Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զիատ Ռահպանի Երեւոյթը

Օգոստոս 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ե.  Ա.

Երեւոյթ բառը արդեօք ճիշդ ձեւով կ՛ընկալուի՞, թէ՞ օտար բառը` «ֆենոմէն»-ը աւելի ուժեղ կը հնչէ բնութագրելու համար Զիատ Ռահպանի անունով արուեստագէտը: Կը կարծեմ, որ «ֆենոմեն»-ը քիչ մը աւելի հնչեղ է:

Լիբանան եւ ընդհանրապէս արաբական արուեստի աշխարհը վերջերս կորսնցուց բացառիկ տղայ մը` Զիատը, որուն մասին կարելի է շատ բան ըսել եւ չսպառել: Սակայն քանի մը սեղմ նշում կը կարծեմ որ անհրաժեշտ է:

Նախ եւ առաջ` բազմատաղանդ Զիատը «պտուղ»-ն էր իր միջավայրին ու ժամանակին: Անմիջական միջավայրը ընտանիքն էր անշուշտ, արաբական երգարուեստի աշխարհին հանճարեղ արուեստագէտներ տուած Ռահպանի ընտանիքը` հայրն ու հօրեղբայրը` Ասին ու Մանսուրը, մայրը անկրկնելի Ֆէյրուզը, մօրաքոյրը` Հուտան, զարմիկները…

Իր ապրած կեանքը, արդարամիտ, տրամաբանական եւ իրապաշտ խօսքերը այնքան պարզ, դիպուկ եւ տեղին էին, որ կը ներգրաւէին զինք ունկնդրողն ու լսողը: Աւելցնեմ նաեւ… դիտողը:

Այո՛, ե՛ւ ունկդրող ե՛ւ լսող, որովհետեւ միայն երաժիշտ-յօրինող, բեմադրիչ-դերասան չէր, այլ նաեւ բացառիկ բանախօս-մենախօս եւ դեռ` քաղաքական վերլուծող:

Ընդհանրապէս արաբական (անշուշտ նաեւ արեւմտեան) թեթեւ երաժշտութենէն հեռու մնացած եմ: «Թեթեւ»-ով` խօսքս աժան, փողոցային,  գերարդիական «քարաոքէ», «տընկըր-մընկըր», կիսատ-պռատ երաժշտութեան մասին է, ուր ելեկտրոնային երգեհոնն ու գերարդիական հարուածային գործիքները կը տիրապետեն բեմահարթակ բարձրացած երգիչ-երգչուհիին կողքին, իսկ անոնց կոկորդէն արձակուած ձայնէն աւելի կարեւոր է հագուածքն ու դէմքը օծած, այլափոխած ու իբր թէ գեղեկացնող բաղադրիչները: Այս տեսակի արուեստագէտներէն է, որ հեռու մնացած եմ:

Աւելի չմանրամասնեմ եւ «սեւ ցանկ»-իս (ներառեալ` հայերէն երգողներ) անունները չմատնանշեմ: Արդ, երբ գրեթէ քառորդ դար մը ծննդավայրէդ` Լիբանանէն դուրս կ՛ապրիս եւ կը շարունակես ըմբոշխնել աննման Զիատը, ուրեմն բան մը կայ տարբեր, եզակի եւ իւրայատուկ:

Յատկապէս երբ գիշերուան ուշ ժամերուն, կամ աւելի ճիշդը` առաւօտեան վաղ ժամերուն բաւական երկար ճամբայ պիտի քշես, որպէսզի գործէն տուն հասնիս, Զիատը եւ սխրագործութիւնները մտիկ ընելը լաւագոյն լուծոււմն էր ո՛չ միայն արթուն մնալու, այլ ժպտելու, հոգեկան գոհացում ապրելու եւ պարզապէս ըմ-բոշխ-նե-լու:

Գլուխ գործոց մըն է 1977-ին պատրաստուած «Պիլ աֆրահ»-ը, որ գրեթէ 40 վայրկեան տեւողութիւն ունի: Հազիւ 21 գարուններ բոլորած Զիատ Ռահպանի այս գործիքային ձայնապնակը լոյս ընծայած է` տասը կտորներ նուագելով իր խումբին հետ, առանց ընդհատումի, պարզապէս հատուածներու փոխանցման կամրջում մը կատարելով: Իսկ ինչպէ՞ս մոռնալ արաբական եւ արեւմտեան գործիքներու օգտագործումով անոր այնքա՜ն յաջող յօրինումները, մշակումները` միաձուլումները:

Ահաւասիկ ճիշդ ընկերակից մը` այդ ուշ ժամերուն, երբ յոգնած, տրտմած եւ քիչ մըն ալ ընկճուած առանձին կը քշես: Գործերը այնքան լաւ ձեւով պատրաստուած եւ ուսումնասիրուած են, ուր իսկական արաբական ժողովրդական երաժշտութիւնն ու հպանցիկ ճազը միաձուլուելով` ստեղծած են բարձր մակարդակի այնպիսի հնչում մը, որ կրնայ աշխարհի չորս ծագերէն ոեւէ ունկնդիր ամենայն գոհունակութեամբ ներգրաւել, թելադրել, որ կրկին ու կրկին լսէ իրարու հետ զրոյցի ելած ուտը, քանոնը, ջութակը, թաւ ջութակը, սրինգը, տարպուքան (արաբական ձեռնաթմբուկ), թմբկիկն (tambourine) ու աննման ձեռնադաշնակը (accordion): Իսկ նուագարաններու զրոյցը մերթ ընդ մերթ կ՛ընդմիջուի ծիծաղ եւ զուարթախոհութիւն ներմուծող բացագանչութիւններով եւ երգանման միջամտութիւններով` գործին տալով ժողովրդային, բայց ո՛չ-գռեհիկ կնիք մը:

Անընդհատ հնչող, հարուստ «Պիլ աֆրահ»-ին գագաթնակէտը նախավերջին գործն էր, որ զիս մինչեւ օրս կ՛ապշեցնէ: Անիկա մեր ականջին ծանօթ հնչող «Շիրակի պար»-ն (1) է: Ոչ ոք կրնայ մրցիլ Զիատին կատարած մշակումին հետ: Այնքան հարուստ, ստեղծագործական եւ խանդավառող ներկայացում մը, որ մէկդի կը շպրտէ ռապիզական, բառին բուն իմաստով փողոցային կատարումները: «Շիրակի պար»-ին այնքան հմտօրէն կը յաջորդէ այս անգամ իր մօր` Ֆէյրուզի երգին` «Զուրունի»-ին (2, յօրինում` եգիպտացի Սայէտ Տարուիշի) գործիքային տարբերակը, նոյնքան հմայիչ եւ դիւթիչ:

Տակաւին աւելի տարօրինակ վայրկեաններ կ՛ապրէի, երբ խտասալիկի վրայ կ՛ըմբոշխնէի Զիատին նուգախառն եւ երգախառն թատերական գործերը: Շարքը երկար է: «Նազլ ըլ սրուր», «Շի ֆաշըլ»… եւ անշուշտ «Ֆիլմ ամերիքի թաուիլ»: Այս վերջինը` «ամերիկեան երկար ժապաւէն»-ը, յար եւ նման էր այդ օրերուն ցուցադրուող Միլոշ Ֆորմանի «One Flew over the cuckoo՛s nest» ժապաւէնին, որուն լիբանանեան տարբերակն էր, որ կը ներկայացուէր: Տեղացի դերասաններ նոյնքան տպաւորիչ էին, որքան` Ֆորմանի ժապաւէնին հերոս Ճեք Նիքըլսընը: Աւելի՛ն. հայ տիպար մըն ալ յաւելեալ համեմ կը բերէր արդէն իսկ «համեղ» գործին: Է՜հ, ինչպէ՞ս կարելի էր քուն մտնել, երբ այդ գործին մէջ ան իմաստուն խօսքերով երգ մը կը մրթմրթար «Գնա՛, քնացի՛ր եւ երազէ՛, որ մեր երկիրը իսկապէս եղաւ իսկական երկիր մը»… Այսպէս, մենք` հայերս ալ հիմա նման երազներու կը հրաւիրուինք` ի տես Հայաստանի «լաւ երկիր» դառնալուն:

Ուրի՞շ մը: Կը պատահէր, որ փոխադրակառքով մը Պոսթընէն ճամբորդէի դէպի 24 ժամ մշտարթուն Նիւ Եորք: Թաննուրինէն (վա՞ր, թէ՞ վեր) եւ Համլայայէն հազարաւոր մղոն հեռու, երբ դիտէի շրջապատս, անմիջապէս միտքս կու գար զուարթախոհ, երգիծող եւ քիչ մըն ալ հեգնող Զիատին հռչակաւոր «Ալ պոսթա»-ն (3): Բնականաբար ան յաւելեալ ճազային կշռոյթով պիտի ներկայացնէր իր պայուսակներէն շատ աւելի նիհարակազմ եւ գաճաճ ծայրագոյն արեւելքցի բնակիչ մը` իր մեծաթիւ հարազատներով, որոնք նոյնքան ծանր ճամպրուկներու ետին պահուըտած` կրնային շփոթի մատնել տոմսերը ստուգող պաշտօնեան: Կամ` կեդրոնական ամերիկացի երիտասարդ կին մը` քանի մը անչափահաս մանուկներով, որոնց հայրը բանաւոր, թէ ոչ բանաւոր պատճառներով հեռու էր իր հարազատներէն: Կամ ` համակրելի թուխ երիտասարդ փողահար մը, որ եկած էր քանի մը ժամ Մանհաթընի փողոցներուն մէջ հնչեցնելու իր սաքսոֆոնը, եւ վաստկելու կոկիկ գումար մը: Ահաւասիկ Զիատի նախասիրած` ամերիկացի հանրահռչակ փողահար Տիզի Կիլեսփիի (Dizzy Gillespie) մէկ գործին` «Swing Low, Sweet Cadillac»-ին (4) յար եւ նման բեմագրութիւն մը:

Բայց յիշեցէ՛ք. որքա՜ն գեղեցիկ կը հնչէ «Ալ պոսթա»-ին մէջ Զիատին նկարագրած ճամբորդի մը տգեղ կողակիցը… եւ դեռ ու դեռ:

Թէեւ Զիատ պիտի յիշուի իր խայթող ու երգիծողի գիծերով, սակայն կարելի չէ մոռնալ, որ ան ունի յուզական եւ լուրջ գործեր, որոնք արդէն դասական են, դասական էին ստեղծագործման օրերուն իսկ: Եւ պատահական չէ, որ հռչակաւոր Ֆէյրուզը եղաւ անոր ստեղծագործութիւններուն լաւագոյն մեկնաբաններէն մէկը: Ի շարս այլ բաներու` ան երիտասարդական ու երիտասարդութեան մէկ ՁԱՅՆն էր, որ կը խօսէր երիտասարդներուն, ներգրաւած էր երիտասարդները, նաեւ… տարեց երիտասարդները: Այդպէս ալ պիտի մնայ արուեստի աշխարհին մէջ:

Նիւթն ու հռչակը երբեք կարեւորութիւն չունէին Զիատին համար: Դէմ էր շահագործման եւ օգտագործման: Արդեօք այդ պատճառո՞վ մերժեց լեարդի փոխպատուաստման ենթարկուիլ, թէ զզուած ու անյոյս` աշխարհէն, ուզեց հրաժեշտ տալ եւ մեկնիլ…

Է՜հ… քառորդ դար հեռու ինկած եմ Համրայէն, այդտեղի երբեմնի թատրոններէն եւ «ճազ քլապ»-ներէն եւ դեռ Զիատ կը մնայ եզակի երեւոյթ մը` «ֆենոմեն» մը:

1/ https://www.youtube.com/watch?v=NZVImiJ83Kk

2/ https://www.youtube.com/watch?v=IpXfuMg7upM

3/ https://www.youtube.com/watch?v=tR0w6BPDiuU

4/ https://www.youtube.com/watch?v=RkhX-A9LwTo

Պոսթըն – Մասաչուսէց

Նախորդը

«Լիբանանեան Ճակատ»

Յաջորդը

Պաղ Թանը Փչելո՞վ Կը Խմեն…

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?