Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 4, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը յայտարարեց. «Իշխանութիւնը պէտք է դադրի թշնամիին ձրի նուէրներ մատուցելէ եւ ետդարձ կատարէ զէնքի հարցին մէջ Ազգային ուխտին հակասող իր որոշումէն»:

«Հաւասարապէս ցաւալի եւ զաւեշտալի է, որ փտածութեան հոտեր կ՛ելլեն կառավարութենէ մը, որ անդամալոյծ վիճակի մէջ կը գտնուի, բացի եթէ հարցը արտաքին թելադրանքներուն հնազանդելուն կը վերաբերի», նշեց պլոքը:

. ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ մօտիկ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամ կը պնդէ կառավարութեան որդեգրած զինաթափման որոշումի գործադրութեան վրայ, եւ անկէ երբեք ետդարձ չկայ, իսկ Սալամի երկուշաբթի օր բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ հանդիպումը լաւ էր»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Եւ հանրապետութեան նախագահի վերջին հանդիպումը լուծումի չյանգեցաւ, ո՛չ ալ ելքի մը, այլ աւելի զէնքի հարցին նման երկու ղեկավարներու մօտեցումներուն տարբերութեան հաստատման նման էր»:

Աղբիւրները նշած են. «Կառավարութեան իր դիրքորոշման վրայ մնալը կրնայ նոյնիսկ Լիթանի գետէն հարաւը Հըզպալլայի հետ գործակցութեան վրայ ազդել»:

. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած են, թէ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ պատրաստ է երկեակին նախարարաց խորհուրդի ուրբաթ օրուան նիստին վերաբերեալ որդեգրելիք որեւէ բեմագրութեան, ներառեալ կառավարութենէն հրաժարման, եւ ան այս հարցին մէջ յոյսը կապած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ինչպէս նաեւ այս հարցին հետ կը վարուի այնպէս, թէ նիստը պիտի կայանայ առանց որեւէ արտակարգ զարգացումի:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլայի զինաթափման բանակի հրամանատարութեան ծրագիրը մանրամասն կերպով մշակուեցաւ եւ կարիքը ունի միայն Հըզպալլայի դրական ընկալումին, առանց որուն բանակի ծրագիրը կը վերածուի ներխուժումներու գործողութիւններու, բան մը, որմէ բոլորը կը խուսափին»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս կիրակի առտու կը հասնի Լիբանան, ուր ապահովական արագ ժողովներ պիտի գումարէ եւ հանդիպում պիտի չունենայ քաղաքական պաշտօնատարներու հետ, այլ միայն ապահովական պատասխանատուներու հետ, որոնց աշխատանքը կապ ունի զինադադարի համաձայնութեան հսկողութեան համար ստեղծուած «մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի աշխատանքին հետ»:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Փութինը, Ժինփինկն Ու Ընը Միացեալ Նահանգներու Դէմ Դաւադրութիւն Կը Ծրագրեն»

Յաջորդը

Միւֆթի Տրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Պետութիւնը Փտածութեան Եւ Զէնքի Ձեռքէն Վերստանձնելու

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?