Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, անոր լիազօրութեան հաւանական փոփոխութիւնները պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ: Այս մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն ըսած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բանբեր Անիթա Հիփեր:
«Առաքելութեան լիազօրութիւնն է վերահսկել եւ զեկուցել հայ-ազրպէյճանական սահմանի հայկական կողմին վրայ տիրող կացութեան մասին», ըսած է ան` նշելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` կարելի եղածին չափ շուտ ստորագրելու եւ վաւերացնելու զայն: