Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Մոհամետի ծննդեան տօնին առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց, որ «Դիմադրութեան գոյատեւումը բոլորին անհրաժեշտ է, եւ ձեզ կը հրաւիրենք մեր հայրենիքը միասնաբար կառուցելու եւ մեր թշնամիներուն դիմաց ըլլանք միասնական գործընկերներ»:
«Պետութեան գերիշխանութիւնը իրականացնելու պատասխանատուութիւնը կը նշանակէ Իսրայէլը լիբանանեան հողերէն հեռացնել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ իր գլուխը բարձրացնել, երբ իսրայէլացին Հերմել հասաւ: Ինչո՞ւ կ՛ուզէ Լիբանանի ուժէն հրաժարիլ երբ Լիբանանը պաշտպանելու այլընտրանք չունի»:
Քասեմի համաձայն, ամերիկեան միջնորդութիւնը Իսրայէլի հետ մեղսակից է Լիբանանի վրայ յարձակումին, ուստի չի տատամսիր Լիբանանը Իսրայէլին յանձնելու:
«Ամերիկան նահանջեց Լիբանանի նկատմամբ իր յանձնառութենէն, եւ հարցը այլեւս վերածուեցաւ թշնամիին կողմէ որեւէ քայլէ առաջ կուսակցութեան զինաթափման` խաղաղութեան կամ զինուորական միջամտութեան ճամբով»:
«Արեւմուտքը Լիբանանով չէ հետաքրքրուած, այլ Իսրայէլով, սակայն մեզի համար Լիբանանը մեր հողն է, մեր ապագան, մեր սերունդներու ապագան, ներքին ու արտաքին ճնշումներուն դիմաց պիտի չընկրկինք, որքան ալ մեծնան: Երբեք անձնատուր պիտի չըլլանք եւ երբեք Լիբանանի ուժէն պիտի չհրաժարինք», ըսաւ ան:
«Գոյութիւն ունին շարք մը ազդակներ, որոնք սանձեցին կառավարութեան որոշումները, որոնք տրուեցան 5 եւ 7 օգոստոսին, եւ որոնք ազգային ուխտին կը հակասէին, իսկ անոնց նպատակը երկիրը դէպի անորոշութիւն առաջնորդելն էր», շեշտեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
Շէյխ Քասեմ` խօսքը լիբանանեան բեմին ուղղելով, ըսաւ. «Սպասեցէ՛ք, որ լուծենք արտաքին խնդիրը, անկէ ետք կը քննարկենք ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը»` նշելով. «Ներքին որոշ կողմեր, դժբախտաբար իսրայէլեան կշռոյթով կը գործեն, եւ ես անոնց կը խրատեմ երկրին մէջ գործընկերներ ըլլալու եւ թշնամին չարդարացնելու»:
Ան կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան եւ շեշտեց` «չկայ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութենէն դուրս որեւէ քննարկում, եւ այդ է լուծման միակ ուղին»:
«Դիմադրութեան շարունակութիւնը բոլորին համար անհրաժեշտութիւն է, անիկա Լիբանանի ուժն է», շեշտեց շէյխ Քասեմ:
«Ձեզ կը հրաւիրենք միասնաբար հայրենիք մը կառուցելու եւ թշնամիին դիմաց միասնական գործընկերներ դառնալու: Ասիկա մեր բոլորին պատասխանատուութիւնն է», եզրափակեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը: