Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դատապարտեց Մինսքի Խմբակի Լուծարումը

September 4, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դատապարտեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը եւ կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան, որ պատասխանատուութեան ենթարկէ Ազրպէյճանը` Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացնելուն համար:

Հայ դատի յանձնախումբը դարձեալ զգուշացուց, որ Մինսքի խմբակի լուծարումը կրնայ վնաս հասցնել Հարաւային Կովկասի մէջ արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն ապահովելու ջանքերուն:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը ոչ թէ խաղաղութեան առաջնորդող քայլ է, այլ Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պայման` միակողմանի համաձայնութեան հասնելու համար, որ ձեռք բերուեցաւ պարտադրանքի եւ ուժի կիրարկման միջոցով: Այս վտանգաւոր նախադէպը իրականութեան մէջ կը վարձատրէ Ազրպէյճանը` Արցախի մէջ իրականացուցած ցեղային զտումին, հայ բանտարկեալները անօրէն կերպով բանտարկուած պահելուն եւ խոշտանգելուն, ինչպէս նաեւ հայկական գերիշխան տարածքները բռնագրաւելուն համար, քայլեր, որոնք հարուածներ կը հասցնեն միջազգային իրաւունքին եւ դիւանագիտութեան հիմնական սկզբունքներուն, զորս ժամանակին կը մարմնաւորէր Մինսքի գործընթացը», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը նախապէս շեշտած էր, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական եւ կայուն խաղաղութիւնը կրնայ հաստատուիլ միայն պատասխանատուութեան եւ արդարութեան վրայ, որոնց համար պէտք է պարտադրուին պատժամիջոցներ Պաքուի դէմ եւ պէտք է ապահովուի Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան վերադարձը, Ազրպէյճանի կողմէ հայ բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի  գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը:

Հայ դատի յայտարարութեան մէջ նաեւ կոչ կ՛ուղղուի ԵԱՀԿ-ին եւ միջազգային համայնքին, որ շարունակեն Մինսքի խմբակին ստանձնած գործընթացը, պաշտպանել մարդկային տարրական իրաւունքները եւ տեղահանուած հայերու իրաւունքները, գերիներուն  ազատ արձակումը եւ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանութիւնը ապահովելուն զուգահեռ:

«Միայն շարունակական, անկողմնակալ եւ սկզբունքային գործակցութիւնը կրնայ  ապահովել Արցախի ժողովուրդին արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքները ու Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնը», կ՛եզրակացնէ Հայ դատը:

 

 

Նախորդը

Ալիեւն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը

Յաջորդը

Մինասեան. «Իշխանափոխութենէն Ետք Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքը Պիտի Ըլլայ Օրակարգային»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.