8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուեցաւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ կարեւոր քայլ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:
«Կարեւոր է նշել, սակայն, որ այս փուլին մենք կը խօսինք միայն նախաստորագրման եւ ոչ թէ վերջնական ստորագրման մասին: Խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման եւ իրականացման համար հայկական կողմը պէտք է որոշակի քայլեր ձեռնարկէ: Մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը տակաւին կը պարունակէ կէտեր, որոնք կը հակասեն Ազրպէյճանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան` արտայայտելով անընդունելի տարածքային պահանջներ: Ուստի, տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական օրէնքը պէտք է համապատասխանեցուի երկու երկիրներուն կողմէ արդէն նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին եւ ոգիին: Բայց եւ այնպէս, համաձայնագիրի նախաստորագրումը մեծ յառաջընթաց է:
«Ասիկա երկկողմանի ձեւաչափով իրականացուած կառուցողական երկխօսութեան, երկու կողմերու քաղաքական կամքի եւ, ի հարկէ, շարք մը միջազգային գործընկերներու կառուցողական աջակցութեան արդիւնք է: Մենք յատկապէս կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական ներդրումն ու ջանքերը: Եթէ այս հոլովոյթը լրջօրէն եւ վճռականօրէն շարունակուի, Հարաւային Կովկասի պատմութեան մէջ կրնայ բացուիլ նոր էջ` հիմնուած համագործակցութեան, կայունութեան եւ ընդհանուր բարեկեցութեան վրայ», ըսած է Ամիրպեքով: