Ոչ ալ մենք մեր անցեալը կուռքի վերածած`պաշտամունքի արարողակարգեր սարքած ենք տասնամեակներ շարունակ: Փաստօրէն, իր սեփական ժողովուրդին ծառայելու կոչուած ու անոր դատին կեանքը զոհաբերած բուռ մը ուխտեալներ ճիշդ ժամանակին կրցեր էին հաւաքագրուիլ, գիտակցիլ պահու լրջութիւնը, նետուած էին անհաւասար պայքարի դաշտ, մարտնչելու թուրքին դէմ, որ` դարերէ ի վեր սպանդի ու թալանի, սարսափի ու հաւաքական բնաջնջումի քաղաքականութիւն որդեգրած ըլլալով, արեան մէջ խեղդած էր ամբողջ Արեւմտահայաստանը:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ 19-րդ դարու հայ քաղաքական մտքի զարթօնքը իր բոլոր արտայայտութիւններով չէր կրցած կասեցնել արեան հեղումը, ապահովել հայութեան անվտանգութիւնը, որ մանաւանդ`արիւնարբու սուլթան Համիտի օրով հասած էր իր ահաւորութեան: 1895-96-ի հայոց սպանդը կարծես նախանշանը ըլլար Մեծ եղեռնին:
Մէկ կողմէ բարենորոգումներու թղթածրարը, միւս կողմէ հայոց մշակութային զարթօնքը, թէեւ իրենց դրական ազդուութեամբ որոշակի վիճակ ստեղծած էին, այդուհանդերձ կը մնար հիմնական արժեհամակարգի մը ստեղծումը` յեղափոխական մտքի ու գործի կարեւորութիւնը, իմաստն ու դերակատարութիւնը:
Եւ ահա, ՀՅ Դաշնակցութեան զինուորագրեալ աննման տղաներ, ֆետայիներ եւ ազգային գործիչներ, կը նետուէին պայքարի դաշտ` իրենց կուրծքը ցցելով թշնամի բանակներու յանուն հայ գեղջուկի ազատութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան:
Այո՛, անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ հայը, շնորհիւ ազգային ազատագրական պայքարին, կրցաւ իր թմբիրէն արթնցնել ազգի տարբեր շերտերը ու զանոնք մղել ազգային արժանապատուութեան գիտակցութեան, սեփական բազուկին ապաւինելու եւ անվախօրէն կռուելու թուրքին դէմ:
Ու այդ ազգային սխրանքէն ծնունդ կ՛առնէին հերոսներ, որոնք քաջաբար կռուեցան թուրքին եւ քիւրտին դէմ, ազգի մնացորդացը փրկելով ստոյգ բնաջնջումէ:
Արդ,
Եթէ երբեք ուզենք գիտնալ մեր եւ թուրքին տարբերութիւնը, ինչ կը վերաբերի սեփական պատմութեան այս կամ այն դիպաշարի թէ դէմքի գնահատման, բաւարար է հետեւիլ թշնամի մամուլին մէջ արձանագրուած կամ պետական այրերու շրթներուն բարբաջող խօսքերուն, որով անոնք ամէն պատեհ առիթի բարձրագոռ կը գովերգեն իրենց երբեմնի «հերոս»-ները, թէկուզ դահիճ-ցեղասպաններ ըլլային անոնք, աւելի՛ն. ողջ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած զազրելի անձեր:
Ի դէպ, ամիս մը առաջ էր, երբ հայ մամուլին մէջ կարդացինք, թէ խումբ մը թուրք պետական այրեր (երեսփոխան) առաջարկեր են Հայաստանի հետ սահմանի մը անցակէտը կոչել Թալէաթ փաշայի անունով եւ այլն: Ճիշդ է, որ լուրը չզարմացուց մեզ, որովհետեւ թրքութիւնը հոմանիշ է եղած, դարեր շարունակ, բարբարոսութեան եւ սպանդի, այդուհանդերձ, Թալէաթի անուան նշումը, սապէս հեգնանքի, ծաղրի ու վիրաւորանքի դրսեւորում նկատեցինք, շպրտուած` հայոց ու Հայաստանի երեսին:
Թուրքը այս քայլով կ՛ուզէ յիշեցնել, որ, թէկուզ Թալէաթ զգետնուեցաւ հայ վրիժառուներու ձեռամբ, այլապէս ալ ան կը մնայ թրքութեան խորհրդանիշը:
Կրնայ ըսուիլ, եւ ըսուեցաւ տարբեր հարթակներէ, որ թուրքերը ազատ են իրենց մտածումին թէ քայլերուն մէջ, նման թրքավարի միտում` առնչութիւն չունի հայ ժողովուրդին հետ:
Այդուամենայնիւ, յստակացնել է պէտք, որ կայ մետալի միւս երեսը, որ կապ ունի ազգային մեր պարունակին, աւելի ճիշդ`հայ անհատներու (թիւով շատ), որ առիթ չեն փախցներ հեգնախառն խօսքերով վարկաբեկել, ծաղրել եւ անլուրջ մտքեր արտայայտել Հայոց պատմութեան այս կամ այն դիպաշարին թէ դէմքին մասին` յագուրդ տալով, այս պարագային, հակադաշնակցական իրենց մոլուցքին:
14 օգոստոս 1896:
Ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով ընթացք կ՛առնէր Պանք Օթոմանի գրաւումը եւ տարբեր շրջաններու մէջ գործողութիւններ կատարելու ծրագիրը: Անկրկնելի հերոս Բաբգէն Սիւնիի (Փարեան) մտայղացումն էր պանքի գրաւումը: Ան` քսանամեայ դաշնակցական պատասխանատու ընկեր, ի տես հայութեան դէմ կատարուած սպանդին եւ եւրոպացիներու կեղծաւորի պահուածքին, մտածած էր ուժգին հարուած հասցնել եւ պահանջներու թղթածրար մը ներկայացնել:
Փաստօրէն, ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ հաւատամքին ուխտած բազմաթիւ հերոսներ` Հրաչ Թիրիաքեան, Արմէն Գարօ, Վարդան Շահպազ ու շատ ուրիշներ վճռած էին իր լրումին հասցնել գործողութիւնը:
Իսկ Սամաթիոյ քաջերը`Խաչիկ Քնունի, Արտաշէս Անդրիասեան, Արտաշէս Միսաքեան, իրենց կարգին, ուխտած էին մինչեւ մահ կռուիլ եւ նահատակուիլ:
Ու տեղի կ՛ունենար գործողութիւնը նոյնինքն թուրքի որջին մէջ, եւրոպական երկիրներու ներկայացուցչական կազմերու դաժան հայեացքին ներքեւ:
Ծանօթ է Բաբգէն Սիւնիի եւ իր ընկերոջ նահատակութիւնը դրամատան մուտքին: Իսկ ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմագրութիւնը մանրամասն արձանագրած է դրամատան գործողութեան մասին, որ տուեալ պահուն կրցած է ցնցել օսմանցի սուլթանը` ջարդարար Համիտը, որուն կատաղութիւնը պատճառ դարձած էր, որ սպանդի ալիք մը բարձրանայ հայութեան դէմ, Պոլսոյ թաղերուն մէջ:
Այո՛, դաշնակցական ուխտի հաւատարիմ հերոսները ժամեր շարունակ կրցած էին, իրենց կարգին, ահ ու սարսափի մատնել թշնամին, քաջաբար դիմադրելով դրամատան վրայ յարձակող թուրք բանակային զօրաբաժիններուն:
Սամաթիոյ հերոսները մարտնչած էին մինչեւ մահ:
Պանք Օթոմանի գրաւումը վերջ կը գտնէր ռուս թէ եւրոպացի դեսպաններու միջամտութեամբ: Տղաքը, իրենց զէնքերով դուրս կու գան դրամատունէն եւ Ֆրանսա կը մեկնին «Ժիրոտ» նաւով:
Արդ,
129 տարիներու հեռաւորութեամբ կատարուած սխրանք մըն է, որ ցարդ կը շարունակէ հոգեզինել դաշնակցական պատանին ու երիտասարդը: Փաստօրէն, այս արարքը, որ դաշնակցական պատմագրութեան փայլուն էջերէն մէկն է, հակառակ իր, այսպէս ըսած, ռոմանթիկ պարունակին եւ արտայայտութեան, միշտ ալ ներշնչման աղբիւր եղած է իրերայաջորդ սերունդներու:
Ինչո՛ւ, որովհետեւ այս գործողութեամբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ տակաւին նոր կեանքի կոչուած էր, ցոյց տուած էր հաւատամքի, վճռակամութեան, ուժի, կամքի եւ նախաձեռնութեան այնպիսի բարձունք, որուն գագաթին հասնելու իրենց ճիգին մէջ անթիւ հերոսներ նահատակուեցան:
Ու այդ նահատակ տղաները` ֆետայիներ, հայդուկապետեր, վրիժառուներ, յեղափոխական գործիչներ ու պետական այրեր, «կուռք»-եր չեղան յետնորդներու, այլ դարձան մէյ մէկ ներշնչման աղբիւր, որովհետեւ օժտուած էին ազգային առանձնայատկութեամբ եւ դաշնակցականի խառնուածքով:
Անոնք իրենց ժամանակի իրաւ յեղափոխականներն էին, հայկականութեամբ թաթաւուն եւ մարդկայնութեամբ լիացած:
Այլապէս ալ ի զուր կը փորձուի նսեմացնել անոնց քաջութիւնն ու յիշատակը:
Գնայունը վարձկան եւ պարզամիտ մտքերն են, մնայունը`դիւցազներգութիւն կերտած յեղափոխականներու հայաբոյր դէմքերն են, որոնք կը տողանցեն իւրաքանչիւր հայու մտքին եւ յուզաշխարհին մէջ` իբրեւ առաքելատիպ նկարագիրի տէր անձինք: