Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղ Թանը Փչելո՞վ Կը Խմեն…

Օգոստոս 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ուաշինկթընի մէջ, նախագահ Թրամփի հիւրընկալութեամբ եւ վարչապետ Փաշինեանի ու նախագահ Ալիեւի մասնակցութեամբ, ուրբաթ, 8 օգոստոսին կայացած գերաստիճանը անվիճելիօրէն պատմական է, սակայն թէ ի՞նչ որակում պէտք է տալ անոր` յաջո՞ղ, ապարդի՞ւն, թէ՞ այլ, կախում պիտի ունենայ անոր գործադրութեան ընթացքէն: Ստեղծուած  կացութիւնը անմիջականօրէն  կը յիշեցնէ «Բերանը այրած մարդը պաղ թանը փչելով կը խմէ» խօսքը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ, շատ մը նկատառելի կէտերու կողքին, նախընթաց նման «բարեյոյս» համաձայնութիւններն ու յայտարարութիւնները գիտե՛նք, թէ ինչպիսի՛ ընթացք առած են, փաստերու ամբողջ շարան մը կայ ՔՊ-ապետին բացայայտ ու գաղտնի պահուած նահանջներուն մասին:

Փառաբանանքի Հանդէս

Սպասելով, որ եռակողմանի հանդիպումէն բխած եւ 7 կէտերու մէջ ամփոփուած պաշտօնական յայտարարութեան ծալքերը բացուին յառաջիկայ օրերուն, եւ ըստ կարելւոյն հետեւելէ ետք հանդիպումի տեսագրութիւններուն, առայժմ արձանագրենք քանի մը հպանցիկ նկատողութիւն եւ դատում:

Փաշինեան Սպիտակ տուն հասաւ եւ մուտքին, լրագրողներու օղակէն բաւական հեռու, դիմաւորուեցաւ Թրամփի կողմէ. ժպտադէմ էին, բութամատի դէպի վեր շարժումով մը ողջունեցին զիրենք դիտողները: Կարճ ատեն մը ետք, Սպիտակ տան մուտքին խմբուեցան Փաշինեանի ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները (7-8 պատկառելի եւ առաջնակարգ «ուսապարկ»), որոնք քանի մը վայրկեան սպասեցին ներս առաջնորդուելու: Կարծէք թէ ճաշարանի մը մուտքին կարգի կը սպասէին… Աւելի ուշ Ալիեւ ժպիտներ փոխանակեց զինք դիմաւորող Թրամփի հետ: Այլ խօսքով, հանդիպումէն առաջ` ո՛չ մէկ յիշատակելի խօսք: (Կարելի է, համբերութեամբ օժտուած` դիտել կապով (https://www.youtube.com/live/svbAMQjqr8I?si=QJCUyYirJZyEB5ix ):

Եռակողմ հանդիպումէն ետք երեք պետերը տուին միացեալ ասուլիս մը (ամբողջութիւնը` հետեւեալ տեսակապով):

Ամէն բանէ առաջ կ՛ուզենք վեր առնել քանի մը ուշագրաւ կէտ: Ասուլիսը կարելի է որակել զիրար գովաբանելու, փառաբանելու եւ… շողոքորթելու հանդէս մը: Թրամփ, ըստ իր սովորութեան, «սքանչելի, գեղեցիկ եւ աննախընթաց իրագործում» մը կատարած ըլլալու դիրքէն խօսեցաւ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ աւելի քան երեք ու կէս տասնամեակ առաջ ծայր առած տագնապը փակուած յայտարարեց, զայն դասեց խաղաղարարի` վերջին ամիսներու իր շարք մը իրագործումներուն ցանկին, յոյս յայտնեց, որ այս երթը նոր օղակ մըն ալ արձանագրէ շուտով` Ուքրանիոյ պատերազմին դադարեցումով: Ան մե՜ծ պատիւ համարեց, որ Սիւնիքի վրայով երթուղի մը պիտի բացուի եւ պիտի կրէ իր անունը (ի յայտ եկաւ, որ առաջարկը եկած է Փաշինեանէն եւ ընդունուած` Ալիեւի կողմէ), անիկա «ազատ երթեւեկ պիտի ապահովէ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ» (Թրամփ քանի մը անգամ անձնանուններ եւ տեղանուններ արտասանեց հեգելու պէս եւ սխալով), ո՛չ մէկ յստակ ակնարկութիւն եղաւ, որ «բոլորին նպաստ բերելիք» այդ ճամբուն միւս երեսը` այսինքն Հայաստանի համար ի՞նչ ճամբաներ պիտի բացուին: Ան «լաւ բարեկամներ» որակեց Փաշինեանն ու Ալիեւը եւ յանձնարարելու ոճով ցանկութիւն յայտնեց, որ անոնք շարունակեն բարեկամութիւնը: Իբրեւ անմիջական ակնկալութիւն` ան խօսեցաւ խաղաղութեան եւ առեւտուրի զարգացման մասին, որոնցմէ պիտի օգտուին շրջանի երկիրները եւս:

Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ակնարկութիւն չկար Թրամփի եւ Ալիեւի այն խօսքերուն մասին, թէ Ուաշինկթըն եւ Պաքու զինակցական գործակցութիւնը պիտի ամրապնդեն: Ի յայտ եկաւ, որ ասոր մէկ արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ աւելի քան 30 տարի առաջ Ազրպէյճանի զէնք չծախելու որոշումին ջնջումը… Յայտարարութիւններուն մէջ ակնարկութիւն եղաւ մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ միւս կողմէ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «երկկողմանի գործակցութեան ծրագիրներու մասին, որոնք պիտի ընդգրկեն ուժանիւթի, առեւտուրի եւ արհեստագիտութեան կալուածները»: Անորոշ կը մնայ նաեւ այն, որ «Թրամփի ճամբուն» շահարկումը ի՞նչ տարազով բաժնեկցութիւն պիտի ստեղծէ: Ծանօթ է, որ նախօրեակին մամլոյ տեղեկութիւններ կային, թէ Ազրպէյճան ո՛չ միայն Հայաստան համահաւասար շահ պիտի ունենայ, այլ այդ ճամբուն վրայ չ’ուզեր տեսնել ոեւէ հայ սահմանապահ, մաքսային պաշտօնեայ եւ այլն: Ան այս հանդիպումին եկած է լայն ժպիտով… դիմակով:

Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կայ «սկզբնաւորուիլ» բառը (խաղաղութեան գործընթացին մասին), որ կը ստեղծէ հարցականներ, որովհետեւ կ՛ըսուի, թէ «սկսող ճամբուն վրայ շատ բան կայ ընելիք»: Աւելի յստակ կէտ մը կ՛արդարացնէ վատ նախատեսութիւն մը, ըստ որուն, կողմերը որոշած են վերջ տալ Մինսքի խմբակին գործունէութեան (սա ազերիական նախապայման մըն է շատո՜նց), Հայաստանը կը զրկէ Արցախի հարցով երեք գերուժերու իրաւարարութենէն, Ուաշինկթընը կը վերածէ միակ եւ… անգոյ իրաւարարի: Երբ Արցախի հարցը փակուած կը հռչակուի նա՛եւ ՔՊ-ական իշխանութեան կողմէ, ի՛նչ Արցախ, ի՜նչ միջազգային իրաւարարութիւն: (Ինչպէ՞ս չյիշել Լոզանը): Այս բոլորը արձանագրելով` երկու երկիրներուն կը խոստացուի «փայլուն ապագայ» (կրնանք ըսել, որ այս ալ միակողմանի է, որովհետեւ «փայլուն»-ը կ՛երթայ Ազրպէյճանի ապագային):

Փաշինեանի եւ Ալիեւի արտայայտութիւնները բաւական նման էին եւ արձագանգ էին Թրամփի գնահատականերուն: Ուշագրաւ «հարուած» մը տուաւ Փաշինեան, որ յայտարարեց, թէ Թրամփը կը նկատէ Նոպէլեան մրցանակի յարմար թեկնածու, Ալիեւ փութաց կրկնել առաջարկը: Ուշադիր հետեւողը նկատեց, որ սա ընդհանուր բեմադրութեան «գագաթնակէտն» էր…

Չըսուածները` Աւելի՛ Կարեւոր

Ասուլիսին մասին կարելի է այլ նշումներ ալ արձանագրել, սակայն կը կարծենք, որ չըսուած, անտեսուած հարցերը աւելի՛ կարեւոր են այս հանգրուանին, վաղը եղածները եւ չեղածները պիտի դառնան աւելի բացորոշ:

Մեծագոյն բացական էր մեր` հայութեան դիտանկիւնէն, ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԸ` իր բոլոր ենթաբաժանումներով: Ո՛չ մէկ խօսք` Արցախի ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ըլլալուն եւ ինքնորոշման ու այլ իրաւունքներուն մասին, ո՛չ մէկ յիշատակութիւն` շուրջ 150 հազար արցախցիներու բռնի տեղահանման եւ թշուառութեան մատնուելուն մասին (իսկ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետզհետէ շեշտուող` անտարբեր վերաբերմունքը արցախցիներուն ցաւերուն վրայ աղ-պղպեղ կը ցանէ): Մոռցուած էին արցախցի քաղաքական եւ զինուորական` գերի բռնուած եւ խեղկատակ դատավարութեան ենթարկուող դէմքերը, մինչեւ իսկ՛ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ Միջազգային կարմիր խաչին պարտադրուած թողլքումը: Իսկ ո՞վ կը մտածէ մշակութային ժառանգութեանց փոշիացման մասին…

Արցախի բազմերես թղթածրարին կողքին, որեւէ յիշատակութիւն չեղաւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանէ՛ն խլուած հողերուն եւ «վիճելի» նկատուող այլ հարցերու մասին: Երեւոյթները կը պարտադրեն այլ հարցումներ. Ազրպէյճան հրաժարա՞ծ է Հայաստանի առջեւ դրած ուղղակի եւ անուղղակի պահանջներէն, ինչպէս` սահմանադրութեան փոփոխութիւնը,միջազգային արդարադատութեան ատեաններէն Հայաստանի բողոքներու չեղարկումը (խաղաղութեան հաւաստիքներուն քովն ի վեր կը «ճառագայթէ» տրամադրութիւն մը, թէ` պէտք է մոռնալ անցեալի անհաճոյ, պատերազմին կապուած հարցերը), քանի մը հարիւր-հազարաւոր ազերիներու Հայաստան «վերաբնակեցումը»: Հապա՞ Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներուն դէմ բռնադատութիւններն ու հալածանքները…

Աւելի բացայայտ եղան, ցարդ առաւելաբար կը մնային մամլոյ «փախուստներու» եւ տրամաբանական մեկնաբանութիւններու ցանկին, քանի մը այլ կէտ. Միացեալ Նահանգներ 99 տարուան համար վարձու պիտի առնեն Հայաստանի հարաւը կտրող ճամբայ մը. թէ ինչպէ՞ս պիտի յանձանձուի, պաշտօնապէս յստակ չէ, ինչ որ կը խորացնէ նախօրեակին հնչած մտահոգութիւնները` կապուած գերիշխանութեան իրաւունքին (միայն ընդհանրական ակնարկութիւն եղաւ գերիշխանութեան յարգումին): Սա պիտի նշանակէ, որ ամերիկեան կողմը ոտք պիտի ունենայ շրջանի մը մէջ, որուն զարգացումներով շահագրգռուած են թէ՛ Իրանը եւ թէ՛ Ռուսիան (սա յստակ հրաւէր մը կը նկատուի շրջանէն ռուսական ուժերու հեռացման): Ու եթէ մոռցողներ կան, յիշեցնենք, որ այսպիսով շօշափելի նոր քայլ մը կ՛առնուի այն ճամուն վրայ, որ բացուած է հոկտեմբեր 2018-ին եւ անկէ ետք, Հայաստանին ուղղուած` Ճոն Պոլթընի, Նէնսի Փելոսիի եւ ուրիշներու յորդորներով (ըսել կ՛ուզենք, որ այս ծրագիրը «հանրապետական»-«դեմոկրատ» գունաւորում չունի, այլ կը մարմնաւորէ ամերիկեան հեռահաս մարտավարութիւնը):

Հարցումները

Հրամցուած ճաշասեղանին վրայ Հայաստանի շատ բան չխոստացող այս եռանկիւն սեղանի բնոյթին մէկ արտայայտութիւնն ալ եղան երեք պետերուն յայտարարութեանց յաջորդած լրագրողներու հարցումները. «պատմական համաձայնութեան» մասին եղան միայն մէկ-երկու հպանցիկ հարցում, «առիւծի բաժին»-ը գնաց Ուքրանիոյ եւ անոր մասին նախատեսուած Թրամփ-Փութին մօտալուտ հանդիպումին: Տեղ գտան նաեւ այլ հարցեր` Նոպէլեան մրցանակին թեկնածութեան պարագան, մինչեւ իսկ` Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ զբաղող ոճրային խմբակները: Ինքզինք խաղաղասէր եւ «մարդկային կեանքեր կ՛ուզեմ փրկել» հռչակող Թրամփի յիշեցում չեղաւ, թէ ի՛նչ կը մտածէ Կազայի մէջ ջարդուող «մարդկային կեանքերուն» մասին, երբ ոգի ի բռին կը շարունակէ քաջալերել սպանդները շարունակող իսրայէլեան իշխանութիւնը (եւ, ի~նչ զուգադիպութիւն. իսրայէլացի՛ք իսկ սաստկացուցած են իրենց վարչապետին դէմ բողոքի արշաւները, իսկ Գերմանիա որոշեր է դադրեցնել Իսրայէլի զէնքի իր առաքումները):

Ուշագրաւ միակ հարցումը այն էր, որ եթէ համաձայնագիրը ստորագրողները ետ կանգնին սա կամ նա կէտէն, ի՞նչ պիտի ըլլայ: Ցարդ գոյացած բոլոր համաձայնութիւնները (եւ աւելի՛ն) ոտնատակ ըրած Ալիեւ լայն ժպիտով մը փութաց պատասխանելու, թէ իրենց հոս ըլլալը կը նշանակէ, թէ նման բան պիտի չպատահի, իսկ Փաշինեան (ըստ իր տարիներու սովորութեան) ձայնակցեցաւ Ալիեւի:

Հայկական ճակատէն անբաւարարութեան եւ քննադատութեան ձայներ բարձրացան գերաստիճանին փակումէն կարճ ատեն մը ետք, նա՛եւ` սփիւռքէն: Վաղը, երբ ՔՊ-ական քարոզարշաւը սկսի գովերգել «պատմական համաձայնագիրը», վստահաբար իր դիմաց պիտի գտնէ իրազեկներու եւ բանիմացներու տեսակէտները:

Բաւականանաք այսքանով եւ եզրափակենք ծանօթ խօսքով մը. «Եթէ սուլիչը ձայն հանէ, սուլէ, լաւ սուլիչ է», եւ հարց տանք, թէ խնդրոյ առարկայ սուլիչը որքանո՞վ ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի պիտի գեղգեղէ…

8 oգոստոս 2025

 

Նախորդը

Զիատ Ռահպանի Երեւոյթը

Յաջորդը

Փաշինեան Ամէն Ինչ Կ՛ընէ` Խոչընդոտելու Օտար Ներդրումները Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?