Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին ամիսներուն կը փորձէ ճնշում բանեցնել Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին վրայ` ստիպելով զայն հրաժարական տալու, այդպիսով խախտելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը, որ կ՛արգիլէ պետական պաշտօնատարներուն միջամուխ ըլլալ Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն:
Երբ կաթողիկոսը մերժեց հրաժարական տալ, Փաշինեան գտաւ զայն հեռացնելու այլ միջոց մը` օրինականութեան քողին տակ: Ան այժմ յառաջ կը քշէ կեղծ պատրուակ, թէ կաթողիկոսը խախտած է Հայաստանի օրէնքը` հոգեւորականներուն կոչ ուղղելով մասնակցիլ հակափաշինեանական բողոքի ցոյցի: Սակայն այս մէկը չի կրնար յանցագործութիւն նկատուիլ, ընդհակառակը, ասիկա պաշտպանուած խօսքի ազատութիւն է, որ ժողովրդավարութեան հիմնասիւներէն մէկն է:
Վերջերս Փաշինեան խորհրդարանին մէջ յոխորտաց, թէ քանի որ ժողովուրդը չ՛ապստամբիր իր քաղաքականութեան դէմ, ուրեմն համաձայն է իրեն: Իրականութեան մէջ Հայաստանի մէջ անոնք, որոնք կը բողոքեն կամ կը հակադարձեն անոր, կ՛արձակուին իրենց աշխատանքէն, կը ձերբակալուին եւ կը բանտարկուին, իսկ սփիւռքի ընդդիմախօսներուն Հայաստան մուտքը կ՛արգիլուի: Փաշինեան նախ կը լռեցնէ զանոնք, ապա կը յայտարարէ, թէ ժողովուրդը կ՛աջակցի իրեն: Ա՛յս է այն «ժողովրդավարութիւնը», որ ան բերած է Հայաստան:
Փաշինեան կը մոռնայ, որ հայ ժողովուրդին աւելի քան 90 տոկոսը` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ, Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդ է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ եկեղեցւոյ միլիոնաւոր աջակիցները մեծապէս կը գերազանցեն անոր նուազող աջակիցներուն թիւը:
Վերջին ամիսներուն Փաշինեան հրամայած է ձերբակալել երկու արքեպիսկոպոսներ, բարերար Սամուէլ Կարապետեանն ու քանի մը այլ անձեր` կեղծ մեղադրանքներով: Այս ամսուան սկիզբը Միքայէլ արք. Աջապահեան դատապարտուեցաւ երկու տարուան բանտարկութեան` յեղաշրջման կոչ ուղղելու մեղադրանքով: Նախորդ շաբաթ Փաշինեան ձերբակալեց նաեւ Արագածոտնի թեմի առաջնորդ, կաթողիկոսին զարմիկ Մկրտիչ եպս. Պռօշեանը, ինչպէս նաեւ տասնեակ հոգեւորականներ եւ աշխատակիցներ` եկեղեցական գոյքի եւ անոնց տուներու խուզարկութիւններէն ետք: Մեղադրանքը հիմնուած էր դժգոհ հոգեւորականի մը յայտարարութեան վրայ, իբր թէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղած է իրեն մասնակցելու 2021-ին Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած հանրահաւաքին: Այս ձերբակալութիւններուն նպատակն է վախցնել ուրիշները, որպէսզի անոնք ալ չյանդգնին ընդդիմանալ Փաշինեանին:
Հայ առաքելական եկեղեցին դատապարտեց նախորդ շաբաթուան ապօրինի ձերբակալութիւնները` կառավարութեան գործողութիւնները որակելով որպէս «բռնաճնշումներ Հայոց եկեղեցու դէմ» եւ զանոնք բաղդատելով «բնորոշ ամբողջատիրական համակարգերու» հետ: Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու երեք առաջնորդները միացեալ յայտարարութեամբ քննադատեցին Հայաստանի կառավարութիւնը` եպիսկոպոս Պռօշեանի ձերբակալման համար եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին կաթողիկոսին:
Յառաջիկայ տարուան յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին վարչապետը բացայայտօրէն կը փորձէ վերացնել հնարաւոր մրցակիցները եւ մաքրել քաղաքական դաշտը հակառակորդներէն:
Հայաստանի մէջ դատարանները անկախ չեն կառավարութենէն, դատաւորները կը գործադրեն Փաշինեանի հրահանգները: Պէտք չէ մոռնալ, որ 2018 թուականին իշխանութեան գալէն ետք Փաշինեան ամբարտաւանօրէն յայտարարեց. «Կա՞յ տենց դատաւոր, որ իմ ասածը չանի»:
Վատթարացնելով իրավիճակը` Փաշինեանի շրջապատը կոչ ուղղեց կառավարութեան` ձերբակալելու Ռոպըրթ Ամսթըրտամը` Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող յայտնի միջազգային փաստաբանը, որ Հայաստան կը գտնուի Սամուէլ Կարապետեանը պաշտպանելու համար: Ամսթըրտամ յայտարարեց. «Մենք պիտի շարունակենք մեր յարձակումները Հայաստանի վրայ, մինչեւ որ ազատ արձակուի Սամուէլ Կարապետեանը»: Աւելի ուշ ան պարզաբանեց, որ խօսքը միջազգային իրաւական եւ քաղաքական ճնշման մասին է, եւ ոչ` ֆիզիքական գործողութիւններու: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնը նախորդ շաբաթ ձերբակալեց Ալեքսանտր Քոչուպայեւը` բանտարկուած Բագրատ արք. Գալստանեանի փաստաբանը` դատական համակարգը քննադատելուն համար: Իրաւաբաններու միջազգային յանձնաժողովը խստօրէն դատապարտեց անոր ձերբակալութիւնը:
Կառավարութեան հակաեկեղեցական գործողութիւնները, կարծես, նախերգանք են կաթողիկոսին դէմ քրէական մեղադրանքներ առաջադրելու` զայն աւելի հլու հնազանդ հոգեւորականով փոխարինելու համար: Միեւնոյն ժամանակ ազրպէյճանցիները կ՛ողջունեն բարձրաստիճան հայ հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները` զանոնք կոչելով «վրէժխնդիրներ»: Ազրպէյճանական յարձակումները Հայոց եկեղեցու վրայ կը գլխաւորէ Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն:
Վարչապետ Փաշինեանին պատկանող «Հայկական ժամանակ» թերթը նախորդ շաբաթ հրապարակեց 2023 թուականի հեռաձայնային զրոյցի մը ձայնագրութիւնը` կաթողիկոսին նախկին գաւազանակիրին եւ Նաթան արք. Յովհաննիսեանի միջեւ, որ կը քննարկուի կաթողիկոսին կողմէ հոգեւորականներուն վրայ գործադրուած ենթադրեալ ճնշումը` մասնակցելու Փաշինեանի դէմ կազմակերպուած հանրահաւաքին:
Այդ ձայնագրութեան հրապարակումէն ետք կառավարութեան քննչական կոմիտէն յայտարարեց, որ յարուցուած է «քրէական վարոյթ»:
Կ՛ուզեմ երկու դիտարկում կատարել.
1.- Քանի որ այս հեռախօսի զրոյցը ձայնագրուած է 2023 թուականին, ինչո՞ւ կառավարութիւնը զայն երկու տարի պահած է եւ միայն հիմա անիկա կը հրապարակուի: Պատասխանը պարզ է` սպասած է ամենայարմար պահուն` հեռաձայնային զրոյցը օգտագործելու կաթողիկոսին դէմ իբրեւ ապացոյց:
2.- Ոեւէ մէկուն հեռաձայնային զրոյցը գաղտնօրէն ձայնագրելը անօրինական է: Ես տեղեակ չեմ որեւէ դատարանի որոշման մասին:
Եթէ մօտիկ ապագային կաթողիկոսը ձերբակալուի եւ բանտարկուի, արդեօք Հայաստանի ժողովուրդը վերջապէս պիտի արթննա՞յ եւ պիտի պաշտպանէ՞ Եկեղեցին, թէ՞ պիտի մնայ իր ինքնակամ մահաքունին մէջ:
Անոնք, որոնք կոչ կ՛ուղղեն հայերուն ձեռնպահ մնալու որեւէ գործողութենէ եւ սպասելու յաջորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, կը վտանգեն Հայաստանի գոյութիւնը:
Բոլոր անոնք, որոնք այժմ կը խախտեն օրէնքները եւ հակահայ գործունէութիւն կը տանին, պէտք է քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուին եւ պատժուին Հայաստանի յաջորդ հայրենասէր կառավարութեան կողմէ:



