Չինաստանի մէջ Շանկհայի կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:
Ըստ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան, Իրանի նախագահը յայտարարած է, որ Թեհրանը կ՛աջակցի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, որոնք ուղղուած են շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման: Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Թեհրան դէմ է Կովկասի մէջ որեւէ օտարերկրեայ զինուորական ներկայութեան` զայն նկատելով խաղաղութեան սպառնացող վտանգ:
Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին հաստատած է, որ Անգարան կը շարունակէ խորհրդակցութիւններ կատարել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ` խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար: