Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

129-Ամեակ Օսմանեան Դրամատան Գրաւման. Պանք Օթոմանի Ցնցիչ Հարուածը

Օգոստոս 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, 14 օգոստոս 1896-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով գործադրուեցաւ Պանք Օթոմանի գրաւման ծրագիրը:

Համիտեան 1895-1896-ի կոտորածներուն զոհ գացած էին 300 հազար հայեր, եւ ազատագրական պայքարի ուղին բռնած կազմակերպութեան մէջ սկսած էին հնչել ինքնապաշտպանութենէն յարձակողականի անցնելու անհրաժեշտութեան վերաբերող կոչեր:

Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարին  հեղինակը եղաւ 23-ամեայ Բաբգէն Սիւնի:

Բաբգէն Սիւնիի մշակած ծրագիրին համաձայն, եօթանասունհինգ նուիրեալներով պիտի իրականանար գործողութիւնը: Դրամատունը գրաւող գլխաւոր խումբի կողքին պիտի գործէին աջակից երկու խումբեր: Դրամատան գրաւման հետ միաժամանակ մայրաքաղաքի հայաշատ կարգ մը թաղերու եւ յատկապէս Սամաթիոյ մէջ զինուած ելոյթներ պիտի սկսէին: Դրամատան մօտակայ Սամաթիոյ մէջ կը գտնուէր բանակին գլխաւոր զօրանոցը, եւ ամենայն հաւանականութեամբ կառավարութիւնը հոնկէ շարժման մէջ պիտի դնէր յեղափոխականներուն դէմ յարձակող զօրքը: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր դրամատան հետ միաժամանակ յարձակման անցնիլ նաեւ զօրանոցին դէմ: Իսկ երրորդ խումբը պիտի ըլլար կապի եւ յարաբերութեան խումբը, որ` յանուն դրամատունը գրաւող յեղափոխականներուն, դեսպանատուներուն եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն պիտի փոխանցէր հայոց պահանջները եւ բանակցութիւնները պիտի վարէր:

Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութիւնը պիտի սկսէր օգոստոս 14-ի կէսօրին:

Պանք Օթոմանը Օսմանեան կայսրութեան ելեւմտական կեանքին եւ Արեւելքի մէջ եւրոպնական (յատկապէս` ֆրանսական եւ անգլիական) դրամագլուխներու ու գործառնութեանց գլխաւոր կեդրոնն էր: Դրամատունը ունէր շուրջ երկու հարիւր պաշտօնեայ, որոնց մեծամասնութիւնը` եւրոպացիներ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն, Արեւմտեան բիւրոյին հետ համախորհուրդ, համամտութիւն յայտնեց Բաբգէն Սիւնիի մշակած ծրագիրին:

Ձեռնարկին նպատակն էր նախ ցնցիչ ուժգին հարուած մը տալ օսմանեան պետութեան, ցոյց տալ անոր խոցելիութիւնը, եւ նաեւ ծանր վնաս հասցնել Թուրքիոյ մէջ եւրոպական դրամագլուխին, այդպիսով ստիպել արեւմտեան պետութիւնները` միջամտելու սուլթանին մօտ, ի նպաստ հայկական գաւառներուն մէջ բարենորոգումներու գործադրութեան:

Օգոստոս 14-ի կէսօրին, ճշդուած ժամկէտին քսանվեց յեղափոխականներ ներկայացան: Բաբգէն Սիւնի եղած ուժերով գրոհի անցաւ:

Դրամատան մուտքին պահակները բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին, բայց սպաննուեցան, եւ յարձակող յեղափոխականները մտան դրամատան շէնք: Բաբգէն Սիւնի դրամատան մուտքին հերոսաբար ինկաւ ռումբի պայթումէն: Արմէն Գարօ եւ Հրաչ միասնաբար ստանձնեցին գործողութեան ղեկավարութիւնը:

Դրամատան գրաւման հետ միաժամանակ ռմբային գործողութիւններ սկսան Սամաթիոյ մէջ:

Դրամատան մէջ մարտերը շարունակուեցան ամբողջ 18 ժամ:

Նոյն ժամերուն Պոլսոյ տարբեր թաղերու մէջ բազմաթիւ հայեր թուրքերու կողմէ սուրի քաշուեցան:

Ռուսիոյ դեսպանատան թարգման Մաքսիմով եւրոպական պետութիւններու դեսպաններուն անունով բանակցութեան մէջ մտաւ յեղափոխականներուն հետ եւ հաւաստիացուց, որ կը խոստանայ ազդել սուլթանի կառավարութեան վրայ եւ իրագործել բարենորոգումները:

Յեղափոխականներուն կողմէ դրամատան մէջ պատանդ բռնուած 156 պաշտօնեաները ազատ արձակուեցան, եւ օգոստոս 15-ի առաւօտուն յեղափոխականները իրենց զէնքերով դուրս ելան դրամատունէն եւ ֆրանսական նաւով Մարսէյ փոխադրուեցան:

 

Նախորդը

Մանկամսուրներու Անհրաժեշտութիւնը` Զարգացած Մօր Տնտեսական Յաջողութեան Մէջ

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Մեր Հերոսները «Կուռք»Եր Չեն… (Պանք Օթոման – 1896)

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?