Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան 34-րդ Տարեդարձին Առիթով

Սեպտեմբեր 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

21 սեպտեմբեր 2025-ը Հայաստանի Հանրապետութեան 34-րդ տարեդարձն է: Երեսունչորս տարիներ առաջ, 21 սեպտեմբեր  1991-ին Հայաստան ընդհանուր յաղթանակի զգացումով արտայայտեց իր անկախութեան որոշումը եւ ազատ, անկախ ու գերիշխան ապրելու իր կամքը:

Անշուշտ պէտք չէ մտահան ընել, որ այս բարեբաստիկ, տարեդարձը Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան տարեդարձն էր: Սա կը նշանակէ, որ ներկայ Հանրապետութենէն առաջ ունեցանք առաջին եւ երկրորդ իրերայաջորդ հանրապետութիւններ:

Շուրջ վեց երկար դարեր ստրկային գոյավիճակէ մը ետք եւ Ցեղասպանութեան գողգոթայէն երեք տարիներ ետք, 28 մայիս 1918-ին, հայ ժողովուրդի մնացորդացը հերոսաբար կերտեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը որ հիմքն ու խարիսխը դարձաւ այսօրուան մեր սիրելի հայրենիքին:

Շուրջ երկուքուկէս տարու մեր մանուկ հանրապետութիւնը քաղաքական պարագաներու դաժան դասաւորումով խորհրդայնացաւ 29 նոյեմբեր 1920-ին: Այսպէս ծնաւ երկրորդ  հանրապետութիւնը, որ ի վերջոյ դարձաւ հսկայ Խորհրդային Միութեան 15 հանրապետութիւններէն մէկը:

Առաջին հանրապետութիւնը ի՜նչ-ինչ զոհողութիւններու գնով հայ ժողովուրդին տուաւ ներկայ Հայաստանը իր 29,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ: Երկրորդ հանրապետութիւնը, հակառակ իր համայնավար վախի ու սարսափի վարչակարգին, առնուազն պահեց ու մեզի փոխանցեց ներկայ Հայաստանը, ուր գիտութիւնն ու մշակոյթը կրցան արձանագրել միջազգային նուաճումներ: Մօտաւորապէս եօթանասուն տարի խորհրդային լուծի տակ գտնուող Հայաստանը իր անկախութիւնը հռչակեց 21 սեպտեմբեր 1991-ին` Խորհրդային Միութեան անկումէն քանի մը ամիսներ առաջ, դառնալով առաջիններէն մէկը խորհրդային կայսրութեան 15 հանրապետութեանց` իր անկախութիւնը հռչակելու եւ ազատ ու անկախ պետութիւն դառնալու:

1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն շուրջ երկուքուկէս տարի ետք ծնունդ առնող երրորդ  հանրապետութեան ծագումն ու օրէ օր աճումն ու զարգացումը հրաշալի երեւոյթ մըն է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մանաւանդ եթէ նկատի առնենք Հայաստանի դրացի թուրք-ազերի տնտեսական շրջափակումն ու քաղաքական սեղմումները, Հայաստանի գոյատեւումը հրաշքի համազօր իրողութիւն մըն է:

Բացայայտ իրողութիւն մըն է, որ Հայաստան ներկայիս բազմաթիւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, բաւական թերութիւններ եւ խոցելի կողմեր ունի: Դժբախտաբար ժողովրդավարական սկզբունքներ միշտ ալ չեն յարգուիր: Մեր դեռատի հանրապետութեան առջեւ ցցուած են լուրջ խոչընդոտներ, որոնք պէտք է հարթուին, բացուած են մեծ մարտահրաւէրներ, զորս պէտք է քաջութեամբ դիմագրաւուին:

Բայց նկատի առնուելու է այն պարագան, որ երկիր մը չի կառուցուիր քանի մը տարիէն, ոչ ալ անոր թերութիւնները կրնան սրբագրուիլ առանց տհաճ փորձառութիւններու: Ժողովրդավարութեան գործընթացը ծանր ու յամրաքայլ է եւ կը կարօտի համբերութեան ու յամառ աշխատանքի: Այս դժուարին աշխատանքը կը կարօտի քաղաքական, բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեան, եւ սփիւռքը կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ այս մարզին մէջ:

Հայաստան-սփիւռք անբաժանելի են իրարմէ, թէեւ երկուքն ալ կտրուած են աշխարհագրականօրէն, թէեւ` իրարմէ հեռու, բայց` այնչափ մօտ եւ անբաժան, զիրար լրացնող եւ ամբողջացնող… Երկուքին ֆիզիքական եւ հոգեկան միախառնութեամբ` հայ ազգութիւն-պետութիւնը կազմող իրականութիւններ… Սփիւռքը չի կրնար ապրիլ առանց Հայաստանին եւ անոր խորհրդանշող հայկականութեան եւ ցեղային շարունակականութեան: Իսկ փոխադարձաբար, Հայաստան չի կրնար հեռու պահել ինքզինք իր ժողովուրդի կէսէն, տարասփիւռ հայ ժողովուրդէն: Թէ՛ սփիւռքահայութեան եւ թէ՛ հայրենաբնակ հայութեան համար Հայաստանը փառք ու պարծանք է,  հայ ժողովուրդի յաւերժութեան ամրակուռ խարիսխը. բայց մանաւանդ` սփիւռքահայութեան համար, որ ներկայիս, աւելի քան երբեք, ենթակայ է սպիտակ ջարդի անագորոյն գրոհներուն:

Ներկայ Հայաստանը, իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, մեզի կու տայ ազգային ինքնութեան հպարտութիւնը, որ մենք ազգ ենք, ունինք հայրենիք եւ ունինք ազգային դրօշ:  Այս հպարտութիւնը, անտարակոյս, կ’ամրապնդէ աշխարհացրիւ հայորդիներու հայրենասիրութեան եւ ազգայնականութեան զգացումը:

Արդ, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան 34-ամեակին համայն հայութեան առանձնաշնորհումն է սրտովին ողջունել այս բարեբաստիկ տարեդարձը` անոր մաղթելով նոր նուաճումներով, յաջողութիւններով եւ հայրենասիրական յաղթանակներով լի ցնծուն տարի մը ու տարիներ…

Թող այս լուսաւոր փուլը գեղեցիկ առիթ մը ըլլայ նաեւ ուխտելու, որ սփիւռքահայեր եւ հայրենաբնակ հայեր պիտի շարունակեն իրենց պայքարը` ի խնդիր Հայ դատին, մինչեւ այն երջանիկ օրը, երբ համակ հայութիւնը միաւորուած, համախմբուած ապրի եւ ստեղծագործէ իր պապենական եւ ազատագրուած հողերուն վրայ` միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Անկախութիւնը Եւ Ազգային Արժէքներու Կորուստը

Յաջորդը

Անկախութեան 34-Ամեակ. Հայաստանի Խորհրդային Միութենէն Անկախացման Պատմական Գործընթացը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?