Ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Հաժժար հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահը տեղեակ պահեցինք թմրեցուցիչներու մաքսանենգման դէմ պայքարի վերջին գործողութիւններուն մասին: Ան գնահատեց այն մեծ ջանքը, զոր արդարադատական ոստիկանութիւնն ու թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի գրասենեակը ի գործ կը դնեն, նաեւ` թմրեցուցիչներու եւ արգիլուած նիւթերու գրաւման առաքելութեան մէջ անոնց արձանագրած ձեռքբերումները»:
«Արաբական պետութիւններուն, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիոյ ու Քուէյթի եւ բոլոր բարեկամ պետութիւններուն հետ կայ թմրեցուցիչներու եւ արգիլուած նիւթերու դէմ պայքարի ամբողջական ու շարունակուող գործակցութիւն», ընդգծեց նախարարը: