Լիբանանի մէջ 22-24 ապրիլ 2025-ին տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը կազմակերպուած Արաբ կիներու կազմակերպութեան կողմէ, (AWO-Arab Women Organization), որուն կեդրոնը կը գտնուի Գահիրէ, Եգիպտոս, նախագահութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի: Յիշենք, որ Լիբանան` իբրեւ արաբական երկիր, անդամ է այս միութեան եւ 2002-ին ան կազմակերպող 5 երկիրներէն մին էր:
Այս տարուան խորհրդաժողովին նիւթն էր` «Մանկամսուրներու դերակատարութիւնը զարգացած կնոջ տնտեսական կեանքի յաջողութեան, աջակցութեան եւ լիազօրման մէջ»:
Թէեւ այս նիւթը բոլորին համար տարօրինակ կը թուի, սակայն եռօրեայ այս խորհրդաժողովը ցոյց տուաւ, թէ մանկամսուրները որքա՛ն կ՛օգնեն տնտեսական աշխարհէն ներս զարգացած կիներու ներդրումին: Պէտք է ընդունիլ, որ երեխաներու խնամքը կարեւորագոյն պարտականութիւնն է մօր մը ընտանեկան ջերմ մթնոլորտին մէջ` հօրը կողքին: Ան նաեւ ծառայութիւն է, որուն մատուցումը քննարկման կարիք ունի: Մանաւանդ այն մայրերու մօտ, որոնք կը փափաքին իրենց գործերը շարունակել, տրուած ըլլալով, որ իրենց գիտութիւնը պէտք է օգտագործել երկրի, ընտանիքի եւ ընդհանուր միջավայրի բարօրութեան համար:
Ներկայիս կիները բարձրագոյն վկայականներ կը ստանան եւ կը տիրանան մագիստրոսի եւ դոկտորայի աստիճաններու` տարբեր ճիւղերու եւ մասնագիտութիւններու մէջ, սակայն մեծամասնութիւնը կը դադրի աշխատելէ մայրութեան մեծագոյն նուիրումին համար:
Այո՛, ասիկա ճիշդ է, կիներուն շնորհուած այս աստուածային պարգեւը սրբազան գործ է, սակայն անդին` պէտք է գնահատուին նաեւ այդ կիներուն արժէքները իրենց ստացած ուսումներով:
Լիբանանի համալսարաններուն մէջ ուսանող իգական սեռի պատկանողներուն տոկոսը 51 առ հարիւր է, սակայն շուկայի մէջ աշխատողներուն թիւը` հազիւ 22 առ հարիւր: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մեծ թիւով կիներ իրենց բարձրագոյն ուսումը ստանալէ ետք դադրած են աշխատելէ, իրենց երեխաներու հոգատարութեան պատճառով: Լուծո՞ւմ: Եթէ մանկամսուրներու կարելիութիւնը ըլլայ մայրերու աշխատած ընկերութիւններէն ներս, այդ նոյն զարգացած մայրերը կրնան իրենց խնամքը եւ ուշադրութիւնը տրամադրել իրենց զաւակներուն` գործատեղիէն ներս շարունակելով իրենց մասնագիտական աշխատանքը:
Ներկայի այս ճգնաժամային կացութեան մէջ նիւթական մուտք ապահովելը եւս իր դերակատարութիւնը ունի ընտանեկան երջանկութեան մէջ, երբ հսկայական կարիքները կրնան բաւարարուիլ կնոջ աշխատանքով:
Ուրեմն աշխատանքի վայրերու մէջ մանկամսուրներու գոյութիւնը իր մեծ արժէքը ունի զարգացած կիներուն համար, որովհետեւ այդ միջոցով կրնան թէ՛ շարունակել իրենց մայրական խնամքը եւ թէ՛ աշխատանքը` զուգահեռաբար: Ներկայիս մանկամսուրներու առկայութիւնը երազանք եւ խիստ փափաքելի է այս կիներուն մօտ: Ան հոգեբանական գետնի վրայ կը զգայ աւելի ապահով, ճնշումներէ հեռու, անվտանգ եւ նոյնիսկ կրնայ իր զաւակը դիեցնել ու սնուցանել մանուկին ժամանակացոյցին համաձայն:
Իսկ տնտեսական գետնի վրայ մանկամսուրի գոյութիւնը դարձեալ գործ կը հայթայթէ կիներուն, իսկ այս բոլորը կ՛օգնեն ընդհանուր հասարակութեան բարելաւման եւ արտադրողականութեան, հաստատութիւնները այսպիսով իրենց փորձառու եւ որակաւոր աշխատակիցները աշխատանքի կը պահեն` օժանդակելով անոնց բարձր արտադրողականութեան եւ որակին: Ու այս բոլորը կը նպաստեն տնտեսական աճին եւ բարեկեցութեան:
Իսկ փոքրիկներու պարագային, այդ մանկամսուրներու գոյութիւնը կ՛օգնէ իրենց ընկերային հմտութիւնները եւ կարողութիւնները զօրացնելու եւ զարգացնելու, որովհետեւ այսօրուան երեխան ապագայի հզօր եւ յաջող երիտասարդը պիտի դառնայ:
Ինչպէս նաեւ այս մէկը պիտի օգնէ եւ նպաստէ ընտանիքներէն աղքատութեան ուրուականը հեռացնելու եւ, ինչո՞ւ ոչ, պիտի ազդէ այր մարդոց եւ կնոջ միջեւ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու եւ ընտանեկան բռնութիւն պատճառող պայմանները նուազեցնելու:
Եռօրեայ այս խորհրդաժողովի քննարկումները եզրափակելով` նշուեցաւ, որ կնոջ աշխատանքը եւ մանկամսուրի աջակցութիւնը չի զրկեր կին մը իր մայրական աստուածային դերէն, այլ ընդհակառակն, ան իր մասնագիտական կատարողականութեամբ կը բարձրացնէ իր մայրական զգացումները, նաեւ` անոր աշխատելու ցանկութիւնը եւ մասնակցութիւնը առօրեայ աշխատանքային կեանքին:
Խորհրդաժողովէն բխած յանձնարարութիւններն ու առաջարկներ ներկայացուեցան քաղաքական եւ պետական գետնի վրայ, որպէսզի աւելի հետեւողական աշխատանք տարուի` յառաջ մղելու այս քաղաքականութիւնը զայն վերածելով օրէնքներու, հզօրացնելու այս անհրաժեշտ փոփոխութիւնները հաստատութիւններուն մէջ` օգնելով տնտեսական գործունէութեան օգտաշատութեան: Վերջապէս, կիներու ներդրումը տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային կեանքէն ներս միայն արդարութիւն չէ այր մարդու կողքին հաւասարապէս, այլ ռազմավարական հրամայական է` արագացնելու կեանքի յաջողութեան յառաջընթացն ու տնտեսական աճը կենսունակ մոլորակի մը վրայ, ուր այր եւ կին հաւասարապէս, կողք-կողքի կը վայելեն բնութեան շնորհած կենսունակութիւնը: