Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Համաձայնագիրը՝ Ազգային Արժանապատւութեան Եւ Գերիշխանութեան Հաշւոյն Ցաւալի Զիջում

August 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ուրբաթ, 8 օգոստոս 2025-ի երեկոյեան Ուաշինկթընի Սպիտակ տան մէջ, Մ. Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ, տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ:

Հանդիպումի աւարտին հրապարակուեցաւ «խաղաղութեան» հիմքերէն մեկնող համաձայնագիր: Երեւան զայն ներկայացուց իբրեւ «պատմական յաղթանակ»: Իրականութեան մէջ տուեալ համաձայնագիրին բովանդակութիւնը կ՛ոտնակոխէ` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը, մեր ժողովուրդին ազգային արժանապատուութիւնը, եւ ռազմաքաղաքական վտանգաւոր գօտիի կը վերածէ Հարաւային Կովկասը: Երեւան իբրեւ «յաղթանակ» կը ներկայացնէ համաձայնագիրին ստորագրութիւնը, սակայն վերլուծութիւնները ազգային պարտութիւն եւ ազգային շահերու նահանջ կը մատնանշեն:

Պատմական փորձը կը վկայէ, որ փոխադարձ արդարութեան եւ ազգային շահերու վրայ չհիմնուած համաձայնութիւններ, ուշ կամ կանուխ, նոր եւ երկարաժամկէտ հակամարտութիւններու դուռ կը բանան:

Տուեալ համաձայնագիրով Հայաստան փակուած համարեց Արցախի հարցին արդար կարգաւորումը: Այս լռութիւնը քաղաքական մակարդակի զիջումէ աւելի` պատմական իրաւունքներէ հրաժարում մըն է: Հարցում մը` «յաղթանակ» կերտող իշխանութեան ներկայացուցիչները ի՞նչ խիղճով պիտի այցելեն Եռաբլուր:

Ազրպէյճան ստացաւ միջանցք, Ուաշինկթընի հետ կնքեց քարիւղի արտահանման եւ արտածման նոր պայմանագրութիւններ, ջնջուեցաւ անոր դէմ Ներկայացուցիչներու տան ռազմական օգնութիւն ստանալու թիւ 907 յօդուածին արգելքը:

Հայաստանի իշխանութիւնները տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումով եւ հաղորդակցութեան միջանցքի համաձայնութեամբ գոհացան` առանց հաշուի առնելու Հայաստանի ազգային-անվտանգութեան շահերը: Հայաստանի հարաւային գօտիով պիտի ստեղծուի միջազգային հաղորդակցութեան ճանապարհ, որուն շահագործման եւ հսկողութեան համար Մ. Նահանգներ, «հայ-ամերիկեան» միացեալ անուան տակ, բացառիկ իրաւասութիւններ պիտի ստանան յառաջիկայ 99 տարիներուն: Փաստօրէն Հայաստանէն որոշակի տարածք մը երկարաժամկէտ կտրուածքով դուրս պիտի գայ անոր գերիշխանութենէն: Այս վտանգաւոր նախադէպ է:

Համաձայնագիրը մեծամասնութեամբ կը բաւարարէ մեր թշնամիներուն շահերը, քան` Հայաստանի երկարաժամկէտ անվտանգային նպատակները: Այս պայմաններով ստորագրուած համաձայնագիր մը աւելի պարտադրուած զիջումներ կը յիշեցնէ, քան` յաղթանակ: Փաշինեանի փայփայած «Իրական Հայաստան»-էն գրաւուած տարածութիւններուն մասին յիշատակութիւն անգամ չեղաւ:

Համաձայնագիրը, անոր ստորագրութիւնը, գործադրութիւնը տակաւին շատ ջուր կը վերցնեն…

Ազրպէյճանի նախագահին յատուկ յանձնարարականներով դեսպան Էլչին Ամիրբէկով յաղթանակով գինովցողներուն յիշեցուց` համաձայնագիրը ստորագրելու եւ վաւերացնելու համար Հայաստան անհրաժեշտ է, որ փոփոխութեան ենթարկէ իր սահմանադրութիւնը…

Սա պարզապէս յաւելեալ զիջումներ պարտադրելու պատգամ մըն է: Հասկցողին շատ բարեւ:

 

Նախորդը

Ակնարկ. «Հետագայ Գործողութիւններ»

Յաջորդը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.