Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը 23 օգոստոս 1990-ին ընդունեց «Հայաստանի անկախութեան մասին» հռչակագիրը, որուն հիմամբ ընթացք առաւ Խորհրդային Միութենէն անկախացման գործընթացը: Պետական դրօշ հաստատուեցաւ Եռագոյնը, այնուհետեւ ընդունուեցաւ պետականութեան խորհրդանիշ զինանշանը:
Խորհրդային Միութեան ղեկավար Միխայիլ Գորբաչով որոշեց 17 մարտ 1991-ին հանրաքուէ կազմակերպել:
Մասնակիցներուն մեծ մասը թեր արտայայտուեցաւ Խորհրդային Միութեան պահպանման` իբրեւ ինքնավար հանրապետութիւններու միութիւն: Հանրաքուէին չմասնակցեցան Լաթվիա, Լիթուանիա, Էսթոնիա, Մոլտաւիա, Վրաստան եւ Հայաստան:
Մոսկուայի մէջ 19 օգոստոս 1991-ին յեղաշրջման փորձ կատարուեցաւ, որմէ ետք Ռուսիոյ նախագահ Պորիս Ելցինի հրամանագիրով արգիլուեցաւ համայնավար կուսակցութեան գործունէութիւնը:
Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագիրի սկզբունքներէն մեկնելով, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը որոշեց 21 սեպտեմբեր 1991-ին հանրապետութեան տարածքին հանրաքուէ կազմակերպել` Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու եւ անկախ հանրապետութիւն դառնալու հարցով:
Հանրաքուէն կայացաւ Խորհրդային Միութեան ընտրական օրէնսգիրքին համաձայն: Ընտրելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 163 հազար 967 քաղաքացիներէն հանրաքուէին մասնակցեցաւ 2 միլիոն 56 հազար 758 հոգի: Անկախութեան թեր քուէարկեց 2 միլիոն 42 հազար 262 հոգի: «Ոչ» քուէարկեց 10.002 հոգի: Անվաւեր ճանչցուեցաւ 4129 քուէաթերթիկ: Անվաւեր ճանչցուեցաւ 4129 քուէաթերթիկ: Խախտումներու վերաբերեալ բողոքներ չարձանագրուեցան: Հանրաքուէի ընթացքին հետեւեցան 117 դիտորդ` 25 երկիրներէ:
Հանրաքուէի արդիւնքին հիմամբ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը Հայաստանը հռչակեց անկախ պետութիւն:
Այնուհետեւ, 16 հոկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ եւ Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ:
5 յուլիս 1995-ին, համաժողովրդական հանրաքուէով ընդունուեցաւ նոր սահմանադրութիւն: Հետագային կատարուեցան սահմանադրական փոփոխութիւններ:


