Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Մամուլը մշակոյթի մը գլխաւոր գործօններէն մէկն է եւ ազգի մը կեանքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ: Անշուշտ ան կոչուած է ըլլալու հաղորդակցութեան միջոց մը, ժողովուրդի մը զանազան մասնիկներուն միջեւ կապ պահելու` կարծիքներու, գաղափարներու եւ ընթացիկ հարցերու փուլերուն հետ:

Ինչ կը վերաբերի հայ մամուլին, հարկ է ըսել, որ ան մեր ազգային գործունէութեանց հիմնաքարերէն մէկն է: Անտարակոյս հայ մամուլը` մեր ազգային գոյութեան եւ գործունէութիւններու գլխաւոր կառոյց հանդիսացող  հայ ընտանիքին, եկեղեցիին, դպրոցին եւ կազմակերպութիւններուն կողքին, հզօր ազդակ մըն է հայ մշակոյթի վերելքին:

Տարակոյս չկայ, որ մամուլը ուժ է, յատկապէս` ազատ երկիրներու մէջ, քանի որ ան կը վայելէ ժողովրդային զանգուածներուն ամուր յենարանը: Ամբողջատիրական երկիրներու մէջ մամուլը բռնատէր ղեկավարներու անպարտելի գործակատարն է, իսկ ազատ մամուլը` այդ բռնակալները հալածող գլխաւոր մղձաւանջը: Այդ պատճառով է, որ ամբողջատիրական երկիրներ կը սարսափին ազատ մամուլէն եւ կը հաստատեն գրաքննութիւն` կաշկանդելով ազատ արտայայտութեան տարրական իրաւունքները:

Իր կոչումին եւ առաքելութեան գիտակից մամուլը օրհնութեան մշտահոս աղբիւր մըն է ազգի մը կեանքին մէջ: Ան կը յատկանշուի մշակութային արժէքներու եւ կառոյցներու զարգացման, նուիրական աւանդութեանց անկորուստ պահպանման, ժողովուրդի մը ազգային գիտակցութեան եւ իրաւունքներու պահպանման հրամայականներով:

Այսպէս է նաեւ կոչումն ու առաքելութիւնը հայ մամուլին: Ան կը շնչէ ու կ՛ապրի հայ ազգի ընդհանրական շահերուն եւ իրաւունքներուն, երջանկութեան կամ տառապանքի, համաժողովրդային յոյսերուն եւ անձկութեանց, անիրաւուած իրաւունքներուն եւ ազգային դատի հետապնդման հրամայականներով:

Այո՛, հայ մամուլը իր կոչումն ու առաքելութիւնը ունի, եւ երբ հաւատարիմ է անոնց, ան կը սատարէ հայ ազգի վերելքին, իսկ երբ անհաւատարիմ է, կը նսեմացնէ իր ազգին պատիւն ու արժանապատուութիւնը:

Հայ մամուլը կոչուած է ըլլալու ճշմարտութեան պատգամախօս: Երբ այս կոչումով եւ առաքելութեամբ կ՛առաջնորդուի եւ իրերն ու անձերը, պատահարներն ու եղելութիւնները կը ներկայացնէ առարկայական ճշգրտութեամբ, այն ատեն կը սատարէ ազգին վերելքին: Իսկ եթէ չափազանցութիւններու եւ խեղաթիւրումներու ճահիճին մէջ իյնայ եւ գաղափարի տարբերութիւններն ու պարզ տարակարծութիւնները վերածէ անվայել կռիւներու եւ մամուլի ասպարէզը դարձնէ անզուսպ պայքարի կրկէս, յայնժամ իր կոչումի բարձունքէն վար կ՛իյնայ եւ կը նսեմացնէ հասարակութիւնն ու ազգը:

Հայ մամուլին կոչումն ու առաքելութիւնն է մեր ազգային շահերը գերադաս նկատել: Իսկ երբ մամուլը անհատական, հատուածական, կուսակցական եւ յարանուանական շահերը կը գերադասէ հայ ժողովուրդի ընդհանրական եւ հաւաքական շահերէն, այն ատեն կը նսեմացնէ ազգն ու հայրենիքը:

Հայ մամուլին ազդեցութիւնը հզօր է եւ անոր ներդրումը` հսկայ, երբ ան իր առաքելութեան լրիւ գիտակցութեամբ կը գործէ եւ կ՛առաջնորդուի լրագրական արժանաւորութեամբ եւ ո՛չ տնտեսական ու շահադիտական նկատառումներով:

Հայ մամուլը կոչուած է բարին, գեղեցիկն ու ճշմարիտը ի յայտ բերելու եւ անոնցմով ներշնչելու իր ընթերցողները: Երբ ան գաղափարի ազատութեան անունով ջատագով կը դառնայ անբարոյական եւ վատառողջ գաղափարներու, կը դառնայ հանրութիւնը նսեմացնող եւ վատթարացնող միջոց:

Հայ մամուլը կոչուած է ըլլալու` հանրութեան առաջնորդ, շինիչ գաղափարներու կազմաւորման հնոց եւ հանրութիւնը ուղղող յառաջատար ուժ: Բայց ան իր նուիրականութիւնը կը կորսնցնէ, երբ կը դառնայ հասարակութիւնը հաճոյացնելու միջոց, անհատական եւ հատուածական շահերէ ու շարժառիթներէ տարուբերուող խամաճիկ:

Հայ մամուլը կոչում ունի` խթան դառնալու, նոր գաղափարներ, նոր գործելակերպեր, այժմէական, գիտական եւ ընկերային հարցեր վերլուծելու: Բայց երբ ան առատ թուղթ կը մրոտէ անպէտ, ճղճիմ, պատահական եւ ոչ շահեկան նիւթերով, անկասկած կ՛ապականէ եւ կը նուաստացնէ իր կոչումն ու առաքելութիւնը:

Հայ մամուլը կոչուած է դաստիարակ ըլլալու: Դաստիարակը երբեմն կը դրուատէ եւ երբեմն կը քննադատէ: Քննադատութիւնը մեղք չէ, երբ քննադատին դիտաւորութիւնը սրբագրել եւ շտկել է: Տեսնել մարդոց գործերուն մէջ թերիներ, սխալներ, զանցառութիւններ ու մեղքեր եւ աշխատիլ զանոնք սրբագրել` յառաջդիմութեան էական պայմաններէն մին է:  Կարեւոր է նաեւ գիտնալ, թէ ի՛նչ է քննադատութեան շարժառիթը` շինե՞լ, թէ՞ քանդել:

Հայ մամուլի մէջ ալ մերթ ընդ մերթ կը հանդիպինք քննադատներու, որոնք տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատին մարդոց մէջ սխալներ եւ մեղքեր գտնել: Այսպիսիներ դրական եւ շինիչ ներդրում չունին: Այս տեսակ մարդիկ կը մոռնան, որ քննադատել եւ քանդել դիւրին բան է, բայց շինել, դարմանել, նորոգել` դժուար բան: Այս տեսակ քննադատներ կը նմանին անպատասխանատու, անգութ եւ անխիղճ վիրաբուժի մը, որ կը տեսնէ թարախոտ վէրք մը, բայց ոչինչ կ՛ընէ զայն դարմանելու…

Ընտիր նկարագրի տէր, խղճամիտ եւ իմաստուն մամուլի երախտաւորները իրազեկ են մամուլի կոչումին եւ առաքելութեան ու կ՛աշխատին իրենց լաւագոյնը ընել` դրական իրագործումներով սատարելու հայ մամուլի վերելքին:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Յեղափոխական Պայքարի Տեսութիւնը Եւ Հրամայականը Նոյնն Են Այսօր Եւս (Զինեալ Պայքարի 50-Ամեակի Առիթով)

Յաջորդը

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Խմբագրական «Ալիք»-ի.  Յեղափոխական Պայքարի Տեսութիւնը Եւ Հրամայականը Նոյնն Են Այսօր Եւս  (Զինեալ Պայքարի 50-Ամեակի Առիթով)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Յեղափոխական Պայքարի Տեսութիւնը Եւ Հրամայականը Նոյնն Են Այսօր Եւս (Զինեալ Պայքարի 50-Ամեակի Առիթով)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?