրի մասին կը պատմէ Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Տանիա Օհանեանին, վերջինս կ՛առաջարկէ ծրագիրը ներկայացնել Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանին, որուն աջակցութեան շնորհիւ` գիրքը կը տպագրուի:
«Նարեկացի» արուեստի միութեան նախագահը համոզուած է, որ այս բոլորի մէջ կայ նախախնամութիւն. «Ամէն ինչ Տիրոջ կողմէ ուղղորդուեցաւ դէպի մեր առաջնորդը, որ այսօր ալ, դարձեալ մեր հոգեւոր հովիւը Տիրոջ կողմէ Քանատայէն Հայաստան ուղարկուած է` ներկայ գտնուելու գիրքի շնորհահանդէսին, իր օրհնութիւնը մեզ շնորհելու համար:
Բաբգէն արք. Չարեանն իր հայրական խօսքով նշեց. «Պահը շատ յուզիչ է եւ միաժամանակ մեր սրտերը հպարտութեամբ կը լեցնէ, որովհետեւ հնչեցին խօսքեր, որոնք մեզ կը զօրացնեն, կը հզօրացնեն եւ կը հաստատեն, որ մեր հանճարները անմահ են: Այսօր Սայաթ Նովայի միջոցով դարձեալ Նարեկացին լսեցինք, Նարեկացին շնչեցինք եւ Նարեկացին ապրեցանք: Ահաւասիկ` մեր մեծերը, որոնք պէտք չէ մեռնին եւ չեն մեռնիր, այնքան ատեն որ մենք կ՛ապրեցնենք զիրենք, կը լսենք եւ իրենց միջոցով մեր հայեացքը կը դարձնենք առ Ամենաբարին, Ամենամեծը, Ամենակարողը: Նարեկը Աստուածաշունչէն ետք ամենասուրբ գիրքը դարձած է եւ պէտք է մնայ, ոչ միայն բարձի տակ դրուելու, այլ` ապրելու, իրապէս զգալու, որովհետեւ երբ Նարեկացի կը կարդանք, կը գիտակցինք, որ անոնք սոսկ բանաստեղծական բառեր չեն, այլ կարծես մեզմէ իւրաքանչիւրին սրտի կանչն է առ Աստուած, կը զգանք, թէ որքա՛ն փոքր ենք մենք այս մեծութեան դիմաց, որքա՛ն տկար ենք այդ զօրութեան դիմաց եւ մեր միւս մեծերուն դիմաց: Իրապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր-տնօրէն Նարեկ Յարութիւնեանին եւ իր բոլոր աշխատակիցներուն, Մատենադարանին, որուն համագործակցութեամբ մենք կրցանք այս նմանահանութիւնը լոյս աշխարհ բերել: Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են այս գործին եւ` այսօր բոլոր ելոյթ ունեցողներուն: Այսօրուան ձեռնարկը մեզի պարգեւեց Նարեկացիի եւ Սայաթ Նովայի ընդմէջէն տեսնելու գեղեցիկը, որ ունինք Մաշտոցէն սկսեալ մինչեւ այսօր»: Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Վաղը կրնան ըսել` այս եկեղեցին մզկիթ էր, այս մեծն ալ հայ չէ, բայց հայկականութիւնը, ազգութիւնը նիւթական շէնքով չէ, ոգիով է: Աստուածաշունչը կ՛ըսէ, որ կրնան մեր մարմինները սպաննել, բայց չեն կրնար մեր ոգին սպաննել: Այո՛, ոգին չի մեռնիր, եթէ մենք չմեռցնենք: Այս ոգին է պէտք, որպէսզի մենք ապրինք եւ կարենանք շարունակել մեր հոգեմտաւոր արժէքներով հզօրանալ եւ շարունակել մեր պայքարը: Նոր մեծութիւններ պիտի շարունակեն ծնիլ, այնքան ատեն որ մենք այս ոգին կը պահենք»:
Շնորհահանդէսի ընթացքին «Նարեկացի» արուեստի միութեան ցուցասրահին մէջ ներկայացուեցան գեղանկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեանի հեղինակած Սայաթ Նովայի դիմանկարները: Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան քամանչահար Յակոբ Խալաթեանը, «Նարեկացի» արուեստի միութեան «Նովա» ժողովրդական նուագախումբի երաժիշտները:
Հանդիսութեան աւարտին «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր-տնօրէն Նարեկ Յարութիւնեանը միութեան «Հայ մշակոյթի դեսպան» յուշանուէրը յանձնեց Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանին:
Մակար Սրբազան Այցելեց Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեանին
Ուրբաթ, 19 սեպտեմբեր 2025-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Հայաստան գտնուելուն առիթով, այցելութիւն տուաւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին:
Հանդիպումի ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները եւ ներկայ մարտահրաւէրները: Կողմերը յոյս յայտնեցին, որ Սուրիան աստիճանաբար դէպի խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում կ՛առաջնորդուի, ուստի ամէն ջանք պէտք է թափել դրական այդ ճիգերուն զօրավիգ կանգնելու եւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները զարգացնելու համար:
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Նորա Արիսեանին եւ գնահատեց անոր տարիներու աշխատանքը եւ ներկայ ջանքերը` յանուն երկու հայրենիքներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան ի խնդիր:
Մակար սրբազան անդրադարձաւ այս իշխանութեան օրով արձանագրուող վերջին օրերու բարելաւումներուն` ծառայողական, ապահովական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ: Այնուհետեւ զեկուցեց բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ Եագուպիէ կատարուած ուխտագնացութեան մասին, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց համայնքի զաւակներուն մօտ: Սրբազան հայրը յոյս յայտնեց, որ Սուրիան, իր ժողովուրդի միասնութեամբ, քայլ առ քայլ կը թօթափէ իր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կ՛առաջնորդուի դէպի խաղաղ ու ծաղկուն ապագայ:
Դոկտ. Նորա Արիսեան, իր կարգին, բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց թեմի եւ սուրիական հայրենիքի ծառայութեան իր առաքելութեան մէջ:
Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, կառուցողական միտքերու փոխանակումով:
Ֆրանսացի Յայտնի Ցեղասպանագէտ Իվ Թեռնոն Պարգեւատրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկի «Ռաֆայէլ Լեմքին» Յուշամետալով
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ նշանակալի աւանդին եւ խորքային հետազօտութիւններուն համար ֆրանսացի նշանաւոր ցեղասպանագէտ Իվ Թեռնոնը պարգեւատրեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի «Ռաֆայէլ Լեմքին» յուշամետալով:
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 24-26 Երեւանի մէջ կայացած «Քննարկելով «այլեւս երբեք»-ը. Ողջակիզումը եւ զանգուածային ոճրագործութիւնները» («Interrogating the Never Again the Holocaust and Mass Atrocities») խորագիրով միջազգային դասընթացքի ծիրին մէջ, որ կազմակերպած էին Երեւանի պետական համալսարանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանատուները, ինչպէս նաեւ` Փարիզի «Շոա» յուշահամալիրը:
Սեմինարին երկրորդ օրը սեմինարը ամբողջութեամբ կայացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, օրուան նիւթ ունենալով` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցերու ուսումնասիրութիւնը: Այդ օրը բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Վ. Տատրեանի անուան համեմատական ցեղասպանագիտութեան բաժինի վարիչ Սուրէն Մանուկեանը, որ ներկայացուց «Մարդկայնօրէն ինչպէ՞ս կարելի է. Ցեղասպանութիւն հայերու նկատմամբ» նիւթը:
Երկրորդ բանախօս Էլոտի Կաւրիլոֆը ներկայացուց «Արցախի ցեղային զտում» խորագիրով դասախօսութիւնը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում, որուն մասնակցեցան` յայտնի ֆրանսացի ցեղասպանագէտ Իվ Թեռնոնը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի հայաբնակ շրջաններու մէջ հայութեան բռնաճնշումներու ուսումնասիրութեան բաժինի վարիչ Յարութիւն Մարութեանը:
Մտերմիկ Հանդիպում` Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Հետ
Նախաձեռնութեամբ Ազգ. Քարեն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան Հայաստանի վարչութեան, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ հալէպահայութեան հետ 20 սեպտեմբեր 2025-ին, ՀՕՄ-ի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին ու աւելի քան 100 հալէպահայերու:
Սրբազան հօր արտասանած Տէրունական աղօթքէն եւ Շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Րաֆֆի Աւետիսեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Ժիրայր Կարապետեան բացման խօսքով ողջունեց սրբազան հօր ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ եւ աւելցուց. «Ձեր հովուական եւ առաջնորդական ծառայութիւնը ունի անփոխարինելի արժէք: Ձեր հոգատար եւ հետեւողական ղեկավարութիւնը երաշխիք է, որ համայնքը իր բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները պիտի շարունակէ դիմագրաւել յոյսով ու անսասան հաւատքով»:
Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանի կողմէ սրբազան հօր կենսագրականի ընթերցումէն ետք խօսք առաւ սրբազան հայրը եւ լայն գիծերու մէջ ներկայացուց` Սուրիոյ քաղաքական վերիվայրումներն ու հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւնները, պետական նոր աւագանիին հետ մշակուած յարաբերութիւնները, համայնքը պահելու համար Ազգ. առաջնորդարանի եւ քոյր համայնքապետներու կողմէ տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` Հայ եկեղեցւոյ, ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու գոյութիւնը պահելու համար թափուած ջանքն ու ճիգը:
Ներկաներուն կողմէ եղած հարցումներուն սրբազան հայրը տուաւ սպառիչ պատասխաններ, եւ դրական մթնոլորտի մէջ հանդիպումը վերջ գտաւ:
Հայաստանի Ազգային Սենեկային Նուագախումբի 100-Ամեայ Յոբելենական Համերգաշրջան
19 սեպտեմբերին Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փառաշուք համերգ մը, որ եկաւ բնորոշելու Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբի 100-ամեայ համերգաշրջանի սկիզբը: Յոբելենական այս հանգրուանին զուգադիպեցաւ նաեւ Երեւանի 17-րդ Միջազգային երաժշտական փառատօնին մեկնարկը: «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ համախմբուած երաժշտասէրները ականատես եղան իսկապէս անմոռանալի երաժշտահանդէսի մը: Երեկոյթի ընթացքին` իբրեւ մենակատար, հանդէս եկաւ համաշխարհային բեմերը նուաճած ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան: Յոբելենական համերգը ղեկավարեց Ֆինլանտայէն յայտնի խմբավար Փիեթարի Ինքինենի: Երեկոյթի ընթացքին հնչեցին հանճարեղ գլուխ-գործոցներ` Եան Սիպելիուսի ջութակի քոնչերթոն, «Ֆինլանտա» սեմֆոնիք պոէմը եւ Կիւսթաւ Մալերի թիւ 1 «Թիթան» սեմֆոնին:
Յոբելենական համերգաշրջանը սկսելուն առիթով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան յայտարարեց, որ նուագախումբը արդէն ունի դարաւոր պատմութիւն: Ան յիշեցուց, որ 1925 թուականին, երբ աշխարհի վրայ աշխարհաքաղաքական խճճուած իրավիճակ կը տիրէր, Երեւանի երաժշտանոցի տնօրէն Արշակ Ադամեանը եւ յօրինող Ալեքսանդր Սպենդիարեանը Հայաստանի մէջ հիմնադրած էին այս նուագախումբը: Իր խօսքով, բարդագոյն ժամանակաշրջաններու մեջ նուագախումբը սկսաւ ծաւալել բեղուն գործունէութիւն եւ ցարդ կը շարունակէ Հայաստանի կատարողական արուեստը ներկայացնել աշխարհի մէջ եւ կը հանդիսանայ երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար այցեքարտ մը: Դանիէլեան յայտնեց, որ այս իսկապէս դպրոց մը, կրթական կեդրոն մըն է: Արդարեւ, սենեկային նուագախումբը ղեկավարած են ականաւոր խմբավարներ. օրինակ` Օհան Տուրեան, Դաւիթ Խանճեան, Լորիս Ճգնաւորեան եւ ուրիշներ:
Վերջին քսանհինգ տարիներուն սենեկային նուագախումբը կը ղեկավարէ մայեսթրօ Էդուարդ Թոփչեանը: Այս վերջինը խոստովանեցաւ, որ երբ ստանձնած էր նուագախումբին ղեկը, ապա իր միտքով իսկ չէր անցած, թէ այդքան երկար ճանապարհ կ՛անցնի ֆիլհարմոնիքին հետ: «Երբ եկայ, շատ երիտասարդ էի, կը մտածէի` կը զարգացնեմ նուագացանկը, փորձառութիւն ձեռք կը բերեմ եւ կ՛երթամ: Չեմ զղջար, որ այսպէս ստացուեցաւ: Մենք միշտ դժուարութիւններու մէջ անցած ենք եւ կ՛անցնինք, բայց ունինք նաեւ ձեռքբերումներ, որոնցմէ ամենակարեւորը ինծի համար նուագախումբին մակարդակն է: Մենք յաջողած ենք բարձրացնել նուագախումբին երաժշտական մակարդակը», ըսաւ մայեսթրոն:
Հաղորդենք, որ նուագահանդէսի ընթացքին երաժշտասէրները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբը, որ 100-ամեայ համերգաշրջանը կը դիմաւորէ յոբելենական բերկրանքով: