Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոպհանի. «Իրան Կ՛աջակցի Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ջանքերուն»

September 20, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին, որ կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը:

Նախագահը ողջունած է դեսպանը եւ շնորհակալութիւն յայտնած պաշտօնավարման ընթացքին ցուցաբերած հետեւողական ջանքերուն համար, որոնք նպաստած են Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացման:

«Ձեր պաշտօնավարման ընթացքին դուք զգալի յաջողութիւններ արձանագրած էք», ըսած է նախագահը եւ յոյս յայտնած երկու երկիրներու համագործակցութեան հետագայ սերտացման վերաբերեալ:

Դեսպանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, իր երախտագիտութիւնը յայտնած է դիւանագիտական առաքելութեան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ իրեն ցուցաբերուած աջակցութեան ու արդիւնաւէտ աշխատանքի համար:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ բազմոլորտ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր: Կողմերը դրականօրէն արձանագրած են փոխադրամիջոցային եւ ուժանիւթային ենթակառոյցներու զարգացման գործին մէջ Հայաստանի եւ Իրանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, ինչ որ ամուր հիմք է համագործակցութեան ընդլայնման համար:

Զրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են շրջանային իրողութիւններու շուրջ, որուն ծիրին մէջ դեսպանը շեշտած է, որ Իրան կ՛աջակցի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան հիմնարար ուղղութեամբ Հայաստանի ջանքերուն: Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է իրանեան կողմէն բազմիցս հնչած յստակ եւ հետեւողական դիրքորոշումներուն համար:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տնտեսական համագործակցութեան, ապրանքաշրջանառութեան եւ զբօսաշրջային հոսքերու շարունակական զարգացման` ընդգծելով այդ ուղղութիւններով գոյութիւն ունեցող մեծ ներուժը:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ Ունեցաւ Քիրիլ Պատրիարքին Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Ներկայացուցիչին Հետ

Յաջորդը

Սեպտեմբերի 19-ը` Արցախի Հանրապետութեան Ժողովուրդի Բռնի Տեղահանութեան Օր

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.