Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Չէ Ստորագրուած Որոշակի Պատճառով»

Օգոստոս 28, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. «Խաղաղութեան համաձայնագիրը չէ ստորագրուած որոշակի պատճառով մը` Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ տակաւին կայ այնպիսի կէտ, որ կասկածի տակ կը դնէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»: Ան այս մասին ըսած է «Արապիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին

Ան նշած է, թէ որքանով կը հասկնան, Հայաստանի մայր օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին: «Եւ երբ այդ սահմանադրական փոփոխութիւնը կատարուի, երբ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները վերցուին, պիտի հաստատուի պաշտօնական խաղաղութեան համաձայնագիր», ըսած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, փաստը, որ այս փաստաթուղթը նախաստորագրուած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Սպիտակ տան մէջ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեան, արդէն կը նշանակէ պատերազմի աւարտը:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ յայտարարած է. «Այժմ, երբ նախագահ Թրամփ իր անունը տուած է Զանգեզուրի միջանցքին, վստահ եմ, որ անիկա պիտի իրականացուի մօտակայ ժամանակին»:

Անոր համոզումով` «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի դառնայ ոչ միայն Արեւելք-Արեւմուտք փոխադրամիջոցային միջանցք, այլ նաեւ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցք:

«Կը կարծեմ, որ ասիկա շահաւէտ կացութիւն պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին համար, եւ այստեղ կորուստներ պիտի չըլլան», ընդգծած է ան` հաւաստելով, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը Իրանի համար եւս վտանգ չի ներկայացներ:

Ինչ կը վերաբերի ֆիզիքական ենթակառոյցի կառուցման, Ալիեւ ըսած է, որ երթուղիի ընդհանուր երկարութիւնը 42 քիլոմեթր է.«Եթէ մենք զայն կառուցէինք, պիտի կատարէինք մէկ տարուան մէջ, որովհետեւ մենք մեծ փորձառութիւն ունինք երկաթուղիներու կառուցման ոլորտին մէջ: Հայաստանի համար հաւանաբար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ յաւելեալ քանի մը տարի»:

Ալիեւ նաեւ անդրադարձած է այն հարցին, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ, եթէ Հայաստանի որեւէ ապագայ կառավարութիւն, անկախ անկէ, թէ ե՛րբ պիտի գայ իշխանութեան, կասկածի տակ դնէ ուաշինկթընեան համաձայնութիւնները: Ան շեշտած է, թէ ատիկա լուրջ հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ:

«Կը կարծեմ, ասիկա բոլորին համար ակնյայտ է, եւ եթէ Հայաստանը կրկին կասկածի տակ դնէ մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, մենք համապատասխան կերպով պիտի պատասխանենք», ըսած է Ալիեւ` ընդգծելով, որ ասիկա երկու պետութիւններուն միջեւ համաձայնագիր է, եւ ոչ թէ իր ու Փաշինեանի միջեւ:

«Եթէ մենք ուզէինք արգելափակել հայ-իրանեան սահմանը, ատիկա կ՛ընէինք 2020 թուականի նոյեմբերին», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ան միեւնոյն ժամանակ պնդած է. «Զանգեզուրի ազրպէյճանական բռնագրաւումի մասին որոշ լրատուամիջոցներու եւ կայքերու տեղեկութիւնները բացարձակ սուտ էին»: Բայց եւ այնպէս, Ալիեւ շեշտած է, որ զինուորական տեսանկիւնէն Սիւնիքի հարաւային հատուածի գրաւումը Պաքուի համար լուրջ դժուարութիւն չէր ներկայացներ:

«Նոյնիսկ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին ատիկա ընելը այնքան ալ բարդ չէր: Այդ ճամբուն երկարութիւնը ընդամէնը 40 քիլոմեթր է: Զինուորական տեսանկիւնէն ատոր համար այնքան ալ շատ ժամանակ չէր պահանջուեր: Պարզապէս երկու կողմէն` Նախիջեւանէն եւ Ազրպէյճանի հիմնական հատուածէն կու գաս եւ կը վերցնես զայն», նշած է Ալիեւ:

«Իրանի նախագահի դիրքորոշումը ողջամիտ է եւ հիմնուած այն փաստին վրայ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը որեւէ սպառնալիք չի ներկայացներ Իրանի համար», ըսած է ան:

«Մեր միջպետական յարաբերութիւնները Իրանի հետ կառավարութիւններու, նախագահներու, արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ յարաբերութիւններ են: Հետեւաբար, մենք ամբողջովին կ՛անտեսենք այն կեղծ պատմութիւնները, որոնք կը տարածեն այսպէս կոչուած խորհրդականները», աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը:

 

 

Նախորդը

Նեթանիահու Անձնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Սաղաթէլեան. «Արցախի Հարցը Փակուած Ներկայացնելու Վերաբերեալ Իշխանութիւններու Փորձերը Ինքնախաբէութիւն Են»

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ

Հոկտեմբեր 7, 2025
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը

Հոկտեմբեր 4, 2025
Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման.  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ
Գլխաւոր լուրեր

Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?