Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարմնակրթութեան Մէջ Կանանց Աջակցիլը Հիմքն Է Աւելի Առողջ Հասարակութեան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

September 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց Ռիատի ակումբի կանանց վոլիպոլի ակադեմիայի մեկնարկին առիթով կազմակերպուած մարմնակրթական առաջին փառատօնին: «Ասիկա պարզապէս մարմնակրթական գործունէութիւն չէ, այլ պատգամ մը, թէ լիբանանցի կինը ամբողջական իրաւունք ունի մարմնակրթութեամբ զբաղելու, յառաջդիմելու, մրցակցելու եւ այլ ոլորտներու նման հոս ալ փայլելու», այս առիթով ըսաւ ան:

«Մարմնակրթութեան մէջ կանանց աջակցիլը հիմքն է աւելի առողջ հասարակութեան», շեշտեց Պայրագտարեան:

«Այն պահուն, երբ Լիբանանը տնտեսական ու քաղաքական խոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, այսպիսի նախաձեռնութիւնները կը հաստատեն, որ փոփոխութիւնը վարէն կը սկսին` քաղաքապետութիւններէն, երեսփոխաններէն, քաղաքացիական հասարակութենէն եւ մարդոցմէ, որոնք որոշեցին կառուցել», ըսաւ ան:

«Մենք կարիքը ունինք պետութեան մը, որ իր երիտասարդներուն շահերը հետապնդէ: Պիտի աշխատինք ազգային, արդար, համապարփակ եւ բարգաւաճ մարմնակրթութեան մը համար », յայտարարեց Պայրագտարեան:

Մամլոյ Լսարան

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Լիբանանի մէջ Երեխաներու քաղցկեղի կեդրոնին հրաւէրով, չորս նախարարներ տուին մամլոյ ասուլիս մը` առ ի զօրակցութիւն Փարիզէն Պէյրութ Երեխաներու քաղցկեղի կեդրոնին աջակցելու միտող «ՊայՊայք» նախաձեռնութեան:

Մամլոյ ասուլիսին Պայրագտարեանի կողքին կը մասնակցէին առողջապահութեան նախարար տոքթ. Լաքան Նասրետտինը, զբօսաշրջութեան նախարար Լորա Լահուտ Խազենն ու տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոսը:

Պայրագտարեան բացատրեց, թէ նախաձեռնութեան ծիրին մէջ Ռալֆ Խուրի եւ Քարլա Ժապպուր 21 սեպտեմբերին հեծանիւով Փարիզէն ճամբայ պիտի ելլեն եւ երկու ամիս ետք ժամանեն Պէյրութ:

«Ասիկա ճամբորդութիւն մըն է, որ յոյսի պատգամ կը պարունակէ, եւ կը հաստատենք, որ մարմնակրթութիւնը կրնայ կեանքի եւ զօրակցութեան պատգամներու աջակցութեան գործիք ըլլալ, ճիշդ ինչպէս այսօրուան մեր նպատակն է: Այս կեդրոնի մանուկները մեր իսկական հերոսներն են իրենց քաջութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ հաւատքով: Իբրեւ պետութիւն ու հասարակութիւն, մեր պարտականութիւնն է անոնց կողքին կանգնիլ կարելի բոլոր միջոցներով, որոնց շարքին է մարմնակրթութիւնը, որ սրտերը կը միաւորէ եւ ներուժը կը միացնէ»:

Ան յայտարարեց, որ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ այսպիսի նախաձեռնութիւններու, «որովհետեւ մեր պատգամը պէտք է ըլլայ ծառայութիւն մատուցել մարդկութեան, մասնաւորաբար երեխաներուն, որոնք ամէն հոգատարութեան ու սիրոյ արժանի են: Եկէ՛ք այս ձեռնարկը մեր համեստ ջանքերով վերածենք յոյսի պատգամի եւ կեանքի կոչի, օրինակ մը, թէ զօրակցութիւնը փոփոխութիւն կը բերէ, ուստի մեր մասնակցութեամբ փոփոխութիւն բերենք եւ խաւարի մէջ եղող հիւանդին համար մոմ մը վառենք»:

Նախորդը

«Դիմադրութեան Գոյատեւումը Անհրաժեշտ Է Բոլորին, Արտաքին Ու Ներքին Ճնշումներուն Դիմաց Պիտի Չընկրկինք Եւ Երբեք Անձնատուր Պրտի Չըլլանք» Հաստատեց Շէյխ Քասեմ

Յաջորդը

Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

RelatedPosts

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Պետական Անվտանգութեան Կառոյցի Հիմնադրութեան Տարեդարձը

September 29, 2026
Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»
Լիբանանեան

Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Սաֆիէտտինի Նահատակութեան Բ. Տարելիցին Առիթով. Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Մենք Քեզ Չենք Յիշեր, Այլ Հետդ Կ՛ապրինք, Մենք Ունինք Մէկ Լիբանան Եւ Ոչ Լիբանաններ»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.