Հոկտեմբեր 19-ին Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը:
Այս առիթով կը հրապարակենք այս ուսումնասիրութիւնը:
«Գերպծռ. Մալոյեանի դիակը կանաչորակ էր, սակայն կը շողար արտակարգ լոյսով մը», օրէնսգէտ- բժիշկը կը յայտնէ` գերպծռ. Թափփունիի
Հայ կաթողիկէ Մարտինի նահատակ առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեան բարի հովիւի վարքով, նահատակութեամբ եւ սրբադասմամբ դարձաւ հայ կաթողիկէ համայնքի խորհրդանիշը: Սակայն մինչեւ օրս կան փաստաթուղթեր, մամուլի անդրադարձեր եւ արխիւային աղբիւրներ, որոնք ամբողջովին գիտական արժանավայել յայտնագործման չեն արժանացած: Այս ուսումնասիրութիւնները այժմ ուղղուած են ոչ միայն իր կեանքի նոր մանրամասնութիւնները բացայայտելու, այլ նաեւ` իր հոգեւոր, քաղաքական եւ կրթական գործունէութիւնը աւելի խորաթափանց ձեւով ընկալելու: Այս գրութիւնը կը միտի Իգնատիոս Մալոյեանի կեանքի վկայութիւնները, որոշ ծալքերը լոյս աշխարհ բերել:
Բազմաթիւ ձեռագիր նամակներ եւ զեկոյցներ կը գտնուին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արխիւներուն եւ դիւանատան մէջ:
Այս փաստաթուղթերը Մալոյեանի` 1896-1915 շրջանի հաղորդակցութիւններ են` իր առաքելական իրավիճակի մասին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած ահաւոր իրադարձութիւններու, անձնական վկայութիւններու վերաբերեալ:
Հայ տպագիր մամուլը յաճախ անդրադարձած է հայ կաթողիկէ Մարտինի նահատակ առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի գործունէութեան` զայն յիշատակելով իբրեւ խիզախութեան, միեւնոյն ժամանակ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ջատագով: Բայց այդ յօդուածները հրապարակուած են Մարտին քաղաքի անունով, ուր անդրադարձ կատարուած է Մալոյեանի մասին, ինչպէս` Եգիպտոս հրատարակուած 2020-ի «Ջահակիր» յաւելուածի մէջ լոյս տեսած Տիգրան Գէորգեանի «1915-1920 ԹԹ. ԵՐԿՈՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐ` ՄԱՐՏԻՆԻ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ» եզակի ուսումնասիրութեան մէջ օգտագործուած փաստաթուղթերը: Այդ ականատեսերու վկայութիւնները` կապուած Մալոյեանի նահատակութեան հետ, պահուած են արաբախօս հայ ընտանիքներու մօտ եւ գաղտնի ձեւով արձանագրուած են 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններէն անմիջապէս ետք:
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի մասին փաստաթղթային նոր աղբիւրներու բացայայտումը, մամուլի մոռցուած յօդուածներու վերլուծութիւնը եւ արխիւներու ուսումնասիրութիւնը լայնօրէն լոյս կը սփռեն ոչ միայն իր անձին, այլ տուեալ ժամանակաշրջանի քաղաքական անցքերուն վրայ:
Այժմ փորձենք վերագրել«1915-1920 ԹԹ.ԵՐԿՈՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐ` ՄԱՐՏԻՆԻ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ» ուսումնասիրութիւնը:
Լոյս տեսած է Գահիրէի Ֆրանչիսկեան հայրերու Քրիստոնէական արեւելագիտութեան կեդրոնի գիտական տարեգիրքին` Studia orientalia Christiana. Collectanea, 1996-1997 տարիներու միացեալ հատորին մէջ, թիւ 29-30:
Այս ստուար հատորէն 220 էջնոց առանձնատիպը` «P.V.M., Documents sur les événements de Mardine (1915-20):
Աշխատասիրութիւնը խմբագրած է կեդրոնի տնօրէն հայր Վենսան Մսթրիհը:
Ան վաւերագիրները ներկայացուցած է արաբերէն բնագիրներով, ֆրանսերէն թարգմանութիւններով եւ մանրամասն ծանօթագրութիւններով:
Սոյն հետազօտութիւնը նուիրուած է 1915-1920 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ տուեալ ժամանակաշրջանին Մարտին քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:
Հետազօտութեան նպատակն է` վերլուծել այդ վաւերագիրները, ընդգծել անոնց պատմական նշանակութիւնը եւ մանրամասն ներկայացնել Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքի եւ առհասարակ քրիստոնեաներու կրած տառապանքները:
«Ջահակիր» 2020-ի յաւելուածին մէջ հրատարակուած աշխատասիրութիւնը հիմք հանդիսացաւ սոյն յօդուածին, որուն հարազատութիւնն ու հերթականութիւնը ամենայն բծախնդրութեամբ պահպանուած է:
Ներածական
Հայոց ցեղասպանութիւնը (1915-1918) Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած համակարգուած բնաջնջման ծրագիր էր, որ յանգեցաւ միլիոնաւոր հայերու սպանդին եւ տեղահանութեան:
Այս ողբերգութեան կարեւոր, բայց համեմատաբար քիչ ուսումնասիրուած դրուագներէն մէկը Մարտին քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն են: Այս վաւերագիրները, որոնք կը ներկայացնեն ականատեսերու վկայութիւններ, լոյս կը սփռեն հայերու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեայ համայնքներու դէմ կատարուած վայրագութիւններու վրայ: Հ. Վենսան Մսթրիհի խմբագրած աշխատութիւնը կարեւոր ներդրում է Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան մէջ, քանզի ան կը ներառէ նոր եւ եզակի աղբիւրներ, որոնք նախքան այդ անյայտ էին:
Հ. Վենսան Մսթրիհը` որպէս արեւելագէտ եւ հայագէտ, իր խմբագրական աշխատանքին մէջ ընդգծած է պատմական ճշմարտութեան բացայայտման կարեւորութիւնը` առանց մեղադրանքի կամ վրէժխնդրութեան մտադրութեան: Անոր խօսքով` «Մոռնալ եւ ներել` չի նշանակեր ժխտել կատարուած չարիքները: Այդ մասին խօսիլը, դատապարտելը սուրբ պարտականութիւն է» (նախաբան, էջ 8):
Այս հետազօտութիւնը նպատակ ունի` վերլուծել վաւերագիրները, ներկայացնել անոնց բովանդակութիւնը եւ ընդգծել անոնց նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան համայնապատկերին մէջ:
Վաւերագիրներու նկարագրութիւն
Առաջին վաւերագիր` «Մարտինը` ինչպէս գիտեմ»:
Այս վաւերագիրը (արաբերէն բնագիր, էջ 17-35, ֆրանսերէն թարգմանութիւն եւ ծանօթագրութիւններ, էջ 37-55) Իպրահիմ Գասպոյի յուշագրութիւնն է: Ան ծնած է Մարտին, 1899-ին:
Իպրահիմը հայ կաթողիկէ համայնքի անդամ է եւ ականատես եղած է 1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւններուն: Անոր հայրը` Նաում էֆենտին, քաղաքապետարանի իրաւաբանն է, սակայն 1915 յունիս 5-ին ձերբակալուած է իր երկու որդիներուն` Իլիասի (26 տարեկան) եւ Մանսուրի (24 տարեկան) հետ: Անոնք բոլորը սպաննուած են Իգնատիոս արք. Մալոյեանի հետ, 1915 յունիս 11-ին: Իպրահիմը, աւելի փոքր ըլլալով, մօրը, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ տեղահանուած է Ռաս ուլ Այն, ապա ապաստանած` Հալէպ:
Իպրահիմ Գասպոն Հալէպի մէջ վարպետ դերձակ եղած է, սորված է` արաբերէն, թրքերէն, քրտերէն եւ պարսկերէն: Ան եղած է ընթերցասէր, բարեգործ անձնաւորութիւն, հիմնած է բարեգործական ընկերութիւն, ամուսնացած է Մարի Նազարի հետ եւ ունեցած` վեց զաւակ: Անոր յուշագրութիւնը մանրամասն կը նկարագրէ` Մարտինի պատմութիւնը, քաղաքի կառուցուածքը, բնակչութեան բազմազանութիւնը եւ 1915 թուականի կոտորածները:
Մարտինի նկարագրութիւնը
Վաւերագիրը Մարտինը կը ներկայացնէ որպէս հին քաղաք` Ճեզիրէի (Միջագետք) հիւսիսը, բարձրադիր լերան վրայ: Քաղաքի միջնաբերդը դժուարամատչելի է, նոյնիսկ` Լենկ Թիմուրի համար: Մարտինը ենթարկուած է պարսիկներու, բիւզանդացիներու, քիւրտերու, հայերու եւ արաբներու տիրապետութեան: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ բնակչութիւնը կազմած է մօտ 50.000 մարդ, որոնց կէսը` քրիստոնեայ, խօսելով` արաբերէն, բայց խառն լեզուով` (արաբերէն, քրտերէն, ասորերէն, հայերէն, թրքերէն): Քաղաքին մէջ գտնուած են ուղղափառ եւ կաթողիկէ ասորիներու պատրիարքական աթոռը, հայ կաթողիկէ Ս. Գէորգ եկեղեցին, արեւորդիներու Ս. Շմունէ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ` Ս. Միքայէլի եւ Ս. Անանիայի վանքերը:
Կոտորածի նկարագրութիւնը
1915 յունիս 3-ին Տիգրանակերտէն ժամանած Մեմտուհ պէյը ձերբակալած է Իգնատիոս արք. Մալոյեանը եւ հայ կաթողիկէ համայնքի մօտ 50 նշանաւոր անձ: Յաջորդ օրը ձերբակալած են նաեւ փողոցը շրջող բոլոր հայերը: Ընդհանուր առմամբ, մօտ 560 անձեր տեղափոխուած են Տիգրանակերտ` ձեռնակապ եւ հետիոտն: Քաղաքէն երեք ժամ հեռանալէ ետք անոնց խումբերով մտցուցած են քարայրներ, ուր քիւրտերը սպաննած են զանոնք: Հայ կիներ եւ երեխաներ նոյնպէս տեղահանուած են Ռաս ուլ Այն, ուր անոնք ենթարկուած են սովի, հիւանդութեան եւ բռնութիւններու: Իպրահիմի ընտանիքը Հալէպ ապաստան գտած է , սակայն շատեր մահացած են ճանապարհին կամ Տէր Զօրի մէջ:
Երկրորդ վաւերագիրը
«Յուշեր Մարտինի պատահարներու մասին»
Այս վաւերագիրը (արաբերէն բնագիր, էջ 64-109, 131-175, ֆրանսերէն համառօտութիւն եւ ծանօթագրութիւններ, էջ 110-129, 176-189) գրուած է Թել Արմանի բնակիչի կողմէ, որ ինքնութիւնը չէ բացայայտած: Ան ծնած է 1883-ին, մահացած` Գամիշլի, 96 տարեկանին: Անոր յուշագրութիւնը գրուած է գեղջկական արաբերէնով, քանզի ականատեսը միայն նախնական կրթութիւն ստացած է: Վաւերագիրը բաժնուած է երկու մասէ` հայերու եւ ասորիներու կրած տառապանքները:
Մարտինի եւ Թել Արմանի նկարագրութիւնը
Մարտինը յայտնի է` իր հարստութեամբ եւ բարգաւաճութեամբ, առեւտուրով եւ ճարտարարուեստով, արհեստներով, քրիստոնեաներու գերակայութեամբ: Հայերը ունեցած են իրենց ստացուածքները, անգամ` երեք յարկանի քարաշէն գեղեցիկ շէնքերով: Իսլամներու հետ ապրած են համերաշխ, հակառակ այս իրողութեան` հայերու հանդէպ անիմանալի վայրագութիւններ գործուած են այնտեղ, նոյնպէս ասորիները, քաղդէացիները եւ այլ քրիստոնեաներ ապրած են խաղաղութեամբ, մինչեւ 1915 թուականը:
Մարտինի համայնքներու վիճակագրական պատկերը հետեւեալն է.
Կաթողիկէ հայեր` 1600 ընտանիք
Ուղղափառ ասորիներ` 1200
Կաթողիկէ ասորիներ` 450
Քաղդէացիներ` 200
Բողոքական աւետարանականներ` 75
Լատիններ` 45
3570 ընտանիքներու այս ցուցակին պէտք է աւելցնել Թել Արմանի կաթողիկէ հայերու 700 ընտանիքները, որով կաթողիկէ հայերու ընտանիքներուն ընդհանուր թիւը կ՛ըլլայ 2300, իսկ բոլոր քրիստոնեաներունը` 4270:
Շրջակայքի գիւղերուն վիճակագրութիւնը թերի է ինկած թերթի մը պատճառով.
Քալ՛աթ Մարա` 350 ընտանիք, կաթ. եւ ասորի Մարտինէն 3 քմ անդին
Կոլլիյա 550 ընտանիք, կաթ. եւ ասորի Մարտինէն 5 քմ անդին
Մանսուրիյա` 400 ընտանիք, կաթ.եւ ասորի Մարտինէն 3 քմ անդին
Պանապիլ` 120 ընտանիք Մարտինէն 6 քմ անդին
Ռաշմալ եւ Քըպալա` 50 ընտանիք Մարտինէն 9 քմ անդին
Պեքէրի 30 ընտանիք- Մարտինէն 35 քմ անդին
Տարա` 120 ընտանիք,
Չիֆիթլիք` 30 ընտանիք,
Ուենա` 70 ընտանիք:
Այս բոլոր շրջաններու բնակիչներն ալ տեղահանուած, կողոպտուած, բազում ձեւերով չարչարուած, լլկուած, սպաննուած են անգթօրէն:
Թել Արմանը
Թել Արմանը Մարտինէն 20 քմ հեռաւորութեան վրայ է, ունեցած է 700 հայ կաթողիկէ ընտանիք եւ ծաղկուն առեւտրական կեդրոն: Գիւղը ունեցած է` Ս.Գէորգ եկեղեցին, 80 խանութներով շուկայ եւ կառավարչական շէնքեր:
Կոտորածի նկարագրութիւն
1915-ի ապրիլին թուրք ձիաւորներ պաշարած են Թել Արմանը` զօրակոչի պատրուակով: 500 տղամարդ, ներառեալ` ֆիզիքապէս անկարողներ, տարուած են Մարտին, ապա Գարա Ճուրան` ծանր աշխատանքի համար: Շատեր մահացած են սովէ եւ հիւծախտէ: Ընդհանուր առմամբ, 7000 քրիստոնեայ զինուորներ սպաննուած են Գարա Ճուրանի մօտ: Հեղինակը փրկուած է` ծպտուելով քիւրտի տարազով: Թել Արմանը կործանած է 1915 յունիսին եւ վերանուանուած` Քիզիլ Թեփէ:
Պատմական վաւերագիրներու արժէքը
Սոյն վաւերագիրները եզակի են այն առումով, որ կը ներկայացնեն ականատեսերու վկայութիւններ, որոնք մանրամասն կը նկարագրեն Մարտինի եւ Թել Արմանի հայերու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեաներու կրած տառապանքները:
Ասոնք կ՛ամբողջացնեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին գոյութիւն ունեցող պատմական աղբիւրները` ընդգծելով քրիստոնեայ համայնքներու ճակատագիրը:
Հայ կաթողիկէ համայնքին դերը
Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքը ամենամեծն էր տեղի քրիստոնէական համայնքներու մէջ: Վաւերագիրները ցոյց կու տան, որ անոնք առաջին թիրախները եղած են կոտորածի եւ տեղահանութեան: Գերապայծառ Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութիւնը խորհրդանիշն է հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատարմութեանն ու դիմադրութեանը:
Շայխանէի լեռներ կոչուած վայրին մէջ, Զարզաւան միջնաբերդին մերձակայքը, կը նահատակուի 500 անձ:
Շուտով կը տարածուի կոտորածներու լուրը, օրէնսգէտ-բժիշկը իր բարեկամ Թափփունի գերապայծառին կը յայտնէ, որ տեսած է գերապայծառ Մալոյեանի դիակը, վիրաւոր` գանկէն եւ կուրծքէն. Դիակը կանաչորակ էր, սակայն կը շողար արտակարգ լոյսով մը: Ուրիշ զինուորներ ալ կը հաստատեն նոյն իրողութիւնը:
Հայր Վենսան Մսթրիհի սոյն աշխատասիրութիւնը խիստ շահեկան է այն առումով, որ ան կը ներկայացնէ անծանօթ ձեռագիրներ, որոնք պահպանուած են կրօնական հաստատութիւններու մէջ:
Արժէքաւոր է նաեւ, որ ան կը համեմատէ այս վաւերագիրները այլ աղբիւրներու հետ, ինչպիսիք են` «Al-Qouçara fi Nakabat Annaçara» եւ J. Naayem-ի «Les Assyro-Chaldéens et les Arméniens massacrés par les Turcs» գիրքերը, որ կը հաստատեն անոնց վաւերականութիւնը:
Իպրահիմ Գասպոյին եւ Թել Արմանի անանուն հեղինակին յուշագրութիւնները ցոյց կու տան Մարտինի եւ Թել Արմանի մէջ տեղի ունեցած կոտորածներու, տեղահանութիւններու եւ մարդկային տառապանքներու սարսափելի մանրամասնութիւնները:
Մարտինի առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումը նոր մեկնակէտ է` վերարժեւորելու եւ վերանայելու կրօնական հաստատութիւններու մէջ թաքնուած փաստաթուղթերը, որոնք գիտական հետազօտութիւններու եւ արխիւային աշխատանքներու միջոցով կը շրջեն պատմութեան անիւը եւ կը նպաստեն Հայ դատի ներկայ հոլովոյթին: